Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ նախարար Էլիաս Ապու Սաապ հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն մէջ պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ ոչ լիբանանցի աշակերտները պետական դպրոցներու երկրորդական կարգերուն մէջ պիտի ընդունուին:
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի հրահանգով Ռաս Պաալպեքի
մէջ դեղարան մը փակուեցաւ եւ անոր աշխատանքի արտօնագիրը գրաւուեցաւ` ապօրինի գործունէութեան պատճառով:
ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ատեանի դատախազ Ռիատ Ապու Ղայտա Օմար Պաքրի Ֆըսթոքի դէմ 15 տարուան բանտարկութեան վճիռ մը առաջարկեց` պետութեան դէմ չարիքի որջ մը հիմնելու յանցանքին համար:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի շեշտեց, որ նախագահական ընտրութիւն կատարելու եւ կամ հանրապետութեան նախագահի մը շուրջ համախոհութիւն գոյացնելու առումով ոչ մէկ յոյս կայ:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ զանազան կուսակցութեանց պատասխանատուներուն յայտնեց, որ եթէ իրենց վրայ Շեպաայի ճակատամարտը պարտադրուի, ապա իրենք պիտի մասնակցին այդ ճակատամարտին:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Ժիպէյլի առաջնորդ Միշել Աուն եպիսկոպոս շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը երկրին պետութեան երաշխիքն է` աւելցնելով, որ պէտք է անպայման հզօրացնել այդ բանակը, որովհետեւ անիկա կազմուած է լիբանանեան ընկերութեան տարբեր շերտերէն:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժոզեֆ Մաալուֆ յայտնեց, որ իրենք մնայուն կերպով կը ջանան հանրապետութեան համախոհական նախագահ մը ընտրել` ընդգծելով, որ երկրին մէջ նախագահական ընտրութիւնը պէտք է անմիջապէս կատարուի:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆուատ Սաատ ընդգծեց, որ Հըզպալլայի կողմէ լիբանանեան ազգային միասնականութենէն դուրս գալու քայլը հարուածած է երկրին չափաւորականութիւնը:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ռամզի Ժրէյժ շեշտեց, որ առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու բանակցութիւնները խոչընդոտներու ենթարկուած են, սակայն կարելի եղած է վերսկսիլ այդ բանակցութիւններուն:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր շեշտեց, որ Մազարեհ Շեպաայի պայթումը կրնայ իսրայէլեան փորձանքները Լիբանան հրաւիրել:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս անհրաժեշտ նկատեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանուի եւ ոչ մէկ ձեւով վտանգի ենթարկուի:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարուան Շարպել զարմանք յայտնեց, որ ոմանք կոչեր կ՛ուղղեն ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւը գործադրելու` աւելցնելով, որ այդ բանաձեւը միայն Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն կողմէ պէտք չէ գործադրուի: Մազարեհ Շեպաայի մէջ կատարուած ականահարումին անդրադառնալով` Շարպել յայտնեց, որ այդ պայթումը կատարուած է լիբանանեան հողերու վրայ եւ իսրայէլեան ուժեր իրաւունք չունին ռմբակոծելու հարաւային Լիբանանը, որովհետեւ խորքին մէջ իրենք են ոտնձգութիւն գործող կողմը:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի կոչ ուղղեց ընտրելու հանրապետութեան հզօր նախագահ մը, ինչպէս նաեւ զինելու եւ մարզելու լիբանանեան բանակը:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանը օրէնսդրական նիստի մը պիտի հրաւիրէ երկուշաբթի, 27 հոկտեմբեր 2014-ին:
ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի շեշտեց, որ բանակայինները առեւանգող կողմերը կը միտին զինուորները իրենց ձեռքին մէջ ունենալ իբրեւ խաղաքարտ` զայն օգտագործելու համար լիբանանեան պետութեան դէմ:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու նպատակով քաթարցի բանագնացը տակաւին կը շարունակէ իր աշխատանքը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւնը ազգային անհրաժեշտութիւն է եւ առաջնահերթութիւն:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ մօտիկ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին յայտնեցին, որ Հըզպալլայի մարտիկներուն գործողութիւնը իրաւունք է:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամին Ուեհպէ շեշտեց, որ Հըզպալլայի համար առաջնահերթութիւնները գաղափարական են, որովհետեւ անոնք Իրանի կապուած են:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Ֆարես շեշտեց, որ պէտք է անպայման ելք մը գտնել` առեւանգուած բանակայիններուն թղթածրարին:
ԱՆՖԷԻ Մար Եուհաննա փողոցին մէջ երէկ բացայայտուեցան ՏԱՀԵՇ-ական գրութիւններ, որոնց մասին ապահովական կառոյցները հետաքննութիւն բացին:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ զինեալները դէպի Շեպաա փոխադրելու կարելիութիւնը գրեթէ գոյութիւն չունի` աւելցնելով, որ աշխարհագրական գետնի վրայ անկարելի է, որ զինեալները Արքուպէն եւ Հասպայայէն Շեպաա հասնին, բացի եթէ Իսրայէլ որոշէ ուղղակի մաս կազմել այդ պատերազմին: Ան հաստատեց, որ Շեպաայի մէջ քաղաքական բոլոր հոսանքները պիտի դիմադրեն նման պարագայի:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ալի Օսէյրան խստիւ դատապարտեց Ռիհանիէի եւ Սատտանէի բարձունքներուն վերեւ լիբանանեան բանակին դէմ գործուած արարքներն ու յարձակումները:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականներուն յատուկ գաղթակայաններու կառուցումը անուղղակի բնակեցում է:

