Յունաստանի Դեսպանը Այցելեց Անթիլիաս

1537774_10152886996492873_2248752113657355231_oՈւրբաթ, 10 հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Անթիլիասի մայրավանքի վեհարանի գրասենեակին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպան Քաթրին Պուրան: Դեսպանը եկած էր շնորհաւորելու վեհափառ հայրապետը` Յունաստան կատարած իր յաջող այցելութեան առիթով:

Դեսպան Պուրան վեհափառ հայրապետին փոխանցեց Յունաստանի վարչապետին եւ վեհափառ հայրապետին միջեւ տեղի ունեցած շինիչ հանդիպումին արդիւնքները, ինչպէս նաեւ քաղաքական ու կրօնական ղեկավարութեան մեծապէս դրական տպաւորութիւնները:

Արամ Ա. կաթողիկոս իր կարգին գոհունակութիւն յայտնեց եւ ընդհանուր գիծերով պարզեց իր այցելութեան կարեւոր երեսները: Ան յատկապէս շեշտեց երկու ժողովուրդներուն ու եկեղեցիներուն դարաւոր բարեկամութիւնը ամրապնդելու եւ գործակցութիւնը զարգացնելու անհրաժեշտութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին վեհափառ հայրապետն ու Յունաստանի դեսպանը լուրջ մտահոգութիւն յայտնեցին շրջանին մէջ տեղի ունեցող անցուդարձերուն, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ ժխտական մօտեցումներուն ու քաղաքականութեան առնչութեամբ:

Share this Article
CATEGORIES