Թարգմանչաց Տօնի Նախօրեակ. Պոլիսը Պէյրութ «Եկաւ Եւ Գնաց»-ի Առիթով, Բայց` Ոչ Միայն Այդ Մասին

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Կրնայի նոյնիսկ ըսել` մնաց տոկալու օրինակելի փաստով:

Փայլուն անցեալի մը ժառանգորդներն էին: Դասական կոչուած սփիւռքը (տիրական կերպով Լիբանանը) եւ Պոլիսը` իր բազմադարեան պատմութեամբ եւ աւանդութիւններով: Զիրար գտան:

Երբ հայաշխարհի մէջ ինքնութենէ հրաժարման խուճապը չէր սկսած եւ ղեկավար չէին դարձած տեղատուութեան ասպետները, արմատները կը պահուէին:

Պոլիսը սփիւռք չէ, գաղութ չէ: Կոստանդնուպոլսոյ անկումէն եւ Օսմանեան կայսրութեան ստեղծումէն շատ առաջ գոյութիւն ունէր հայկական Պոլիսը` իր բիւզանդական բանակի զօրավարներով եւ զինուորներով, ազնուականներով, հայազգի կայսրերով: Հետեւաբար պոլսահայութիւնը աւելի բնիկ է, քան` իր տիրակալութիւնը հաստատած եկուորը: Գիտենք, որ պատմութեան վերիվայրումները չեն խնայած հայկական Պոլիսը, ճնշումները պատճառ եղած են տարտղնումի:

Հակառակ բազմապիսի դժուարութիւններու` հոգեպէս արմատախիլ չէ եղած պոլսահայութիւնը: Զանգուած մնացած է իր եկեղեցիներով, լեզուով, հայատառ մամուլով: Իր նոյնիսկ` կծկուած իրաւունքներով եւ պայմաններով: Այսօր 12 միլիոն բնակիչ ունեցող ոստանին մէջ (mégapole) 70.000 հաշուող հայութիւնը չնչին տոկոս է, հազիւ` 0,6 տոկոս: Բայց դրախտ համարուող երկիրներու յարաճուն հայկական համայնքներէն տարբեր է ան, ուժականութիւն ունի, քանի որ արմատներ ունի,  մինչ այլ երկինքներու տակ չորցող արմատները ծնունդ կու տան, կու տային նաեւ անցեալին, «ծագումով հայերու»:

Օրինակելի պոլսահայութիւն, որ եկաւ եւ որակով հայերէն երգեց: Հանդիպեցանք եւ հարազատ հայերէն լսեցինք: Արմատները պահած էր ժողովուրդը, որ հայ էր: Իսկ այսօր, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), բազմաթիւ ճակատներու վրայ իրաւ արմատաւորման հարց ունինք, որ ազգային քաղաքականութեան առանցքը պէտք է ըլլայ եւ չէ, համատարած «բիզնես»-ային անյագուրդ ցանկութիւններով, անոնց ընկերացող սպառողական ընկերութենէն անմասն չմնալու նոյնքան համատարած ընչաքաղցութեամբ եւ իշխանատենչութեամբ:

Հայ գրողները խօսած են այդ մասին, բայց միշտ գաղթելու հակամէտ զանգուածները չեն լսած: Սովորաբար կը խօսինք արեւմտեան աշխարհի հայկական զանգուածներու ուծացման մասին: Խորհրդային շրջանին, թէեւ անկէ առաջ ալ, ռուսական-խորհրդային տարածքը «մեծ հայրենիք» էր, ռուսերէնը «մեծ լեզու» էր, Լենինէն Պրեժնեւ միշտ ըսուած էր, որ իւրաքանչիւր «սովետ քաղաքացի պէտք էր, որ սորվէր այդ մեծ լեզուն»: Այդ պատգամը լսուած է, ի հարկէ` ի հեճուկս հայերէնի, եւ այսօր ալ կը շարունակուի զանգուածային կերպով: Արտասահման նոյն ախտը յորձանք է, թէեւ կը թաքնուինք պատշաճեցման շղարշի ետին:

Հայրենի գրող Հրաչեայ Քոչար (1910-1965) իր «Ընտիր երկեր»-ի առաջին հատորին մէջ կը խօսի մայրենի լեզուի մասին: Դիպուկ խօսքեր: Երէկ եւ այսօր կրկնուող-բազմացող պատկերներ:

«Ջութակահարի պատմած»-ի  էջերը անցեալի եւ ներկայի մեր տխրեցնող երթի-նահանջի կրկնուող եւ նոր հեքիաթն են: Եթէ հայերէն գիրքէն հրաժարած չըլլայինք, կը փնտռէինք այդ իրապաշտ էջերը, ուր կը կարդայինք. «Լենինկրատի կոնսերվատորիայում սովորելու տարիներին ապրում էի մի հայ ընտանիքում: Ծագումով էին հայ այդ ընտանիքի անդամները` ո՛չ լեզուով ու կենցաղով, ո՛չ բարքերով կամ ազգային պատմութեան ու մշակոյթի իմացութեամբ: Ծագումով եւ մի քիչ էլ` ազգանունով: Մի քիչ եմ ասում, որովհետեւ ազգանունն էլ անաղարտ չէր  պահպանուել: Տիգրանեանցներ էին եղել, հիմա դարձել էին Տիկրանովներ, եւ որովհետեւ միայն կանայք էին մնացել այդ ընտանիքում` Տիկրանովաներ էին» (էջ 291):

Մինչդեռ տատը մանկութեան հայերէն խօսած էր եւ դադրած էր յիշելէ, եղած էր շուշեցի, զինուորականի ընտանիք:

Խորհրդային օրերու գրողը աւելի քաջ է, քան ինչ որ ենք այսօր: Ան առանց կանգ առնելու «չխրտչեցնելու» վատորակ չիմաստութեան առջեւ, կ’ըսէ` «ծագումով էին հայ այդ ընտանիքի անդամները»… Օտար անուններ` օտարման ճամբուն վրայ, երբ ութսունամեայ Աստղիկը դարձած էր Ասիա, իր դուստրը` Նադեժտա Բեբութովնա, անոր դուստրը` Վերա…

Ձայնագրիչ սարքով ման եկէք Հայաստան եւ բազմագոյն սփիւռքներ, արձանագրեցէք անունները, որոնք ինքնութիւն են, անոնց մէջ փնտռեցէք Աստղիկներ, Շուշաններ եւ Տիգրաններ, պիտի գտնէք Ասիաներ, Սթելլաներ, Սիւզաններ, Ռիչըրտներ, Էրիքներ եւ Քեւիններ: Միացեալ ազգերու անդամ հարիւր իննսուն երկիրներէ ներածուած անուններ:

«Ծագումով հայ»-ու կարգավիճակը, ինչպէս որ կ’ըսեն Հայաստան, «ընդունելիութեան հրաժարման քաղաքականութիւն է»` արմատները դնելով փակագիծի մէջ, կամ պարզապէս անոնցմէ հրաժարելով: Որո՞ւ հոգն է մանրուող ազգը, որ կրնայ ապագային շարունակութիւն չըլլալ:

Զանգուած եւ ղեկավարութիւններ չեն ուզեր անդրադառնալ, որ առանց լեզուի ազատագրման եւ անկախացման (անուններն ալ այդ լեզուով պէտք է որ ըլլային եւ հետզհետէ չեն) քաղաքական անկախութիւնը անկատար է: Նաեւ հոգեկան-ոգեկան ազատագրութիւնը անկատար է: Մի՞թէ յաճախ չի մրճահարուիր «լեզուամտածողութիւն»-ը:

Օտար լեզուներով կ’ըլլայ օտար եւ օտարի լեզուամտածողութիւն:

Աւերը կատարեալ կ’ըլլայ, երբ փողոցի հայերէնը, «ժարգոն»-ը, «չոդկի» հայերէնը, անարգել կը զարգանան, կը տիրեն, կը մտնեն գրական, քաղաքական, գիտական, լրագրական բարբառներուն մէջ: Այսինքն լայն առումով մտաւորականութիւնը մասնակից կ’ըլլայ եւ կ’առաջնորդէ ոգեկանի քանդումը, որմէ ետք փուճ է ազգային քաղաքականութիւնը: Այս, կրկնենք, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ):

Կը պատճառաբանուի, որ ժողովուրդի լեզուն այդպէս է, որ լեզուն «սոցիալական երեւոյթ» է: Այսինքն ոչ թէ ղեկավարութիւնը եւ մտաւորականութիւնը պիտի առաջնորդեն ինքնութեան պատուանդան լեզուական քաղաքականութիւնը, այլ ամբոխը, փողոցը, տգիտութիւնը պիտի ըլլան չափանիշ: Եւ այս` ինչպիսի՞ ապագայ մը կերտելու, ի՞նչ կտակելու համար: Ո՞վ պատասխան պիտի տայ, ո՞ր «էսթեպլիշմընթ»-ը, ո՞ր անհեռանկար ջոջականութիւնը, Հայաստանի Հանրապետութիւն, Արցախ եւ բազմագոյն սփիւռք(ներ):

Նոյնիսկ խորհրդային օրերուն հայ գրողներ անդրադարձած են աւերին, երբ զանգուածները, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), կիրակնօրեայ հաճոյքի համար բաւարարուած են աժան գինովութեամբ, մանուկներուն անգիր սորվեցնելով կամ բեմերէն թատերական եղանակով հնչեցնելով Սիլվա Կապուտիկեանի «Խօսք իմ որդուն»-ը, պատգամելով, թէ` «ուր որ գնաս, քո մօրդ անգամ մտքիցդ հանես, քո մայր լեզուն չմոռանաս»: Կիրակնօրեայ այս կարգախօսները այսօր ազգային իրաւ քաղաքականութի՞ւն են, թէ՞ ոչ, պետութեան եւ ղեկավարութիւններու համար, ժողովներու եւ համաժողովներու ընթացքին:

Մենախօսութիւն կը թուին ըլլալ այսօր Վահան Թէքէեանի սրտալի խօսքերը, երբ կ’ըսէր, թէ` «Կը սիրեմ քեզ հայ լեզու, մրգաստանի մը նման»: Եթէ այդպէս ըլլար, այսօր ժողովներ եւ անոնց արձանագրութիւնները Շէյքսփիրի լեզուով չէին ըլլար:

Վիգէն Խեչումեանի հերոսներէն մէկուն լեզուն կտրած էին, որ հայերէն չխօսի («Գիրք լինելութեան»): Մեր լեզուն մենք կը կտրենք, կտրած ենք` ռուսերէնով, անգլերէնով, սպաներէնով, ֆրանսերէնով, արաբերէնով: Իսկ արմատ ունեցող պոլսահայութիւնը, «Իսթանպուլ»-ի մէջ, իր 0,6 աննշան տոկոսով հայերէն կը պահէ, հայերէն թերթեր եւ գիրքեր լոյս կ’ընծայէ, հայերէն երգող որակաւոր երգչախումբեր կը պահէ: Ասոր համար է որ ըսի, թէ պոլսահայութիւնը եկաւ, գնաց, բայց մնաց` անոնց համար, որոնք աչք, ականջ եւ հոգի ունին:

Քանի մը օրէն Թարգմանչաց տօնն է: Եկեղեցի պիտի երթանք (կամ պիտի չերթանք): Օտար լեզուներ սորվելու բարդոյթներու հպարտութիւն պիտի մշակենք եւ մշակած ենք: Փոխանակ Հոնոլուլու, Քոթ տ’Ազիւր կամ հայաստանցիներու սիրած Անթալիան երթալու, ինչո՞ւ այս ամառ Ֆերիքէօյ կամ Գնալը չերթալ… որպէսզի գիտնանք, թէ նաեւ դժուար պայմաններու մէջ կարելի է արմատներու հաւատարիմ մնալ, եւ եթէ հաւատք ունինք, կամ ներշնչենք, զանոնք վերագտնել:

Խորանէն, թերթերէն եւ բեմերէն պիտի ըսե՞նք, որ վերջ պէտք է տալ հրաժարումներու` հայախօսութիւնը որակով վերադարձնելով մեր կեանքին մէջ եւ սկսելու համար Ասիան կամ Սթելլան, Էրիքը, Քեւինը կամ Պոպ-Ռապըրթը դարձնելով Աստղիկ, Տիգրան, Գեղամ…

Չխրտչեցնելու վերաբերումը հոգեպէս տնանկ-սնանկ նպարավաճառի անվաղորդայն քաղաքականութիւն է, ոչ միայն նպարավաճառներու մակարդակին:

Հրաչեայ Քոչար կը պատմէ, որ Նադեժտան եւ Վերան կ’ապրին Երեւան: Վերագտած են իրենց արմատները, որ սոսկ գեղագիտական դարմանում չէ… Հայաստան պիտի ըսէին` «կոսմետիկ» լուծում չէ: Թէեւ այդպէս մտածողներ պիտի ըլլան:

 

7 հոկտեմբեր 2014, Պիքֆայա, Լիբանան

 

Share this Article
CATEGORIES