Նշմար. Ո՞ւր Են … Հոս Ենք…

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Աշնանային տեղատարափէ մը ետք ցուրտ երեկոյ է, Նէա Զմիռնիի պուրակին ընդարձակ ու բացօթեայ դաշտին մէջ շարուած  2000  աթոռներու գրեթէ ամբողջութիւնը գրաւուած հայ-յոյն հանդիսականներէ եւ հայկական  պարարուեստի, երգի ու երաժշտութեան ներկայացում կայ  հայորդիներու  կատարողութեամբ: Եւ… մերթ ընդ մերթ խանդավառ ծափողջոյններ:

Ահա պարզացուած պատկերը, որ յուզեց  ու  հպարտացուց  հայերս եւ հրապուրեց  յոյն հանդիսականները շաբաթ, 29 սեպտեմբերի  երեկոյեան, «Ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ» «Արամ  Մանուկեան» կոմիտէի նախաձեռնած ձեռնարկին, որով   քաղաքապետարանի կազմակերպած «Եոնիքես»  աւանդական տօնակատարութիւններու շարքը այս տարի եւս ճոխացաւ հայկական արուեստով`  յայտագրի ընդմէջէն ցոլացած:

Սկիզբէն աւարտը, յայտագիրի ամբողջ  տեւողութեան բեմը յատկանշուեցաւ փայլովը երկսեռ հայ պատանի-երիտասարդներու, որոնք  իրենց գերազանց կատարողութեամբ հիացում  պատճառեցին ներկաներուն, միաժամանակ  հայերուս ներշնչելով լաւատեսութիւն` մեր ներկային ու ապագային նկատմամբ:

Այս գրութիւնը ո՛չ ձեռնարկին թղթակցութիւնն է, ո՛չ ալ յայտագիրի մանրամասնութիւններուն  անդրադարձը, այլ պարզապէս այդ պահուն  ունեցած խոհերուս եւ զգացումներուս հպանցիկ  արձագանգն է: Բայց եւ այնպէս, ընդհանուր յայտագիրին թողած  տպաւորութեան մէջէն կ’արժէ  առանձնացնել մուտքի երկու բաժինները: Հանդիսավար երիտասարդուհիին` Մարալ Գոյումճեանին բացման  ներածական խօսքը, ամփոփ ու կուռ բովանդակութեամբ, արդէն իսկ առաջին վայրկեանէն պահը բնորոշեց 100-ամեակի մթնոլորտով եւ վճիտ ոճով  ու շեշտադրումով արտայայտիչը դարձաւ վէրքը երգի վերածելու մեր կամքին, պահանջատիրական մեր ոգիին, իրաւունքէ չզիջելու մեր վճռակամութեան: Պահը  աւելի ներգործօն դարձաւ, երբ անմիջապէս  յաջորդեց Ցեղասպանութեան նուիրուած   խորհրդանշական առաջին խմբապարը: Իր տեսակին մէջ` եզակի պարագրութիւն մը, համալրուած նոյնպէս խորհրդանշական  երաժշտութեամբ, որուն ելեւէջող կշռոյթներուն տակ բեմին վրայ կեանք կ’առնէին եւ կենդանի ու  պարային շարժուն  պատկերներու կը վերածուէին  ներածական խօսքին շեշտադրումները: Ներշնչումով յղացուած ու ներշնչող խմբապար, որ ներդաշնակօրէն իրարու յաջորդող ու իրարու կապուող փոփոխուող շարժումներու ընդմէջէն  կը  ներկայացուէին հայկական կոտորածները, պլպլացող մոմերու խորհրդաւորութեանը մէջ Աստուծոյ ապաւինողի ու  աղօթողի մեր երկիւղածութիւնը, մահասփիւռ Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն մեր վերյառնումը եւ վերջապէս` Հայաստանի լեռներուն պէս ուս-ուսի տուած եւ միաւորուած սրտերով յաղթանակի առաջնորդող մեր պայքարը…

 

Տողերս գրողը կը խոստովանի, որ մինչ այդ ինք չէր հանդիպած Ցեղասպանութիւնը խորհրդանշող ու մեր մաքառումները ցոլացնող այնպիսի պարային  ելոյթի, որ յուզումի նոյնքան ալիքներ ստեղծած ըլլայ, ինչպիսիք որ եղան  այդ օր, այդ պահուն, որուն համար կրկնապէս շնորհաւորելի են  պարախումբին բոլոր անդամները եւ մանաւանդ` պարուսոյց-պարադրող Էտկար Էկեանը, իրենց յոգնաջան պատրաստութեան եւ մեզի շնորհած վայելքին համար: Իսկ մեներգներուն կապակցութեամբ ըսեմ, թէ յայտնութիւն մը չէր Ռոզա Մարտիրոսեանը, որուն երգարուեստին հանդէպ տածած սէրն ու շնորհալի  երգչուհի մը դառնալու իր հետապնդումը ծանօթ էին ինծի նախապէս: Սրտագրաւ իր մեներգներով հրապարակային «խոստում» մը տուած եղաւ, որ ինք պիտի չհրաժարի հետապնդած նպատակէն:

Ինչ կը վերաբերի գրութեան վերնագիրին, յայտնեմ,  որ հոն, տեղի վրայ, հանդիսութեան ընթացքին կը մտածէի, թէ յաճախ դառնութեամբ հարց կու տանք իրարու. «Ո՞ւր են երիտասարդները, չկան ժողովներու մէջ, բացակայ են ձեռնարկներէն, եկեղեցական արարողութիւններէն, մաս չեն կազմեր միութիւններուն…»: Բայց, կ՛ըսէի ինքզինքիս,  ահաւասիկ «հո՛ս  ենք» կը պատասխանեն անոնք:  «Չէ՞ք տեսներ, հո՛ս ենք, բեմի՛ն վրայ»: 120  հոգիով «Հո՛ս ենք» ըսին անոնք երկու անգամ, երբ լման կիրակի օր անոնց պէտքը կար դպրոցներու  փրկութեան համար նախաձեռնուած ֆոնէթոնի յաջողութեան: «Հո՛ս ենք» կ’ըսեն ամառնային բանակումներուն` պատանիներ դաստիարակելու գործով, նոյնպէս` open camp-երուն, ինչպէս ամիսներ տեւող պարի փորձերուն եւ «Եոնիքես»-ի տօնակատարութիւններուն: Արուեստին ո՞ւժն է արդեօք, ինքնարտայայտութեան մարդկային բնական ձգտո՞ւմը, արդիւնաւոր գործ մը կատարելով ներքին գոհունակութիւն զգալու պահա՞նջն է, որ զիրենք քով-քովի կը բերէ ու հրապարակ կը հանէ, թէ՞ ուրիշ բան, այնքան ալ կարեւոր չէ: Կարեւորը այն է, որ «հոս են» անոնք, մեր շուրջը, թերեւս մենք է, որ չենք տեսներ զիրենք   այն պատճառով, որ  կառչած ենք մեր հին երգերուն ու եղանակներուն եւ կը ջանանք մեր երգերը «սիրցնել» անոնց:

Որքան տխուր պիտի  հնչէ, միաժամանակ գօտեպնդիչ, եթէ երիտասարդներէն մեր հասցէին ուղղուի հարցումը.

– Ո՞ւր  են, որ չեն տեսներ մեզ…

 

 

Share this Article
CATEGORIES