ՀՅԴ «Շուշի» Կոմիտէ. Յատուկ Հանդիսութիւն` Նուիրուած «Արցախ Ֆոնտ»-ին
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէին, երէկ` ուրբաթ, 10 հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ռաուտայի ակումբին մէջ յատուկ հանդիսութեամբ մը Լիբանանի «Արցախ ֆոնտ»-ի անդամներուն յանձնուեցաւ «Չկրակուած փամփուշտներ» ժապաւէնի վաճառքէն գոյացած գումարը:
Այս առիթով բարի գալուստի խօսք արտասանեց Կիրակոս Գարակէօզեան, ապա խօսք առաւ ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէի «Արցախ ֆոնտ»-ի ներկայացուցիչ Վազգէն Յակոբեան, որ նշեց, թէ Արցախի տարածքը 12,000 քմ է, իսկ բնակչութիւնը` միայն 145,000, այդ պատճառով ալ մեր նպատակը պէտք է ըլլայ արցախահայութեան թիւի աճը, եւ այդ նպատակին ի խնդիր «Արցախ ֆոնտ»-ը մեծ դերակատարութիւն ունի:
Իսկ ինչ կը վերաբերի ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէութեան կատարած նախաձեռնութեան, Յակոբեան նշեց, որ ամսական 5000 լ. ոսկիի գումարի մասնակցութեամբ եւ հայրենի բեմադրիչ Սամուէլ Թադէոսեանի ժապաւէնին վաճառքով գոյացած է 750,000 լ. ոսկի, որ թէեւ մեծ գումար չէ, բայց կարեւորը նպատակն է, շեշտեց ան: Իր խօսքի աւարտին Վ. Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ազգայիններուն եւ բեմադրիչ Սամուէլ Թադէոսեանին, որ սիրայօժար տրամադրեց իր ժապաւէնը անվճար, որպէսզի հաւաքուած գումարը հասնի Արցախ եւ օգտակար ըլլայ արցախցի հայրենակիցներուն:
ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէի ներկայացուցիչ Պետիկ Ծառուկեան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց բեմադրիչ Սամուէլ Թադէոսեանին, որ վստահեցաւ իր ժապաւէնի վաճառքի աշխատանքը: Ան նշեց, որ ժապաւէնը նաեւ իբրեւ նուէր բաժնուած է: Ան յոյս յայտնեց, որ այլ ազգայիններ ալ բաժանորդ կ՛ըլլան եւ կը նպաստեն «Արցախ ֆոնտ»-ի գործունէութեան:
Ապա Ծառուկեան գումարը յանձնեց «Արցախ ֆոնտ»-ի ներկայացուցիչ Մելքոն Յակոբեանին:
«Արցախ ֆոնտ»-ի անդամ Մարալ Մահսէրէճեան յատուկ լուսանկարներով ամփոփ զեկուցում մը տուաւ «Արցախ ֆոնտ»-ի նպատակին, գործունէութեան եւ յատկապէս այս տարուան իրագործումներուն մասին:
2006-էն ի վեր սկսած այս աշխատանքը, որ ընթացք առաւ Լիբանանի մէջ, Արցախի վերաբնակեցման ծրագիրին կը ծառայէ: Ամէն տարի Լիբանանէն հաւաքուած գումարով 3-րդ զաւակ ունեցող իւրաքանչիւր ընտանիքի կը տրամադրուի կով մը, ասոր կողքին նաեւ անոնք կ՛օժանդակեն այլ ծրագիրներու իրականացման:
Մահսէրէճեան յայտնեց, որ այս տարուան նորութիւնը կիներու համագործակցականի հիմնումն էր, որ խորքին մէջ կը ներկայացնէ կիներու աշխատանքով պատրաստուած ձեռային արտադրութիւններ, որոնք կը վաճառուին եւ անոնցմէ շահ կ՛ապահովուի ընտանիքներուն: Այս համագործակցականը 3 կիներով սկսած է, եւ 2014-ի յունիսին անոնց թիւը 19 անդամ եղած է:
Իր խօսքի աւարտին Մարալ Մահսէրէճեան ներկաներուն փոխանցեց, որ այս տարի 117 ընտանիքի մէկական կով եւ մեղուափեթակներ բաժնուած են:
Յայտնենք, որ ձեռնարկի ամբողջ ընթացքին «Սքայփ»-ի միջոցով Երեւանէն միացած էր բեմադրիչ Սամուէլ Թադէոսեան, որ աւարտին փոխանցեց իր սրտի խօսքը: Թադէոսեան գնահատեց լիբանանահայութեան ճիգերը` սատար հանդիսանալու Արցախին:
Իսկ իր Լիբանան այցելութիւնը անջնջելի տպաւորութիւն ձգած էր իր վրայ` ի տես օտար երկիր ապրող հայերու հայապահպանման համար թափուած ճիգերուն: Խօսելով ժապաւէնի վաճառքին մասին` ան ըսաւ, որ իր պարտականութիւնն էր եւ ինք ուրախ է, որ «Շուշի» կոմիտէին հետ գործակցաբար իր համեստ մասնակցութիւնը բերած է «Արցախ ֆոնտ»-ի ազգանուէր գործունէութեան` խոստանալով շարունակել իր գործը:
Այս իմաստով ան արդէն Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով կը պատրաստէ նոր ժապաւէն մը, որ կը ներկայացնէ հպարտառիթ էջերը մեր պատմութեան:
Իր խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց «Շուշի» կոմիտէութեան այս գործակցութեան համար` մաղթելով, որ երթը կը շարունակուի եւ մենք մեր լեռնային նկարագիրով դէմ կը դնենք աշխարհի սպառնալիքներուն:
Ձեռնարկին ներկաներուն բաժնուեցան «Չկրակուած փամփուշտներ» ժապաւէնի օրենակները եւ «Արցախ ֆոնտ»-ի գործունէութիւնը ներկայացնող գրքոյկ մը:

