ՍՕԽ-ի Վաստակաշատ Անդամ Ռիթա Ժոզեֆ Պասմաճեան-Մանճիկեանի Մահուան Առիթով

Ռիթա Պասմաճեան-Մանճիկեան ծնած է 1939-ին, չորրորդ դուստրն էր կրթական մշակ, Ազգ. Ուսումնասիրաց վարժարանի տնօրէն Ժոզեֆ Պասմաճեանի եւ Նուրիձա Կարպուշեանի:

Կրթական մշակի տան մէջ ստացած իր հոգեմտաւոր սնունդին անկիւնաքարը, այդ ընտանիքի յագեցած ազգային-մշակութային կեանքի աւիշով, իր նախնական կրթութիւնը ստանալէ ետք Ազգ. Ուսումնասիրաց վարժարանին մէջ, կը դիմէ Հալէպ, ուր իր միջնակարգ կրթութիւնը կը ստանայ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանին մէջ: Հոն կ’ունենայ հոյլ մը հայրենասէր ուսուցիչներ, որոնցմէ` յայտնի գրականագէտ Մինաս Թէօլէլեանը, որոնք կը մշակեն իր մշակութային եւ գիտական կարողութիւնները:

1957-ին կ’ամուսնանայ Վահան Մանճիկեանին հետ. իր ամուսինը եւ ընտանիքը քաջալեր կը հանդիսանան անոր մշակութային ծարաւի յագեցման:

Ընտանեկան պարտաւորութիւնները պատճառ չեն դառնար, որ ան ինքնաշխատութեամբ չշարունակէ իր ուսումն ու կրթութիւնը:

Եւ որպէս հայ գրականութեան երկրպագու` ան կը յաջողի տիրապետել հայ գրականութեան բեմին, մանաւանդ` թատերական բնագաւառին, որուն կարեւոր դրօշակիրը կը հանդիսանայ գիւղին մէջ, նախ` որպէս քաջածանօթ հայ թատրերգութեան, որուն մասին քանիցս կու տայ դասախօսութիւններ, թատերական գործերով բեմ կը բարձրանայ, ապա կը բեմադրէ երկու տասնեակ թատրերգութիւններ, որոնցմէ քանի մը հատը մանկապատանեկան` թատրոնի եւ մշակոյթի սէրը կը տարածեն նոր սերունդին:

Իր կեանքի մէկ կարեւոր մասը կը նուիրէ նաեւ բարեսիրական գործունէութեան եւ որպէս ՍՕ Խաչի «Մեղրի» մասնաճիւղի անդամ, երկար ժամանակ կը վարէ անոր վարչականի, ատենապետի պաշտօնները եւ քանիցս` անոր Շրջ. վարչութեան անդամի նուիրական գործը, որոնք կը վարէ հմտութեամբ, հետեւողականօրէն եւ նուիրումի օրինակ հանդիսանալով երիտասարդ սերունդներուն, մասնակից դառնալով անոր գերագոյն ժողովներուն իսկ:

Իսկ մշակութային կեանքի իր օրրանը կը հանդիսանայ Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան»  Քեսապի մասնաճիւղը, որուն կը ծառայէ նոյնքան նուիրականօրէն:

Որպէս մայր` ան կը բախտաւորուի երեք զաւակներով, մէկ մանչ` Կարօ եւ երկու աղջիկ` Տաթեւիկ եւ Յասմիկ, եւ` եօթը թոռներով:

Իր զաւակներուն օրինակելի ուսում տալու ձգտումով զանոնք կ’առաջնորդէ Հալէպ` Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարան, որ աւարտելէ ետք զանոնք կ’ուղարկէ Հալէպի պետական համալսարան եւ կ’ըլլայ անոնց հովանին  մինչեւ անոնց ուսման աւարտը:

Որպէս գիտակից մայր, իր մայրական գուրգուրանքը, ազգային-հայկական եւ գաղափարական սնունդով շաղախուած` կը փոխանցէ զաւակներուն, որպէս մայրական կաթ:

Եւ այս հայ մօր առաքելութիւնը, նուիրական ձգտումը կը հանդիսանայ իր կեանքին, որուն կը ծառայէ մինչեւ անողոք հիւանդութեան սկիզբը:

Հինգ տարի առաջ կը վարակուի քաղցկեղով եւ կը դիմէ հետեւողական ձեւով բուժարան-հիւանդանոց, ուր կը հանդիպի դեռատի եւ երիտասարդ քեսապցի, հայ եւ ոչ հայ հիւանդներու, իր հիւանդութիւնը մոռցած` զանոնք կը քաջալերէ կեանքին եւ առողջութեան կառչած մնալու, ան մայր կը դառնայ հիւանդներուն եւ պաշտօնէութեան:

Երկու ամիս առաջ, աւարտելէ ետք հնգամեայ քիմիական բուժման եւ միամսեայ ճառագայթային բուժման շարքը, առողջական վիճակը վատթարանալով, կ’իյնայ անկողին` մէկ ամիս անոր ծառայելով, որուն վերջին երկու շաբաթը ցաւագին տառապելով:

Իր վերջին փափաքն էր, ապաքինելով, Քեսապի մէջ բեմադրել մանկապատանեկան թատրերգութիւն մը, որ ինք համադրած էր, եւ իր հարսին` Սեւանին հետ գրել Քեսապի թատրոնի պատմութիւնը:

Ան իր կեանքի վերջալոյսին իր շուրջբոլոր ունեցաւ ամուսինը, զաւակները, հարսը, թոռներուն մէկ մասը, որոնք ոչինչ զլացան անոր ապաքինման կամ վիճակի մեղմացման համար, եւ այդ գուրգուրանքով 27 օգոստոս 2014-ի ժամը 10:15-ին առյաւէտ փակեց աչքերը` իր ետին ձգելով օրինակելի մօր, անձնուէր, ազգասէր, մշակութասէր, բարեսէր ու պայքարող հայ կնոջ 20-րդ եւ 21-րդ դարերու անջնջելի օրինակն ու յիշատակը:

Share this Article
CATEGORIES