Հայաստանի 19 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Հաւաքականը Փորձեր Կատարեց Սերպիոյ Մէջ
Ինչպէս նախապէս հաղորդած ենք, 10-15 հոկտեմբերին Սերպիոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար 2015-ի ախոյեանութեան Թ. խմբակի զտումի մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Հայաստան, Իտալիա, Սերպիա եւ Սան Մարինօ:
Հայաստանի հաւաքականը` գլխաւորութեամբ գլխաւոր մարզիչ Սարգիս Յովսէփեանի, նախանցեալ օր մեկնեցաւ Սերպիոյ Նովի Սատ քաղաքը եւ հաստատուեցաւ «Փարք-հոթել» պանդոկին մէջ:
Հայրենի կազմը երէկ կատարեց երկու փորձեր` պատրաստուելու համար այս մրցաշարքին:
Հայաստանի առաջին մրցակիցը պիտի ըլլայ Իտալիա (այսօր): Ապա, հայրենի կազմը յաջորդաբար պիտի մրցի Սերպիոյ (12 հոկտեմբեր) եւ Սան Մարինոյի (15 հոկտեմբեր) դէմ:
Նշենք, որ բոլոր մրցումներն ալ պիտի սկսին ժամը 16:30-ին` Երեւանի ժամանակացոյցով:
CATEGORIES Մարզական

