ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ. ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ՀՄԸՄ- ՀԱՍԿ-Ի «ՀԱՅԿ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ» ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՎԱՅՐԻՆ
11 յուլիս 2011-ին Երեւանի մէջ բացումը տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի երկարամեայ նուիրեալ գործիչ Հայկ Յովսէփեանի անունը կրող սկաուտական բանակավայրին:
Աւելի քան տարիէ մը ի վեր, Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան որոշումով մայրաքաղաքի Էրեբունի համայնքին մէջ գտնուող այս գողտրիկ հողատարածքը տրամադրուած է ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ին` հոն «Հայկ Յովսէփեան» սկաուտական բանակավայրը կառուցելու համար: Այս բանակավայրի հիմնադրումը կարելի դարձաւ Յովսէփեան ընտանիքի նիւթական օժանդակութեան եւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան հետեւողական ճիգերուն շնորհիւ:
Արժանաւոր ՀՄԸՄ-ականի անունը կրող բանակավայրին բացումը յատկանշուեցաւ նաեւ ՀՄԸՄ-ի քոյր մասնաճիւղերու բանակումով, որուն կը մասնակցէին ՀՄԸՄ-ի Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու, ինչպէս նաեւ Իրանի մէջ գործող Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան սկաուտները:
«Հայկ Յովսէփեան» բանակավայրի կարմիր ժապաւէնը կտրելու եւ անուանակոչութեան տախտակի բացման պաշտօնական արարողութեան ներկայ էին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Յարութիւն Յարութիւնեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, ՀՄԸՄ- ՀԱՍԿ-ի վարչութեան ատենապետ Բագրատ Եսայեան, Համաշխարհային սկաուտական շարժման Եւրասիոյ շրջանի տնօրէն Եուրի Եմիլեան եւ սփիւռքի նախարարութեան անձնակազմի ղեկավար Ֆիրտուս Զաքարեան:
Օրհնութեան խօսք ուղղեց Արարատեան հայրապետական թեմի ներկայացուցիչ Զգօն քհնյ. Աբրահամեան:
Արմէն Ռուստամեան ողջունեց եւ շնորհաւորեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը եւ ՀՄԸՄ- ՀԱՍԿ-ը` իրենց գործակցութեան եւ իրագործումներուն համար:
Յարութիւն Յարութիւնեան ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անունով ողջունեց եւ շնորհաւորեց բոլոր ներկաները եւ Յովսէփեան ընտանիքը:
Ապա խօսք առնելով` Բագրատ Եսայեան նշեց, որ միացեալ ճիգերով ձեռք բերուած այս բանակավայրը տարիներով պիտի ծառայէ ՀՄԸՄ-ի թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ աշխարհասփիւռ մասնաճիւղերու սկաուտներուն` դառնալով անոնց հանդիպման եւ գործունէութեան մնայուն օճախը:
Բոլոր ելոյթ ունեցողները շնորհաւորանքի եւ բարեմաղթութեան խօսքեր ուղղեցին Յովսէփեան ընտանիքին եւ Հայկ Յովսէփեանի ընկերներուն` անոնց կատարած աշխատանքին եւ նիւթական օժանդակութեան համար:
ՀՄԸՄ-Ի
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

