Տարբեր Դիտանկիւն Մը. Ինչպէ՞ս Կարելի Է Կանգնեցնել Ժամանակըլ
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ՀԱՒԱՆԱԿԱՆ Է, ՈՐ ԱՅՍ ԷՋԸ ԿԱՐԴԱԼԷ ԵՏՔ ՈՄԱՆՔ ՔԻՉ ՄԸ ԱՒԵԼԻ ԼԱՒ ՊԻՏԻ ԶԳԱՆ ԵՒ ՊԻՏԻ ԹՕԹԱՓԵՆ ԾՈՒԼՈՒԹԵԱՆ ԿԱՄ ԳՈՐԾԵՐԸ ՁԳՁԳԵԼՈՒ ՀԱԿԱՄԷՏՈՒԹԵԱՆ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՂ ՅԱՆՑԱՆՔԻ ԵՒ ԱՄՕԹԻ ԻՐԵՆՑ ԶԳԱՑՈՒՄՆԵՐԸ (ԵԹԷ ԱՆՇՈՒՇՏ ԿԸ ՏԱՌԱՊԻՆ ՆՄԱՆ «ԲԱՐԴՈՅԹՆԵՐԷ»): ԱՆՆԱ ՏԵԼԼԱ ՍԱՊԻՆ «ՏԸ ՆԻՒ ԵՈՐՔ ԹԱՅՄԶ» ԹԵՐԹԻՆ ՄԷՋ ՀԱՃԵԼԻ ՈՃՈՎ ԵՒ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄՆԵՐՈՎ ՎԵՐԱՏԵՍՈՒԹԵԱՆ Կ՛ԵՆԹԱՐԿԷ ԱՆՑԵԱԼ ԴԱՐՈՒՆ ԻԲՐԵՒ ՀՈԳԵԲԱՆԱԿԱՆ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆ ԱԽՏԱՃԱՆԱՉՈՒԱԾ ԵՒ ԱՅԺՄ ԻԲՐԵՒ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ «ՀԱՄԱՃԱՐԱԿ» ՏԱՐԱԾՈՒՈՂ «ՁԳՁԳԵԼՈՒ» ԵՐԵՒՈՅԹԸ:
Թէեւ անհաւանական է, սակայն եթէ օր մը պիտի մէկտեղուինք սուրբի մը դրoշին տակ, ապա հաւանաբար ան պիտի ըլլայ Ս. Էքսփետիթուսը: Առասպելին համաձայն, երբ հռոմէացի հարիւրապետը որոշած է քրիստոնեայ դառնալ, սատանան երեւցած է ագռաւի կերպարանքով եւ անոր գլխուն վերեւ դարձած է ճչալով` «քրաս, քրաս». լատիներէնով` «վաղը, վաղը»: Էքսփետիթուս յարձակած է թռչունին վրայ եւ յաղթական գոռացած է` «այսօ՛ր»: Էքսփետիթուս իր այս արարքին համար փրկութեան արժանացած է եւ այսօր կը պաշտուի իբրեւ «ձգձգողներու» պաշտպան սուրբը: Երբեմն կը հանդիպինք անոր գլխիվայր դարձած սրբապատկերներուն` աւազէ ժամացոյցի մը պէս, այն յոյսով, որ ան պիտի աճապարէ եւ պիտի օգնէ մեզ` աւարտելու մեր աշխատանքը, որպէսզի դարձեալ ուղիղ կանգնի: Պրազիլի մէջ գործ փնտռող եւ Նիւ Օրլիընզի մէջ համացանցի վրայ առեւտուր կատարող անձեր կը պաշտեն զայն ոչ միայն իր փութկոտութեան համար, այլ նաեւ` դրամական հարցեր լուծելու իր կարողութեան: Նոյնիսկ սուրբին նուիրուած աղօթագիրք մը գոյութիւն ունի Դիմատետրի վրայ:
Էքսփետիթուս նահատակուած է 303-ին, սակայն վերակենդանացած է Ճարտարարուեստի յեղափոխութեան ժամանակներուն, երբ աշխարհի կշռոյթը արագացած էր այնքան, որ շունչ առնելու առիթ չկար: Ծանօթ է վիճակը. այնպէս չէ՞: Այսօր, երբ մեր կեանքին կշռոյթը արագացած է եւ մեզի ներկայացուած պահանջները կը բազմապատկուին, ձգձգումը կը դառնայ այն դեւը, որուն դէմ մեզմէ շատեր կը պայքարին ամէն օր: Կը թուի, թէ Էքսփետիթուսի կարիքը ունինք որեւէ ժամանակէ աւելի:
Ձգձգելու Հրաշալի «Անտրամաբանութիւնը»
«Անկեղծօրէն` ձգձգելը համաճարակ մըն է», կը յայտարարէ Ճեֆրի Քոմպզ` հեղինակը «Տը փրոքրասթինէյշըն քիւր» (ձգձգելու դարմանը) գիրքին, որ միայն մէկն է հսկայական ճարտարարուեստ մը կազմող այն հրատարակութիւններէն, որոնք այս վիճակին դէմ պայքարելու միջոցներ կը յանձնարարեն: Ամերիկայի հոգեբանական ընկերակցութեան համաձայն, ամերիկացիներուն 20 առ հարիւրը կը տառապի «անբուժելի ձգձգումէ»: Վիճակագրութիւններ ցոյց կու տան, թէ Միացեալ Նահանգներ ամէն տարի թրիլիոնաւոր տոլարներ կը կորսնցնեն ձգձգող պաշտօնեաներու պատճառով:
«Տի Էքոնոմիսթ» թերթին մէջ վերջերս լոյս տեսած վիճակագրութիւն մը ի յայտ կը բերէր, որ մարդկութիւնը 140 միլիոն ժամ տրամադրած է` Եու Թիուպի վրայ 2 միլիառ անգամ դիտելով արդի պարի «կանկնամ ոճի» կատարումներ: Մարդկութիւնը նոյնքան ժամ տրամադրելով` կրնար կառուցել գէթ չորս այլ բուրգեր Կիզէի մէջ (կարծէք շատ կարիքը ունէինք անոնց): Անհամար յօդուածներ կը փորձեն պատասխան մը գտնել այն հարցին, թէ ինչո՞ւ կը ձգձգենք, ի՞նչ բան ծուռ է մեր ուղեղին մէջ, որ մեզ կը մղէ ձգձգելու, ինչպէ՞ս կարելի է յաղթահարել ձգձգելը, ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել անոր հրաշալի անտրամաբանութիւնը:
Սակայն եթէ ձգձգելը յայտնապէս այսքան ընդհանրացած ընկերային վիճակ մըն է, ապա ինչո՞ւ միշտ ալ կը ներկայացուի իբրեւ անձնական, անհատական թերութիւն մը: Ինչո՞ւ կ՛ենթադրենք, որ մեր սեփական տրամադրութիւնները եւ սովորութիւնները թերութիւն մը ունին եւ յանցաւոր կը զգանք, սակայն հարցականի տակ չենք առներ մեր մշակոյթին մէջ արդիւնաւէտութեան սրբացումը:
«Ձգձգելու» Խորհրդաժողովը
Նման հարցումներու դէմ յանդիման գտնուեցայ յուլիսին, երբ մասնակցեցայ ձգձգելու նուիրուած խորհրդաժողովի մը` Օքսֆորտ համալսարանին մէջ: Հոն մէկտեղուած էր փայլուն եւ այլազան ուղեղներէ բաղկացած բազմութիւն մը. ներկայ էին տնտեսագէտ մը, բանաստեղծութեան դասախօս մը, «խառնիճաղանճի կենսագիր» մը, արտասովոր բաներու տեսաբան մը, իրաքեան սրճարանի մշակոյթի մասնագէտ մը, բրիտանացի ձգձգող գեղանկարիչ Քիթ Վոնի մասին դոկտորայի իր աւարտաճառը պատրաստող ուսանող մը, մանկական գրականութիւն մշակող հեղինակ մը, որ ինքզինք իր գրասեղանին կը կապէր իր կօշիկին կապերով:
Գլխաւոր զեկուցաբերը` Թրէյսի Փոթց, բերած էր տուփ մը կրկնեփուկներ, զորս ձեւաւորած էր տխրահռչակ ձգձգող Վալթըր Պենիամինի դէմքին պատկերով: Գերմանացի փիլիսոփան ձգձգելով աշխատած է իր «Կամարներու ծրագիր»-ին վրայ. վիթխարի ինքնախորհրդածութիւն մը` Փարիզի պարզած քաղաքային պատկերին վերաբերեալ, ուր կը սիրէր թափառիլ ան: Պենիամին հռչակաւոր է նաեւ նացիական ներխուժումին ժամանակ թափառելով խոյս տալու իր պատմութեամբ, ինչ որ ճակատագրական անդրադարձ ունեցած է. ան անձնասպան եղած է` իր ետին ձգելով «Կամարներու ծրագիր»-ին անաւարտ ձեռագիրը, որ կ՛ապացուցէ, թէ ոչ մէկ ձգձգում անպատիժ կը մնայ:
Խորհրդաժողովին արդէն տաժանելի 9-րդ ժամն էր, երբ դասախօս մը այնպիսի մանրամասնութիւններով սկսաւ ներկայացնել իր նիւթը, որ մտածեցի, թէ արդեօք ինչ որ կը փորձէր ընել, ինքնին «ձգձգում» մը կամ այլ բանէ խուսափում մը չէ՞ր: Այս դիտանկիւնէն` ձգձգումը պարզապէս կը թուի ըլլալ գոյութիւն ունենալու պէս բան մը: Սակայն անմիջապէս կը սկսին յայտնուիլ անոր դէմ պայքարի գործիքները. յանցանքը, ինքնատեացութիւնը եւ մեղադրանքը:
Փոթց բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս ձգձգումը իբրեւ ախտագին վարուելակերպ հոգեբանութեան մաս կազմած է 20-րդ դարու կէսերուն: Բրիտանացի պատմաբան Քրիսթաֆըր Լէյն մեր ուշադրութիւնը հրաւիրեց Միացեալ Նահանգներու պատերազմի նախարարութեան կողմէ 1945-ին հրապարակուած մէկ յայտարարութեան վրայ, որ կարգի կը հրաւիրէր այն զինուորները, որոնք իրենց զինուորական ծառայութենէն կը խուսափէին` «դիմելով կրաւորական միջոցներու, ինչպէս` ինքնամփոփում, յամառութիւն, ձգձգում, ծուլութիւն եւ կրաւորական դիմադրութիւն»: 1952-ին, երբ Ամերիկայի հոգեբուժներու ընկերակցութիւնը հրատարակած է առաջին «Մտային խանգարումներու ախտաբանական եւ վիճակագրական ուղեցոյց»-ը, որ մինչեւ այսօր կը գործածուի իբրեւ սկզբնաղբիւր` մտային խանգարումներու ախտաբանութեան, վերոնշեալ մէջբերումը կատարած է զինուորական ջղագրգիռ յայտարարութենէ մը:
Արդի Ժամանակներու Երեւոյթ
Այսպէս, ձգձգելը դարձած է մտային հիւանդութեան ախտանշան: 1960-ական տարիներու կէսերուն բաւական սովորական ախտաճանաչում մըն էր անհատի մը «կրաւորական-յարձակողական» խանգարումը, եւ «ձգձգելը» մաս կը կազմէր ախտանշաններու ցանկի մը` իրերայաջորդ բազմաթիւ հրատարակութիւններու մէջ: «Խաղալով յամենալ» եզրը ցանկին վրայ աւելցած էր տարիներու յապաղումէ ետք:
Թէեւ այժմ անհատի մը «կրաւորական-յարձակողական» խանգարումի սահմանումը ջնջուած է վերոնշեալ ուղեցոյցին պաշտօնական մասէն, սակայն աշխատանքէ խուսափելու խարանը ներկայ է մինչեւ այսօր: Կը թուի, թէ մեզմէ շատեր կը փորձեն զինուորական ճշդապահութիւն մը պարտադրել իրենց մտաւորական, ստեղծագործական եւ քաղաքացիական կեանքին, սակայն յաճախ կը ձախողին: Նոյնիսկ խորհրդաժողովին մասնակցողները կ՛առաջարկէին ձգձգումը յաղթահարելու ռազմավարութիւններ, որոնք սարսափելի կերպով զինուորական էին: Տնտեսագէտը կ՛առաջարկէր «պատանդներ բռնել». այսինքն թանկագին բան մը գրաւի դնել` աշխատելու դէմ բուռն կերպով դիմադրող մեր սեփական տրամադրութիւնը ճզմելու համար: Մանկական գրականութիւն մշակող գրագէտը մեծ գումարներով չեքեր կը խոստանար քաղաքական այն կուսակցութիւններուն, զորս կ՛ատէր, եւ զանոնք կը վստահէր ազգականի մը, որպէսզի ուղարկէր, երբ չկարենար յարգել պայմանաժամ մը:
Այս բոլորը մտածել կու տան. արդեօք մենք մեզի կը պարտադրենք այնպիսի չափանիշներ, որոնք կը խենթացնե՞ն մեզ:
Թէեւ Էքսփետիթուսի խանգարիչ ագռաւը չի ծերանար, սակայն ձգձգումը իբրեւ համաճարակ եւ տեւաբար անոր ընկերակցող յանցանքի զգացումը արդի ժամանակներու բնորոշ երեւոյթներ են: 21-րդ դարու դրամատիրական աշխարհը ընդարձակումի իր անվերջ մղումով կը սրբացնէ տեւական արդիւնաբերութիւնը` դրամական աւելի առողջ վիճակի մը սիրոյն:
Հըրմըն Մելվիլ 1853-ին իր գրած մէկ կարճ պատմուածքին մէջ մեզի պարգեւած է Պարթլպիի տիպարը` կամակոր գրագիր մը, որ ծայր աստիճան կը սիրէ ձգձգել գործերը եւ իր մեծաւորին պահանջներուն կը հակադարձէ իր սրբազան նշանաբանով. «Կը նախընտրեմ չընել»: Երեւութապէս կատարեալ պաշտօնեայ մըն է ան: Երբեք դուրս չի գար իր գրասենեակէն եւ կը քնանայ գրասեղանին վրայ: Պարթըլպի կը խորհրդանշէ ամբողջական ըմբոստութիւն` ընդդէմ ընկերութեան ակնկալութիւններուն, որոնք պարտադրուած են իրեն: Ան քաղաքավար կերպով կը մերժէ դրամ ստանալ կամ հեռանալ իր գրասենեակէն, նոյնիսկ` գործէ վտարուելէ ետք: Պարթըլպի նոյնիսկ ապրեցաւ յետմահու արտասովոր կեանք մը, երբ 2012-ին հռչակուեցաւ «Օքիւփայ» շարժումին հերոսը: «Պարթըլպի գործէ արձակուած առաջին պաշտօնեան էր, որ գրաւեց Ուոլ Սթրիթը», կը նշէր Ճոնաթըն Կրինպըրկ «Տի Աթլանթիք» թերթին մէջ: Պարթըլպիի անդորրութիւնը եւ տիրող վիճակին չենթարկուելու բացարձակ չկամութիւնը անոր զայրացած մեծաւորին մտածել տուած են, թէ արդեօք ի՞նք էր խելագարը:
«Ծուլութիւն` Արգասաբեր Հովիտին Մէջ»
Ձգձգելու նուիրուած խորհրդաժողովէն մէկ ամիս առաջ ես ինծի պարտականութիւն տուած էի կարդալ «Օպլոմով»-ը. Իւան Կոնչարովի 19-րդ դարու ռուսական վէպը` ձգձգելու գերագոյն մարմնացումը ներկայացնող տիպարի մը մասին, որ 500 էջերու մէջ գրեթէ չի շարժիր իր անկողինին մէջ եւ վերջաւորութեան դուրս կու գայ` պարզապէս նստարանին վրայ ընկողմանելու համար: Չէի կրնար մէկ նստելով երկու էջէն աւելի կարդալ` առանց գիրքը վար դնելու եւ թափառելու` ուրիշ բան մը ընելու համար: Գիրքը հետս կը տանէի ամէն տեղ. կը նմանէր խարիսխի մը` խոր եւ հրաշալի քունի ծովու մը մէջ:
Օպլոմով քանի մը գործեր կը կատարէր իր վերմակին վրայ. նամակներ կը գրէր, այցելուներ կ՛ընդունէր: Իսկ եթէ այ Ֆոն մը կամ գիրկի համակարգիչ մը ունենա՞ր: Այս օրերուն անկողինէն դուրս չգալը ձգձգելու պատրուակ չէ, ոչ ալ փախուստ` անոր ընկերակցող յանցանքի զգացումէն: Ընկերային կամ հոգեբանական այն ձայնը, որ մեզ կը մղէ ծուլութիւնը յաղթահարելու եւ բարձրանալու դէպի արդիւնաբերութեան առաքինի բարձունքները, վերածուած է տեսակ մը ճիչի, մինչ հետզհետէ աւելի մեծ թիւով անձեր իրենց տան մէջ կ՛աշխատին եւ կ՛որոշեն աշխատանքի իրենց սեփական ժամանակացոյցը, եւ մինչ աշխատանքի մեր գործիքները կը վերածուին մեր ուշադրութիւնը ցրուող ահազանգերու: Այժմ կրնանք պարտականութիւններ կատարել գրեթէ ամէն վայրկեան, նոյնիսկ երբ կը նախընտրենք չկատարել:
Այսուհանդերձ, մարդիկ երբեք պիտի չդադրին ձգձգելէ: Լաւ է յիշել, թէ «վաղը կ՛ընեմ» ցանկութեան ընկերակցող յանցանքի եւ ամօթի զգացումները միշտ չէ, որ անխուսափելի են: Ֆրանսացի փիլիսոփայ Միշել Ֆուքօ մտային հիւանդութեան մասին գրելով` ըսած է, թէ անիկա իրականութիւն է «միայն այն մշակոյթին մէջ, որ հիւանդութիւն կը նկատէ զայն»: Հետեւաբար, ինչո՞ւ կարելի չէ ձգձգումը չնկատել իբրեւ թերութիւն, հիւանդութիւն կամ մեղք եւ զայն ընդունիլ իբրեւ դիմադրութիւն` ընդդէմ մեզմէ աւելի հզօր ուժերու կողմէ պարտադրուած ժամանակի եւ արդիւնաբերութեան կաշկանդումներուն: Սկսելու համար` Էքսփետիթուսը պէտք է փոխարինել նոր սուրբով մը:
Խորհրդաժողովին հրաւիրուած էի խօսելու Եգիպտոս ծնած վիպագիր Ալպեր Քոսրիի մասին, որ ծուլութեան ճշմարիտ կերպար մըն է: 1940-ական տարիներու կէսերուն ան ֆրանսերէնով գրած է «Ծուլութիւն` արգասաբեր հովիտին մէջ» վերնագիրով վէպ մը Նեղոսի եռանկիւնին մէջ ապրող ընտանիքի մը մասին, որ կը քնանայ ամբողջ օրը: Այս ընտանիքին քնատութիւնը ձեւով մը բողոք է աշխարհի մը դէմ, որուն ժամացոյցը տեւաբար կը լարուի իշխող բռնատէրերուն կողմէ: Քոսրի ծնած է 1913-ին, Գահիրէ, հասակ նետած է այնպիսի միջավայրի մը մէջ, որ կը կրէր ժամանակի վերաբերեալ արեւմտեան մօտեցումներուն մշակութային յիշողութիւնը. ժամանակին` օտար գաղափար մը, զոր բերած էին բրիտանական ուժերը` 19-րդ դարու վերջերուն: Եգիպտոսը շահաբեր գաղութավայրի վերածելու համար նախ պէտք էր հաստատել արդիւնաւէտ ժամանակացոյց: Բրիտանացիք իսլամական լուսնային օրացոյցը փոխարինած էին Գրիգորեան օրացոյցով, սկսած էին քարոզել ճշդապահութեան արժէքները եւ տարածել այն հաւատքը, թէ ժամանակը դրամ է:
Հաստատ մնալով իր այն գաղափարին վրայ, թէ ժամանակը բնական կամ ապաքաղաքական բան մը չէ, ինչպէս կը կարծենք, Քոսրի իր կեանքին եւ գրութիւններուն մէջ ձգտած է մերժել նոյնինքն այն համակարգը, ուր ձգձգելը որեւէ իմաստ պիտի ունենար: Մինչեւ 2008-ին իր մահը Փարիզի մէջ ապրած այս վիպագիրը կը կիրարկէր ծուլութեան խիստ ժամանակացոյց մը: Ուշ կը քնանար, կէսօրէ ետք կ՛արթննար` քալելով երթալու համար Քաֆէ տը ֆլոր, եւ երեւակայական պատմութիւններ կը գրէր միայն այն ատեն, երբ մղումը զգար: «Այնքան շատ գեղեցկութիւն կայ աշխարհի մէջ, եւ այնքան քիչ են այն աչքերը, որոնք կը տեսնեն զայն», պիտի ըսէր Քոսրի: Ան չաշխատող մարդու նախատիպարն էր` Վոլթըր Պենիամինի եւ Շարլ Պոտլերի հետեւողութեամբ, որոնց տողերը կը գողնար պատանեկութեան տարիներուն եւ կը կցէր իր սեփական բանաստեղծութիւններուն: Փոխանակ առաւօտ կանուխէն գործի լծուելու եւ ամբողջ օրը դէպի ապագայի դռները արշաւելու` ան իրեն յատուկ ձեւով թառած էր դիրքի մը վրայ` դիտելու համար աշխարհը, խորհրդածելու եւ հարց տալու, թէ արդեօք անիկա իրապէս կարիքը ունի՞ այն բոլոր բաներուն, զորս իրագործելու կարիքը կը զգանք, ինչպէս` կառուցել Կիզէի բուրգերը: Եւ ծուլութիւնն է, որ Քոսրին մղած է դէպի ճշմարիտ ստեղծագործականութիւն` վարպետօրէն ոչ բեղուն արգասիքով, ինչպէս պիտի համարձակէի ըսել:
Զեկոյցս ներկայացնելէ ետք մէկը մօտեցաւ ինծի եւ հարցուց, թէ իմ կարծիքովս որքա՞ն պէտք էր ըլլար իտէալ մրափի մը ժամանակը: Սուրբ Քոսրի կը ժպտէր: Գէթ փոքր ճակատամարտ մը յաղթած էր:

