ՃԱՏՐԱԿ. ԱՇԽԱՐՀԻ ԽՄԲԱՅԻՆ 8-ՐԴ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ՅԱՋՈՐԴԱԿԱՆ ՀԱՒԱՍԱՐՈՒԹԻՒՆԸ. ԱՐՈՆԵԱՆ ԻՐ ԿԱԶՄԸ ՊԱՐՏՈՒԹԵՆԷ ՄԸ ՓՐԿԵՑ
Նինկպոյի մէջ (Չինաստան) տեղի ունեցող ճատրակի աշխարհի խմբային 8-րդ ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի ճակատումներուն իրարու դէմ յանդիման եկան աշխարհի զօրաւորագոյն կազմերէն Հայաստանն ու Ռուսիան:
Հայրենի կազմը, տպաւորիչ յաղթանակով մը սկսած ախոյեանութիւնը, ապա հաւասարութիւն մը արձանագրած, երէկ եւս հաւասարութիւն մը արձանագրեց` յաջորդաբար երկրորդ մրցումն ըլլալով:
Եթէ նախորդ մրցումին Լեւոն Արոնեան իր կրած պարտութեամբ պատճառ դարձած էր հաւասարութեան, ապա երէկ անոր արձանագրած յաղթանակը պատճառ դարձաւ, որ Հայաստան 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրէ: Ան իր յաղթանակը արձանագրեց Սերկէյ Քարժաքինի դէմ:
Սերկէյ Մովսիսեան եւ Վլատիմիր Յակոբեան յաջորդաբար հաւասարութիւններ արձանագրեցին Ալեքսանտր Կրիսչուքի եւ Իան Նեփոմնիաչիի հետ:
Ամէնէն անբախտն էր Գաբրիէլ Սարգսեան, որ պարտուեցաւ Փիթըր Սվիտլերէն:
Ինչ կը վերաբերի մնացեալ մրցումներուն, Միացեալ Նահանգներ 3,5-0,5 արդիւնքով յաղթեցին Եգիպտոսի, Իսրայէլ` Չինաստանի (2,5-1,5), Ուքրանիա` Հնդկաստանի (2,5-1,5) եւ վերջապէս Հունգարիա` Ազրպէյճանի (2,5-1,5):
4-րդ հանգրուանին Հայաստանի մրցակիցը պիտի ըլլայ Եգիպտոս:
Ստորեւ կու տանք ընդհանուր դասաւորումը.
———————-ԿԷՏ
1.- Ռուսիա 5
2.- ՀԱՅԱՍՏԱՆ 4
3.- Ուքրանիա 4
4.- Իսրայէլ 4
5.- Ազրպէյճան 3
6.- Միացեալ Նահանգներ 3
7.- Չինաստան 3
8.- Հունգարիա 3
9.- Հնդկաստան 1
10.- Եգիպտոս 0