Փենթակոն. «Օդային Հարուածները Բաւարար Չեն Արաբունարը Փրկելու Համար». «Արաբունարի Փրկութիւնը Ուաշինկթընի Համար Ռազմավարական Նպատակ Մը Չէ» Կ՛ըսէ Քերրի
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Ուաշինկթընի եւ անոր դաշնակիցներուն օդային հարուածները բաւարար չեն Սուրիոյ Արաբունար (Այն Արապ-Քուպանի) քաղաքը փրկելու համար:
Փենթակոնի բանբեր Ճոն Քըրպի յայտնեց, որ «Օդային հարուածները առանձին պիտի չփրկեն Արաբունարը… կարող բանակներ` սուրիական չափաւորական ընդդիմութիւնը կամ իրաքեան բանակը պէտք է ըլլան»` պարտութեան մատնելու համար ՏԱՀԵՇ-ը:
«Սակայն ներկայիս Սուրիոյ մէջ գետնի վրայ կամաւոր, կարող եւ ազդու գործընկեր մը չունինք. այդ է ճշմարտութիւնը», ըսաւ Քըրպի:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի իր կարգին յայտնեց, որ Արաբունարի փրկութիւնը Ուաշինկթընի համար ռազմավարական նպատակ մը չէ` աւելցնելով, որ օդային հարուածներուն հիմնական թիրախները ՏԱՀԵՇ-ի ղեկավարման կեդրոններն ու ենթակառոյցներն են:
Միւս կողմէ, երեք շաբաթ տեւողութեամբ բախումներէ ետք ՏԱՀԵՇ կը շարունակէ յարձակումը Արաբունարի դէմ, ուր ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները հարաւարեւմտեան կողմէն շուրջ 50 մեթր մուտք գործած են քաղաք, սակայն քիւրտ զինեալները բուռն դիմադրութիւն կը ցուցաբերեն, հակառակ անոր որ ՏԱՀԵՇ ծանր հրետանիով կը ռմբակոծէ քաղաքը:
«Մայատին» կը հաղորդէ, որ ՏԱՀԵՇ յաւելեալ զինեալներ ու ծանր զէնքեր բերած է շրջան` քրտական պաշտպանութեան գիծը ճեղքելով քաղաքի կեդրոն հասնելու համար, իսկ քիւրտերը կ՛ըսեն, որ կը պատրաստուին յառաջիկայ ժամերուն բուռն մարտեր մղելու:
Կը հաղորդուի, որ ՏԱՀԵՇ գրաւած է քաղաքին մէկ երրորդը:

