Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Պիտի զբաղիք ձեր տան կահաւորման կամ այլ հարցերու կարգադրութեամբ, որով պիտի կարենաք կարգ մը հարցեր կարգադրել:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ներկայ պիտի ըլլաք խորհրդաժողովի մը, ուր նկատի պիտի առնուի հարցի մը կարգադրութեան ձեր տեսակէտը: Եղէք հաշտարար դիրքի վրայ:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Դրամատնային կարգադրութիւններ դարձեալ պիտի մղեն ձեզ` նոր նախաձեռնութիւններու դիմելու: Պիտի կարենաք լեզու գտնել առ որ անկ է:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Հեռու մի՛ մնաք ընկերային հանդիպումներէ: Ուրիշներուն թերութիւնը չէք կրնար լուծել կամ փարատել, համակերպեցէք դիւանագիտութեամբ:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ջանացէք մեղմ լեզուով բացատրել ձեր ունեցած գիտութիւնը նորեկ գործի անցնողներուն: Կարեւոր է համբերատար ըլլալ այս պարագային:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր ժամադրութիւնը, որ կը վերաբերի  աշխատանքի մը, պիտի ըլլայ արդիւնաւէտ: Ձեր սրամիտ պատասխանները պիտի գնահատուին:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Գիտցէք ձեր կարելիութիւնները եւ ձեր գիտութեան չափը: Մի՛ կարծէք, որ գերադաս անձնաւորութիւնն էք, յարգեցէք ուրիշներու կարծիքը:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Թեթեւի առէք այն սխալ լուրը, զոր պիտի լսէք, բայց շուտով իմանաք, որ եղածը անմիտ կատակ մըն էր: Շուտով մի՛ ընկրկիք, քա՛ջ եղէք:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ատելութեամբ մի՛ մօտենաք այն անձերուն, որոնք ձեր ճաշակը չեն հանդուրժեր: Որքան մարդիկ, այնքան` կարծիք, համոզուեցէք այս խօսքին:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Դիւրութեամբ պիտի անցընէք դժուար կարծուած հանգամանք մը: Շնորհիւ ձեր իմաստութեան` պիտի շրջանցէք դժուար հանգրուանը:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Շնորհիւ ձեր բարեացակամ եւ ազնիւ նկարագրին` պիտի ունենաք նոր յաջողութիւն մը պաշտօնի աստիճանի բարձրացումով: Արտայայտեցէք ձեր ձիրքերը ազնիւ եւ գիտակից մատուցումով:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Մէկ կողմ մի՛ մնաք, երբ հարցը կը վերաբերի ճշմարտութեան մը հրապարակման: Ուրիշներուն աչքին լաւ երեւնալու համար կեղծ վերաբերում մի՛ ունենաք: Չէք յաջողիր:

 

 

Share this Article
CATEGORIES