ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ ՀՄԸՄ ՊԷՅՐՈՒԹԻ, ԿԻՐԱԿԻ, 24 ՅՈՒԼԻՍԻՆ ՊՕՂՈՍ ՕՀԱՆՆԷՍԵԱՆԻ ԱՆՈՒԱՆ ՓԻՆԿ ՓՈՆԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ` «ԱՂԲԱԼԵԱՆ-ՀՄԸՄ» ՄԱՐԶԱՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՀԱՄԱԼԻՐԻՆ ՄԷՋ
Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ Պէյրութի եւ հսկողութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, կիրակի, 24 յուլիսին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի պիտի ունենայ փինկ փոնկի միօրեայ մրցաշարք մը` նուիրուած Պօղոս Օհաննէսեանի յիշատակին:
Օհաննէսեան անցեալին տարիներ շարունակ եղած է Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի անդամ, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ Պէյրութի եւ Լիբանանի ազգային խումբի մարզիչ:
Մրցաշարքին հովանաւորն է Ճօ Խալիլ Խուրի, իսկ մրցումներուն ներկայ պիտի ըլլայ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Րաֆֆի Մունջողլեան:
Նշենք, որ այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն անցեալի վեթերաններ` ակումբներու մօտ արձանագրուած կամ չարձանագրուած:
CATEGORIES Մարզական