Փորձագէտներ Հրապարակած Են Հայոց Ցեղասպանութեան Հատուցումներու Մասին Զեկոյցը
Հայոց ցեղասպանութեան հատուցման համար ուսումնասիրութիւններ կատարող խումբը աւարտած է «Արդարութեան հաստատում. Հայոց ցեղասպանութեան հատուցում» զեկուցագիրը:
Զեկոյցը կ՛ընդգրկէ 1915-1923 Հայոց ցեղասպանութեան հատուցման հարցի իրաւական, պատմական եւ քաղաքական վերլուծութեան բազմակողմ երեսները:
Հետազօտական խումբը կը գործէ 2007 թուականէն ի վեր, վնասի փոխհատուցման տեսական եւ գործնական ոլորտներուն մէջ մասնագիտացած չորս փորձագէտներու կողմէ: Անոնց առաքելութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան հատուցման հարցի առաջին համակողմանի ու խոր վերլուծութիւնը կատարելն է: Խումբի անդամ փորձագէտներն են` Ալֆրետ տը Զայասը, Ճըրմէյն Մաքալթինը, Արա Պապեանը եւ Հանրի Թերիոն:
Զեկոյցը կարդալ հոս