Առանձին Մնացած Մանուկներու Գիւղը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

1011TibetԻնչպէ՞ս կարելի է ապրիլ առանց չափահասներու: Ուղղուինք դէպի Շոկլամսար, Հիմալայայի վրայ գտնուող թիպեթեան գիւղ մը, ուր կ՛ապրի 12 տարեկան Քալսանկ` ուրիշ 800 մանուկներու հետ… գրեթէ առանձին:

Ո՛չ. անոնք լքուած երեխաներ չեն: ԹիՍիՎի-ի (Թիպեթըն չիլտրըն՛զ վիլլըճ) մէջ ապրող մանուկները եկած են թափառաշրջիկ ընտանիքներէ: Անոնց ծնողները անդադար կը շրջին իրենց հօտերուն համար նոր արտավայրեր գտնելու համար: Հիմալայայի բարձր դաշտերուն վրայ խոտը առատ չէ եւ փաշմինա այծերը, ոչխարները եւ եաքերը պէտք է ամէն ամիս հովիտ փոխեն:

Այս պայմաններուն մէջ դիւրին չէ բնական դասաւանդութեան մը հետեւիլ: Այս պատճառով է, որ մեծ թիւով մանուկներ կը նախընտրեն ապրիլ ԹիՍիՎի-ի մէջ:

 ***

6 տարիներէ ի վեր Քալսանկ տարին 9 ամիս կ՛անցընէ այդ գիւղին մէջ: Ան կ՛երթայ դպրոց, կը հետեւի թիպեթեան լեզուի դասերու, անգլերէնի եւ կը սորվի համախումբ կեանքի օրէնքները: Ան կ՛ապրի մեծ տան մը` թիւ 11 խիմսանկին մէջ: Իւրաքանչիւր խիմսանկ կը պարունակէ 3 ննջասրահ եւ կ՛ընդունի 22 մանուկ, որոնց վրայ կը հսկէ միայն մէկ չափահաս` հոմ մաթըր (տան մայր): Մանուկները կը զբաղին տան մաքրութեամբ, սակայն նաեւ` ճաշը եփելով եւ իրենց հագուստները լուալով, յատկապէս` իրենց տարազը, որովհետեւ անոնք միայն մէկ հատ ունին: Անոնք պէտք է զայն լուան ամէն շաբաթ:

***

Ամէն տարի Քալսանկ կը միանայ իր ծնողքին` երկար արձակուրդներուն ընթացքին, ցուրտ եղանակին, նոյեմբերէն մինչեւ փետրուար:

Այդ գիւղին մէջ իր դասաւանդութիւնը աւարտելէ ետք Քալսանկ կրնայ որոշել, որ պիտի վերադառնայ իր ծնողներուն մօտ` առանց օգնելու անասուններուն հոգ տանելու համար, կամ կ՛որոշէ իր ուսումը շարունակել Տարամսալայի գիշերօթիկ դպրոցին մէջ: Սակայն Քալսանկ կը տեսնէ արդէն աւելի հեռուն: Դպրոցը աւարտելէ ետք ան կ՛ուզէ Հնդկաստան` Տելհիի համալսարանը երթալ եւ բժիշկ դառնալ:

Ինչպէ՞ս Կ՛անցնի Օրը

– Ամէն առտու ժամը 7:00-ին, իրենց տարազները հագուելէ ետք, մանուկները կը հաւաքուին բակին մէջ` թիպեթեան ազգային քայլերգը եւ ուրիշ ազգային երգեր երգելու համար:

– Իւրաքանչիւր ճաշ կ՛ուտուի խիմսանկի հաւաքական սենեակին մէջ, գետինը: Ճաշացանկին վրայ յաճախ կայ ապուր մը եւ թինկմօ կոչուած հիմալայեան աւանդական հացը:

– Քալսանկի 6-րդ դասարանին մէջ, ուսուցիչին ժամանումէն առաջ, բարձր դասարանի աշակերտ մըն է, որ պարտականութիւններուն կը հսկէ եւ վերաքաղ կ՛ընէ աշակերտներուն հետ:

– Զբօսանքներուն աշակերտները իրենց գրպանէն կը հանեն պզտիկ քարեր եւ ոսկորներու կտորներու բռնելու խաղը կը խաղան: Ասիկա գիւղին մանուկներուն եւ պատանիներուն ամէնէն շատ սիրած ժամանցն է:

– Իրիկունը մանուկները կը վերադառնան խիմսանկ եւ հաւաքական սենեակին մէջ կը սորվին իրենց դասերը, եւ ապա 6 – 14 տարեկան մանուկները իրարու հետ կը խաղան:

 

 Ի՞նչ Պիտի Ուզէիր Ըլլալ…

Ի՞նչ կ՛ուզես ըլլալ, երբ մեծնաս: Աւելի քան 8000 հոգի, աշխարհի չորս կողմերէն, պատասխանած է իր մանկութեան այս փափաքին մասին: Ահա անոնց պատասխանը: Արդեօք քու սիրած արհեստդ ալ այս առաջին 5 արհեստներու ցանկին մէ՞ջ է:

1- Ճարտարագէտ (621 պատասխան)
2- Օդաչու կամ ուղղաթիռ քշող (565 պատասխան)
3- Բժիշկ/ հիւանդապահ (541 պատասխան)
4- Գիտնական (500 պատասխան)
5- Ուսուցիչ (468 պատասխան)

 

Ինչո՞ւ Բոլորս Նոյն Լեզուն Չենք Խօսիր

1011_lezounerՈրովհետեւ մարդ արարածը մեծ ճամբորդ մըն է:

Մասնագէտները կը մտածեն, թէ աշխարհի բոլոր լեզուները սերած են մէկ լեզուէ. մեր նախահայրերուն` հոմօ սափիէններու լեզուէն: Մարդիկ տարածուած են ամբողջ մոլորակին վրայ: Անոնց լեզուն յարմարած է անոնց միջավայրին: Օրինակի համար, Հիւսիսային բեւեռին մէջ կան 20 տարբեր ձեւեր` խօսելու համար ձիւնին մասին: Անապատին մէջ այս բառերուն պէտք չկայ:

 

Ուրկէ՞ Կու Գայ Պենզինը

1011_BenzineՊենզինը կու գայ քարիւղէն:

Քարիւղը կազմուած է ցեխին մէջ մնացած բոյսերու եւ անասուններու մնացորդներէ: Դարերու ընթացքին անիկա վերածուած է սեւ հեղուկի մը` քարիւղի: Գործածելի դառնալէ առաջ քարիւղը կ՛ենթարկուի բազմաթիւ փոփոխութիւններու: Անիկա նախ կը տաքցուի շատ բարձր ջերմաստիճանի վրայ: Ապա կը զտուի վերածուելու համար կուպրի, ֆիուլի, քերոզեն-քարիւղի եւ… պենզինի:

 

 Աշխարհի Ամէնէն Տգեղ Ծովափն Է…

1011_dsovap… Չինաստանի հարաւը, Շենժենի մօտ, Տապեշայի ծովափն է: Այս պատկերը կը հաստատուի, երբ մօտաւորապէս 500 հազար անձեր իրենց արձակուրդները կ՛անցընեն հոն, երեք օր: Շաբթուան վերջը աղբահաւաքները հաւաքած են 362 թոն աղբ…

 

Պատահաբար Գտնուած «Հնութիւն» Մը

1011_hnoutioun-1Խումբ մը մանուկներ գտած են 7000 տարուան մոմիա մը, Չիլիի հիւսիսը, Արիքայի շրջանին մէջ:

Անոնք պտոյտի ելած էին իրենց դպրոցին հնագիտութեան խմբակին հետ եւ պատահաբար հանդիպած` այս մոմիային:

 

Աղբեր` Բժշկական Խնամքներու Փոխարէն

1011_aghperԻնտոնեզիոյ Մալանկ շրջանին մէջ գոյութիւն ունին 5 դարմանատուներ, որոնք բժիշկներուն կը վճարեն իւրայատուկ ձեւով: Հաշիւ փակելու համար կարելի է բերել աղբեր:

Այս շատ աղքատ երկրին մէջ այս սովորութիւնը կարելիութիւնը կու տայ միջոցներ չունեցող անձերուն` խնամուելու, սակայն նոյն ատեն` նուազ աղտոտ ճամբաներ ունենալ: Մարդիկ իրենց աղբերը կը պահեն` զանոնք փողոց նետելու փոխարէն:

 

Կերպընկալէ Շիշերը` Արգիլուած

1011_guerbengalՄիացեալ Նահանգներու Սան Ֆրանսիսքօ քաղաքը հոկտեմբեր ամիսէն սկսեալ արգիլած է կերպընկալէ շիշերու գործածութիւնը, որովհետեւ անոնք բնութիւնը կ՛ապականեն:

Սակայն այս օրէնքը ներկայիս կը վերաբերի միայն ջուրի շիշերուն եւ ոչ` կազային խմիչքներու շիշերուն:

 

 

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել առաջին պատկերին եւ միւս պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 2 տարբեր մանրամասնութիւնները:

Կրնա՞ս գտնել առաջին պատկերին եւ միւս պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 2 տարբեր մանրամասնութիւնները:

Կրնա՞ս օգնել այս կապիկին` գտնելու համար ցամաք հասցնող ճամբան:

Կրնա՞ս օգնել այս կապիկին` գտնելու համար ցամաք հասցնող ճամբան:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս ամբողջացնել տախտակը իւրաքանչիւր ուղղահայեաց եւ հորիզոնական շարքերուն, ինչպէս նաեւ 3x3 տուփիկներուն մէջ դնելով 1 - 9 թիւերը:

Կրնա՞ս ամբողջացնել տախտակը իւրաքանչիւր ուղղահայեաց եւ հորիզոնական շարքերուն, ինչպէս նաեւ 3×3 տուփիկներուն մէջ դնելով 1 – 9 թիւերը:

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող 6 զոյգ տուփիկները:

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող 6 զոյգ տուփիկները:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )