50 Տարի Առաջ (11 Հոկտեմբեր 1964)
Սուրէն Խանամիրեան Քոլեճի
Պաշտօնական Բացման
Հանդիսաւոր Արարողութիւնը
Ներկայ Եղան` Վեհափառ Հայրապետը, Կրթութեան Նախարարը,
Պետական Երեսփոխաններ, Սրբազան Հայրեր Եւ
Խուռներամ Բազմութիւն Մը
Բարերար Ս. Խանամիրեան Մայրիներու
Ազգային Կարգի Շքանշանով Պարգեւատրուեցաւ
Երէկ` կիրակի, 11 հոկտեմբեր 1964, կէսօրէ առաջ հանդիսաւոր արարողութեամբ տեղի ունեցաւ Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճին պաշտօնական բացումը:
Յաղթական կամարներ կանգնած էին Ս. Նշանի մուտքերուն, որոնք զարդարուած էին արմաւենիի ճիւղերով եւ լիբանանեան ազգային դրօշակներով: Սուրէն Խանամիրեան գեղակերտ քոլեճը նոյնպէս ամբողջութեամբ դրօշազարդուած էր:
ՀՄԸՄ-ի սկաուտներ կը հսկէին անթերի կարգապահութեամբ:
Ս. պատարագը քառաձայն երգեցողութեամբ սկսած էր, երբ յաջորդաբար եւ պատշաճ ընդունելութեամբ եկեղեցի մուտք գործեցին` Խորէն Ա. կաթողիկոս, ազգային բարերար Սուրէն Խանամիրեան` իր ընտանեկան պարագաներով, կրթութեան նախարար Էտմոն Կասբար` ընկերակցութեամբ պետական երեսփոխան Խաչիկ Պապիկեանի:
Ներկայ էին հայ կաթողիկէ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Մեսրոպ եպս. Թերզեան, պետական երեսփոխաններ Մովսէս Տէր Գալուստեան եւ Անտրէ Թապուրեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Յակոբ Աշճեան, երեւելի անձնաւորութիւններ, ազգային մարմիններու անդամներ, տնօրէններ, ուսուցիչներ, Ս. Նշանի շրջանաւարտներ եւ տօնական օրերը յիշեցնող բազմութիւն մը, որ լեցուցած էր եկեղեցին ու բակը:
Պատարագիչն էր լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արք. Ուրֆալեան: «Հայր մեր»-էն առաջ, պատարագիչ սրբազանը աւուր պատշաճի քարոզ մը խօսեցաւ «Որք զարդարեցին տնօրինաբար զիմաստն անեղին» բնաբանով: Իր քարոզի վերջաւորութեան սրբազանը, յանուն Ազգային իշխանութիւններուն, շնորհակալութեան խօսք ուղղեց վեհափառ հօր, բարերար Սուրէն Խանամիրեանին, կրթութեան նախարարին, պետական հայ երեսփոխաններուն, ազգային մարմիններուն եւ ժողովրդեան, որոնք իրենց ներկայութեամբ կը պատուէին կրթական այս նորակերտ շէնքին բացման հանդիսութիւնը:
Հայրապետական Կոնդակ
Քարոզէն ետք, թափօրով եւ «Հրաշափառ»-ի երգեցողութեամբ, Եզնիկ վրդ. Փալայեան վերաբերումը կատարեց Խորէն Ա. կաթողիկոսի սրբատառ կոնդակին` ուղղուած մեծանուն բարերարին:
Պատարագիչ սրբազանը կարդալէ ետք կոնդակը, յանձնեց բարերար Սուրէն Խանամիրեանին:
Յաւարտ Ս. պատարագի, վեհին նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան յատուկ պաշտօն` Խանամիրեան գերդաստանի համայն ննջեցեալներուն հոգւոյն համար:
Ապա թափօրով վեհափառը առաջնորդուեցաւ նորակերտ քոլեճին բակը, ուր զետեղուած էր լիբանանեան դրօշակով զարդարուած բեմ մը:
Բացման Արարողութիւնը
Քոլեճի խնամակալ վարչութեան ատենապետ տոքթ. Եղիկ Գոնեալեան խօսք առնելով` ըսաւ. «Հպարտ է այս ժողովուրդը իր բոլոր խաւերով, որովհետեւ այսօր լոյսի, յոյսի, բայց մանաւանդ հաւատքի կոթող մըն է, որ կանգնեցուած է, որուն գեղեցիկ պատերէն ներս կ՛ուզենք տեսնել աւելի քան գեղեցիկ այն ոգին, հայկական ոգին, որ պիտի լեցնէ շէնքը:
«Յանուն խնամակալութեան, գալիք խնամակալութիւններու, հաւատքով, գիտակցութեամբ, հաւաքաբար կը խոստանանք բարձր պահել այն իտէալը, որ այս շէնքը պիտի վերածէ կոթողի մը, դարբնոցի մը, ուր պիտի կերտուի նոր հայը, յաւիտենական հայը»:
Բարերարին Խօսքը
Բարերար Սուրէն Խանամիրեան գեղեցիկ ուղերձ մը կարդաց, որուն մէջ յիշեց իր ուրախութիւնը, տեսնելով կրթական այս հաստատութեան պաշտօնական բացումը կապուած իր անունին, եւ որը կոչուած է կատարելու նախախնամական դեր մը կրթական այն մեծ գործին մէջ, որ ներկայիս կը հանդիսանայ կեդրոնը մեր բոլոր մտածումներուն:
«Կը հաւատամ, եւ այդ հաւատքէն կը ստանամ հոգեկան իմ բաւարարութիւնը, թէ նման հաստատութիւններ, իբրեւ անջնջելի վկայութիւնը մեր ժողովուրդի յաւիտենականութեան, նոր մղում եւ թափ պիտի տան այն վսեմ գործին, որուն լծուած են պատասխանատու մարմիններ եւ ուսուցչութիւն:
«Կը հաւատամ, թէ այս քոլեճէն դուրս պիտի գան հայեցի առողջ դաստիարակութեամբ եւ արդի կեանքի բոլոր պահանջներուն համապատասխանող կրթութեամբ օժտուած սերունդներ»:
Շքանշանի Տուչութիւն
Կրթութեան նախարար Էտմոն Կասբար ֆրանսերէն լեզուով բովանդակալից ուղերձ մը կարդաց` յատկապէս թուելով հայ ժողովուրդին ունեցած առաքինութիւնները: «Ինծի համար մեծ ուրախութիւն է, ըսաւ յարգելի նախարարը, այսօր հայ բարեկամ համայնքի նորակերտ մէկ դպրոցին բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուիլը»: Ապա, իր խօսքի ընթացքին, յանուն հանրապետութեան նախագահ Շարլ Հելուի, ընդհանուր ծափերու մէջ, Մայրիներու ազգային կարգի շքանշանով պարգեւատրեց Սուրէն Խանամիրեանը:
Խաչիկ Պապիկեանի Խօսքը
Ֆրանսերէն լեզուով գեղեցիկ ճառ մը խօսեցաւ նաեւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան ատենապետ եւ պետական երեսփոխան մեթր Խաչիկ Պապիկեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց պարգեւատրումին համար եւ յայտարարեց, թէ` «լոյսի այս տաճարը նոր դռներ պիտի բանայ քաղաքակրթութեան եւ մշակոյթի, ի փառս յաւիտենական Լիբանանի»:
Վեհափառին Օրհնութիւնները
Վերջին խօսողը եղաւ վեհափառ հայրապետը:
«Ինքզինքս մեծապէս ուրախ եւ երջանիկ կը զգամ այս պահուս,- ըսաւ վեհը,- երբ կը տեսնեմ, որ իմ տարիներու երազներս սկսած են իրականութիւն դառնալ: Առաջնորդական շրջանիս մեծագոյն փափաքս էր Ս. Նշանի այս հողին վրայ կառուցել արդիական եւ մանկավարժական բոլոր պայմանները լրացնող երկրորդական վարժարան մը: Այժմ իրականութիւն դարձած է` շնորհիւ տիպար հայորդիի մը, սիրելի Սուրէն Խանամիրեանի իշխանական բարերարութեան:
«Սիրելի՛ Սուրէն, քու արդար վաստակովդ հիմնեցիր եւ հաստատեցիր այս երկրորդական քոլեճը, լոյսի հայկական կեդրոնը եւ անգամ մը եւս կը յայտնեմ մեր եւ հայ ժողովուրդի սրտազեղ շնորհակալութիւնները եւ երախտագիտական ջերմ զգացումները»:
Իր խօսքի վերջաւորութեան վեհափառը հայրական օրհնութիւններ բաշխեց Լիբանանի կառավարութեան, առաջնորդ սրբազանին, բարերարին, հայ երեսփոխաններուն, ազգային մարմիններուն, եկեղեցւոյ եւ դպրոցի սպասարկուներուն եւ համայն ժողովրդեան:
Քոլեճի մուտքին, խանդավառ ծափերու մէջ կրթութեան նախարարը կտրեց ժապաւէնը: Ներկաները բարձրացան վեր, այցելեցին եռայարկ եւ գեղակերտ շէնքի բոլոր սենեակները եւ ընդունելութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շնորհաւորութիւն եւ հիւրասիրութիւն:

