50 Տարի Առաջ (10 Հոկտեմբեր 1964)

Խմբագրական

Յաղթանակ

(Սուրէն Խանամիրեան Քոլեճի Բացման Առիթով)

Յաղթանակ մը եւս` մեր կեանքին մէջ:

Յաղթանակ ամէն տեսակի դժուարութիւններուն, որոնք մեր կեանքը արիւնեցին անցնող տասնամեակներու ընթացքին, որոնք սակայն յաղթահարուեցան անընկճելի կամքովը ժողովուրդի մը, որ հոգեկան բարձր արժանիքներու պահպանման մէջ կը տեսնէր իր ապագան, իր փրկութիւնը:

Խրախուսիչ երեւոյթ` Սուրէն Խանամիրեան քոլեճի պաշտօնական բացումը, մանաւանդ այս օրերուն, երբ կրթական գործը գաղութը տագնապեցնող գլխաւոր հարցը դարձած է` թէ՛ իբրեւ նիւթական կարելիութիւն, եւ թէ, մանաւանդ, ուսման մակարդակ եւ մանկավարժական դրութիւն:

Լիբանանի հայութիւնը վարժարանային արդիական եւ ընդարձակ ցանցով մը օժտելու` Ազգային իշխանութեանց հիմնական ծրագիրին պսակումը կը հանդիսանայ Սուրէն Խանամիրեան քոլեճը, որ իրականութիւն դարձաւ շնորհիւ ազնուասիրտ հայորդիի մը իշխանական նուիրատուութեան, որուն ետին կը գտնենք վկայութիւնը կրթական մեր մտահոգութիւնները ապրող խոր գիտակցութեան մը:

Մօտ երկու տարի առաջ, երբ ընդառաջ երթալով Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Խորէն արք.ի (այժմ վեհափառ հայրապետը Կիլիկեան Աթոռին) փափաքին, Սուրէն Խանամիրեան յանձն կ՛առնէր նիւթական մեծ զոհողութիւններով ազգային քոլեճի հոյակերտ շէնք մը բարձրացնել, իր անունը ոսկի տառերով արձանագրած կ՛ըլլար լիբանանահայ գաղութի տարեգրութեան մէջ` արժանանալով հայ ժողովուրդի անսահման սիրոյն եւ երախտագիտական զգացումներուն:

Վաղը պաշտօնական բացումի արարողութեան առիթով, այդ խոստումին իրականացումը, կրթանպաստ այդ վսեմ կեցուածքին շօշափելի իրագործումը պիտի տեսնենք այն շէնքին մէջ, որ անցնող մէկ տարուան ընթացքին քար առ քար բարձրացաւ, իբրեւ նուիրական շաղախ ունենալով Մեսրոպեան շունչը եւ հայ լեզուի ու մշակոյթի պաշտամունքը:

Կը մնայ հոգեկան բովանդակութիւն տալ այդ շէնքին, զայն դարձնել միաժամանակ հայեցի դաստիարակութեան ու նաեւ արդի կեանքի պահանջներուն համապատասխանող կրթական օճախ մը, որ առաւելագոյն չափով կարողութիւնն ունենայ ծառայելու այդ երկու նպատակներուն:

Զոհողութեան աստիճանաչափը ազնիւ բարերարը հաստատեց իր սրտաբուխ նուիրատուութեամբ: Ոչ ոք պիտի ուզէ ետ մնալ այդ չափանիշէն, մանաւանդ անոնք, որոնք զոհողութեան անկրկնելի փաստեր տուած են կրթական գործի մէջ: Մեր խօսքը կը վերաբերի հայ ուսուցիչներուն, որոնք տասնամեակներ ամբողջ ամէնէն աննպաստ պայմաններուն մէջ, աչքի լոյս ու հոգիի կրակ սպառեցին, ջերմութիւն եւ լոյս տալու համար իրենց խնամքին յանձնուած նորահաս սերունդներուն:

Այժմ, երբ գրեթէ անհրաժեշտ պայմանները լրացած են կրթական գործը դնելու համար ամուր հիմերու վրայ, երբ մանաւանդ պատրաստուած եւ բարձր զարգացումի տէր ուսուցիչներու հոյլը օրէ օր կը բազմանայ, պատասխանատու մարմիններուն կը մնայ գործնական հետեւութիւններ հանել այն նպաստաւոր տրամադրութիւններէն, որոնք հայ ժողովուրդին մէջ ստեղծուած են հանդէպ հայ դպրոցին:

Այս ուղղութեամբ, հիմնականը կազմակերպուած եւ ծրագրուած աշխատանքն է: Առանց ատոր, շատ մը ազնիւ ճիգեր կ՛ըլլան ապարդիւն: Գնահատելի աշխատանքներ կը մնան անպտուղ, պատճառելով ժամանակի եւ ուժի վատնում:

Սուրէն Խանամիրեան քոլեճը եւ անոր հետ զուգընթաց` Պուրճ Համուտի մէջ շուտով բացուելիք Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը հազուագիւտ առիթներ են` խրախոյսի եւ սրտապնդումի, նոր թափ տալու համար կրթական գործի մը, որ այսօր դարձած է ազգային մեր կեանքին առանցքը, բոլոր մտածումներուն եւ մտահոգութիւններուն կեդրոնական նիւթը:

Ուրախութեամբ կ՛ողջունենք Սուրէն Խանամիրեան քոլեճի բացումը, այն խոր վստահութեամբ, որ իր Խնամակալ մարմինով, տնօրէնութեամբ եւ ուսուցչական կազմով, անիկա լաւագոյնս պիտի ծառայէ իր նուիրական առաքելութեան, շնորհիւ մանաւանդ այն բարձր հոգածութեան, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ հայրապետը եւ Լիբանանի Հայոց առաջնորդը կը տածեն ընդհանրապէս կրթական գործին ու մասնաւորաբար այս հաստատութեան հանդէպ:

Խորապէս համոզուած ենք, որ Սուրէն Խանամիրեան քոլեճը հպարտութեան եւ հոգեկան գոհունակութեան բազմաթիւ առիթներ պիտի տայ երիտասարդ բարերարին:

 

Share this Article
CATEGORIES