Հողամաս Ծախելու Հնարք. «Հայկական Գիւղի Մէջ Ծախու Հողամասեր»

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

«Սապահ»-ի մէջ Մեսուտ Ալթունի ստորագրութեամբ հրատարակուած է լուր մը, ըստ որուն` կալուածներու ընկերութիւն մը ծախու հանած է կարգ մը հողամասեր Պուրսայի Կեմլիք գաւառակի Կիւվենլի գիւղին մօտերը գտնուող Քարսաք գիւղին մէջ, բայց այս վաճառքը յայտարարած է` ծանուցելով, որ` «ծախու են հայկական գիւղի մէջ հողամասեր»: Ընկերութիւնը այս միջոցին դիմած է հայերէ մնացած գանձ փնտռողները հմայելու խորամանկութեամբ: Գարսաք գիւղը 700 տարուան հնութիւն ունի եւ ճիշդ է, որ ատենօք հոն ապրած են նաեւ հայեր, բայց վաճառքի հանուած հողամասերը, ըստ շատերու պնդումին, բնաւ կապ չունին հայերու հետ:

Ընկերութիւնը այստեղ 4 տարբեր ծանուցումներ հրատարակած է 30 արտավար հողամասի համար:

Այժմ այս տարածաշրջանի վրայ հողամասերու արժէքը յանկարծ եռապատկուած է, բայց ծանուցումը յոռի տպաւորութիւն գործած է մասնաւորաբար տեղացիներուն վրայ, որովհետեւ լուրը արձագանգ գտած է նաեւ կարգ մը հայկական թերթերու մէջ: Օրինակ, ֆրանսերէն հրատարակուող «Արմ-Նիուս» գործակալութիւնը հրատարակած է, որ` «Թուրքիոյ մէջ հայկական գիւղ մը կը վաճառուի»: Լուրը արձագանգ գտած է նաեւ համացանցի հայկական կայքէջերու վրայ, եւ այս պարագան բարոյական անհանգստութիւն պատճառած է տեղացիներուն:

Ընկերութեան ներկայացուցիչը իրենց հրատարակած ծանուցումը պաշտպանած է` ըսելով, որ երբ իրենք գնեցին այս հողամասը, իրենց ըսուած էր, որ հոն ատենօք, հայեր կ՛ապրէին, իրենք ալ ասկէ ճամբայ ելլելով է, որ հրատարակեցին նմանօրինակ ծանուցում մը: Հիմա կրնան ջնջել այդ ծանուցումը: Հողամասերը տակաւին չեն վաճառուած, բայց եկող-գացողները շատ են: Իսկ գիւղացիները ատենօք 2000-ի ծախուած հողամասերուն համար հիմա տասնապատիկ գին կը պահանջեն:

Կիւվենլի գիւղի գիւղապետ Հասան Էլպիւքեն ըսաւ. «Մեր գիւղը հայկական գիւղ չէ: Նախկին անունը Ասայիշ էր: Փոխանակումէն ետք Պալքաններէն եկող թուրքերուն բնակութեամբ ծնունդ առած գիւղ մըն է: Իսկ հայերը ապրած էին հոնկէ 3 քիլոմեթր անդին գտնուող Քարսաք գիւղին մէջ:

Իսկ Քարսաք գիւղի բնակիչներէն 80-ամեայ Մուճահիտ Իւնվեր ըսած է, որ ասիկա 1300-ական թուականներուն հիմնուած գիւղ մըն է: Թուրքերն ու հայերը միասնաբար ապրեր են հոս: Կարելի չէ ըսել, որ ամբողջովին հայկական գիւղ մըն է, որովհետեւ գիւղին կեդրոնական մասին մէջ հարիւրաւոր տարիներէ ի վեր թուրքեր ալ կ՛ապրին: Մեր պապերը հայերուն դրացի եղեր են: Տակաւին անոնցմէ մնացած քանի մը շէնքեր կան, բայց մեծ մասը փլատակ վիճակի մէջ է: Միայն մէկ շէնք կար, ուր մինչեւ վերջերս ընտանիք մը կը բնակէր, բայց ան ալ պարպուեցաւ, որովհետեւ փլուզումի վտանգ կար: Մօտ ատենէն ան ալ կը փլցուի: Ընկերութիւնը ուշադրութիւն հրաւիրելու նպատակով է, որ «հայկական գիւղ» ըսելով ծանուցեր է:

Share this Article
CATEGORIES