Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Մի՛ տարուիք ձեր լսածներէն, որոնք սխալ տեղեկութիւններ կրնան ըլլալ: Շարունակեցէք ձեր աշխատանքները` առանց կարեւորութիւն տալու ուրիշին:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Մնացէք շրջահայեաց, որպէսզի կարենաք լրջութեամբ մօտենալ օրուան հարցերը լուծելու, առանց ուրիշներու միջամտութեան: Օրը ձեռնտու է:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Նոր աշխատանք մը ստանձնելու ձեր երկմտութիւնը պիտի փարատի, որովհետեւ ունիք հիմնական տեղեկութիւններ, որոնք ձեզ արթուն կը պահեն:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Նոր աշխատանք մը պիտի ստանձնէք եւ պիտի կարենաք ձեր նիւթական վիճակը ապահովել լաւագոյն շահով: Ականջ մի՛ կախէք ըսի-ըսաւներու:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Պիտի ստանաք հրաւէր մը` մասնակցելու ձեր ասպարէզին վերաբերեալ խորհրդակցութեան մը, որուն ընթացքին նկատի պիտի առնուի ձեր կարծիքը:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Դրամական հարցեր ունիք լուծելու, հետեւաբար ուշադիր եղէք, որպէսզի կարենաք հարցը լուծել դրամատնային ճամբով: Պիտի յաջողիք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Բարեկամներու միջեւ պատահած անհասկացողութիւն մը պիտի գրաւէ ձեր աշխատանքի ժամերը: Մի՛ հետաքրքրուիք ինչո՞ւ կամ ինչպէ՞ս հարցումներով:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Տօնական մթնոլորտ մը պիտի տիրէ ձեր շուրջը: Բարեկամներ պիտի գան ձեր մօտ` ձեր յաջողութիւնը շնորհաւորելու:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեռք երկարեցէք դժուարութեան մատնուած բարեկամի մը, որպէսզի ան կարենայ յաղթահարել իր դժուարութիւնները: Անտարբեր մնալը ապերախտութիւն է:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Առանձին որոշում մի՛ տաք, երբ հարցը կը վերաբերի նիւթական խնդիր մը լուծելու: Մարդը մարդով աւելի զօրաւոր կը զգայ ինքզինք: Հետեւեցէք այս ճշմարտութեան, որպէսզի ետքը չզղջաք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր իրագործած մէկ յաջողութեան համար պիտի լսէք շնորհաւորութիւններ: Բարոյական յաջողութեան պիտի միանայ նիւթական պարգեւ մը, որ նկատառելի է:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Մանկավարժութիւնը ձեր ասպարէզին կարեւոր մէկ արտայայտութիւնն է: Ձեզի կրնան դիմել այս ասպարէզով զբաղողներ: Դրական պատասխան տուէք:

