Առեւանգուած Բանակայիններուն Ընտանիքները Նոր Սպառնալիք Մը Ստացան Ժապհաթ Նուսրայէն
Առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները, որոնք նախանցեալ օր Տահր Պայտարէն փոխադրուեցան Ռիատ Սոլհի հրապարակ, իրենց բողոքի ցոյցը շարունակեցին Կեդրոնական Պէյրութի մէջ:
Անոնք յայտնեցին, որ ՏԱՀԵՇ իրենց 24 ժամուան պայմանաժամ մը ճշդած է` լուծելու համար բանակցութիւններուն հարցը, այլապէս սպառնալով գլխատել իրենց զաւակները:
Առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները հաստատեցին, որ աւելի ուշ Ժապհաթ Նուսրայի կողմէ ստացած են հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն հիման վրայ իրենցմէ պահանջուած է ուղղուիլ Ռումիէի բանտ եւ անոր դիմաց բողոքի ցոյց մը կազմակերպել, այլապէս Նուսրա սպառնացած է երեք օրէն առեւանգուած զինուորները խողխողել:
Նստացոյցին կեդրոնը այցելեց առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ընտանիքներուն` Տահր Պայտարի ճամբան բանալու անոնց նախաձեռնութեան համար: Ան նշեց, որ առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները ոչ ոք կը փափաքին թիրախ դարձնել:
Ապու Ֆաուր իր խօսքը ուղղելով առեւանգողներուն խնդրեց, որ առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները չծանրաբեռնեն այնպիսի պատասխանատուութիւններով, զորս ստանձնելու կարողութիւն չունին:
Ան շեշտեց, որ բանակայինները ազատ արձակելու իմաստով կառավարութիւնը լուրջ է եւ կը փափաքի արդիւնքներու յանգիլ:
Ապու Ֆաուր վերստին կոչ ուղղեց որդեգրելու փոխանակումի սկզբունքը:
Առեւանգուած բանակայիններուն հարազատներուն այցելեց նաեւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն, որ շեշտեց, թէ անոնց զաւակներուն ողջ-առողջ ըլլալը լիբանանեան պետութեան հեղինակութենէն կարեւոր է` աւելցնելով, որ անոնց ազատ արձակումը անպատճառ պիտի ունենայ իր գինը:
Աուն նշեց, որ իրենք կը սպասեն բանակցութիւններուն յստակեցումին, որուն վրայ կարելի պիտի ըլլայ նաեւ հիմնել կեցուածքները, «իսկ այս հիմնական միտքերէն բացի որեւէ այլ արտայայտութիւն տարաձայնութիւն կարելի է նկատել», ըսաւ ան:
Աուն նշեց, որ իրենք պիտի սպասեն, որ հարցը վերջնականանայ եւ բանակայինները ազատ արձակուին:
Ան աւելցուց, որ այս իմաստով կառավարութեան կատարած բանակցութիւններուն իրենք մօտէն կը հետեւին եւ անոնց լոյսին տակ կը ճշդեն իրենց կեցուածքը:

