Արաբունար`. Այն Արապ – Քոպանի – Այն Իսլամ
ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ
Համաշխարհային ուշադրութիւնը վերջերս կեդրոնացած է երբեմնի հայաշատ Արաբունարին վրայ` վերջինիս դիմագրաւած ՏԱՀԵՇ-եան հաւանական գրաւումին պատճառով: Սուրիոյ հիւսիսը, Թուրքիոյ սահմանին վրայ գտնուող այս քաղաքը, 2004-ի մարդահամարին համաձայն, ունէր մեծամասնութիւնը քիւրտերէ բաղկացած աւելի քան 44,000 բնակիչներ: Մէկ կողմ ձգած Արաբունարի այսօրուան աշխարհաքաղաքական ռազմավարական նշանակութիւնն ու այս առթիւ կատարուած վերլուծութիւնները` կ՛արժէ անդրադառնալ Արաբունարի այսօրուան երեք անուանումներուն ու անոնց պատմականին: Հետաքրքրական է, որ նո՛յն քաղաքին համար պետութիւններ, լրատուամիջոցներ ու կազմակերպութիւններ կ’օգտագործեն տարբեր երեք անուններ` Այն Արապ, Քոպանի եւ Այն Իսլամ: Սուրիական տագնապին առնչուած իւրաքանչիւր կողմ իր քաղաքական մեկնակէտէն ու աշխարհահայեացքէն մեկնած` երեք անուններէն մէկը կ’օգտագործէ:
Սուրիական պետութեան միասնութեան ջատագովները կամ վարչակարգին զօրակցող կողմերը իրենց յայտարարութիւններուն մէջ կ’օգտագործեն Այն Արապ (արաբներուն աղբիւրը) անուանումը, որ մինչ օրս Սուրիոյ վարչական տարածքային բաժանումներուն մէջ յիշուած պետական-պաշտօնական անունն է: Պատմականօրէն, կ’ըսուի, թէ այդ տարածքին մէջ գտնուած է աղբիւր մը, որմէ արաբ հովիւները իրենց ոչխարներուն ջուր կը մատակարարէին եւ այս պատճառով քիւրտերը զայն կոչած են «Արաբներուն աղբիւր»-ը` Այն Արապ: Սակայն, Արաբունարի տարածքը 1974 թուականին պետականօրէն կոչուած է Այն Արապ անունով, այդ օրերուն սուրիական վարչակարգին որդեգրած «Արաբական գօտի» ծրագիրի գործադրման շրջանակներուն մէջ: «Արաբական գօտի» ծրագիրով այդ օրերու սուրիական կառավարութիւնը Սուրիոյ Ճեզիրէ շրջանին մէջ բնակչութեան, հողատարածքներու բաշխման եւ ժողովրդագրական «վերադասաւորում» կատարեց: Մեծամասնութեամբ քիւրտերով բնակուած այդ շրջաններու մէջ կառավարութիւնը սուրիական անապատէն բերուած արաբ աշիրաթներ վերաբնակեցուց, տեղանուններու վերանուանումներ կատարեց, քրտական անունները արաբերէնով փոխարինեց:
Միւս կողմէ` սուրիական վարչակարգին ընդդիմադիր ուժերը, քիւրտերը եւ ընդհանրապէս նոր Միջին Արեւելք մը սահմանագծելու ձեռնարկողները իրենց յայտարարութիւններուն մէջ Քոպանի անունը կ՛օգտագործեն, որուն պատմական նշանակութիւնը կարելի չէ հաստատել բազմաթիւ բացատրութիւններու եւ վերլուծութիւններու գոյութեան պատճառով: Այնուամենայնիւ, «Քոպանի» անունին ամէնէն շատ տարածուած բացատրութիւնը կու գայ ըսելու, թէ 20-րդ դարու սկիզբը Պոլիսը Պաղտատին կապող շոգեկառքի գիծը շինող գերմանական ընկերութիւնը կայարան ու գրասենեակ բացած է այս տարածքին վրայ եւ այդ ընկերութեան անունով կամ անգլերէն company` «ընկերութիւն» անունով քիւրտերը այս շրջանը կոչած են Քոպանի: Ամէն պարագայի, պատմականօրէն ու մինչ այսօր մեծամասնութեամբ քիւրտերով բնակուած այս շրջանը քիւրտերուն երազած Քիւրտիստանին մէկ բաժինն է եւ Քոպանի անուանումէն բացի` ամէն անուանափոխում քիւրտերուն համար քրտական ինքնութեան եւ պատմամշակութային արժէքներու արհամարհանք ու ոտնակոխում է:
Գալով ՏԱՀԵՇ-ին, անոնք եւ կամ անոնց ջատագովները ընկերային հաղորդակցութեան ցանցերուն մէջ կը յայտարարեն, թէ Արաբունարը գրաւելու եւ այսպէս կոչուած «Իսլամական պետութեան» սահմաններուն մէջ ներառելու պարագաներուն, շրջանը պիտի վերանուանեն Այն Իսլամ (իսլամութեան աղբիւրը) անունով:
Անուանումներու այս խառնիճաղանճին մէջ, դժբախտաբար, հայկական մամուլը չ’օգտագործեր այս տարածքին հայկական անունը` ԱՐԱԲՈՒՆԱՐ-ը, որ ժամանակին Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուածներուն հաւաքավայրերէն մէկն էր: Արաբունարը հայոց փրկութեան նպաստող կեդրոններէն մէկն է, որուն մէջ տարիներ շարունակ հայկական եկեղեցիներ, միութիւններ եւ վարժարաններ գործեցին: Հայկական մամուլին մէջ Քոպանիի, Այն Արապի եւ կամ այլ անուանումներու փոխարէն` Արաբունար անուան օգտագործումը, իր ունեցած ազգային պատմական արժէքին կողքին, մեզ կ՛ազատէ այս կամ այն կողմին զօրավիգ ըլլալու ամբաստանութիւններուն ստեղծելիք նեղ կացութիւններէն:

