ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ` ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ ՊԱՇՏՕՆԱՏԱՐՆԵՐՈՒ ԵՒ ՔԱԶԶԱՖԻԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ
Ամերիկացի պաշտօնատարներ հանդիպում մը ունեցած են Լիպիոյ ղեկավար Մոամմար Քազզաֆիի վարչակարգի ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպումը տեղի ունեցած է երրորդ երկրի մը մէջ:
Ըստ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած յայտարարութեան, ամերիկեան կողմը լիպիացի պաշտօնատարներուն անգամ մը եւս ներկայացուցած է Քազզաֆիի անյապաղ հրաժարականի պահանջը:
Լիպիոյ կառավարութեան ներկայացուցիչ Մուսա Իպրահիմ այդ հանդիպումը Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ կատարուած կարեւորագոյն քայլ որակած է: Սակայն ամերիկեան կողմը կը յայտարարէ, որ չի ծրագրեր յառաջիկային այսպիսի հանդիպում ունենալ Քազզաֆիի կառավարութեան ներկայացուցիչներուն հետ:
Անցեալ ուրբաթ օր երեսունէ աւելի արեւմտեան եւ արաբական պետութիւններ Լիպիոյ ըմբոստներուն կազմած Ազգային փոխանցման ժամանակաւոր խորհուրդը ճանչցան իբրեւ Լիպիոյ ժողովուրդի իրաւունքները ներկայացնող լիազօր մարմին: Միջազգային հանրութեան այդ քայլը երէկ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի կողմէ սուր քննադատութեան ենթարկուեցաւ:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ երէկ յայտարարեց, որ Քազզաֆիի վարչակարգին եւ ըմբոստներուն միջեւ փոխզիջումային լուծում մը կարելի է:

