ՀՅԴ Երիտասարդականի Մասնակցութիւնը Եւրոպական Ընկերվարական Երիտասարդներու Խորհրդաժողովին

Fotor01009122545ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ 2-5 հոկտեմբեր 2014-ին Պրիւսքսէլի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպական ընկերվարական երիտասարդներ կազմակերպութեան (www.youngsocialists.eu) հրաւիրած խորհրդաժողովը, Եւրոպայի ընկերվարականներու կուսակցութեան գրասենեակին մէջ (www.pes.eu):

Խորհրդաժողովին ընդհանուր բնաբանն էր «Բարեփոխումները Եւրոպական ընկերվարական երիտասարդներ կազմակերպութեան մէջ»:

ՀՅԴ Երիտասարդականը մէկ ներկայացուցիչով` Սարինէ Աբրահամեան (Հոլանտա), մասնակցեցաւ այդ խորհրդաժողովին:

Խորհրդաժողովի բացման ելոյթով հանդէս եկան Եւրոպական ընկերվարական երիտասարդներ կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարը եւ  Եւրոպական ընկերվարական երիտասարդներ կազմակերպութեան ներկայացուցիչը, որոնք կարեւոր նկատեցին բարեփոխումներու հարցը երկու կազմակերպութիւններուն մէջ:

Երեք օրերու ընթացքին մասնակիցները ունկնդրեցին դասախօսութիւններ` «Համեմատութիւն եւրոպական ընկերվարական շարժման պատմութեան եւ ներկայի պատկերին միջեւ», «Ժողովրդավարութեան ամրապնդումը երիտասարդական շարժման մէջ» եւ այլ նիւթերով:

Մասնակիցները բաժնուեցան 7 խումբի, որոնցմէ իւրաքանչիւրը քննարկեց նիւթ մը` մօտեցում եւ առաքելութիւն, անդամ կազմակերպութիւններու մասնակցութիւն, նիւթական հարցեր, քուէարկութեան համակարգ եւ այլն, աւարտին ներկայացնելով խումբին  տեսակէտը:

Եւրոպական ընկերվարական երիտասարդներ կազմակերպութեան նախագահութիւնը խումբերէն ստացած տեսակէտները քննարկելէ ետք, զանոնք կ՛ուղարկէ անդամ կազմակերպութիւններուն` առ ի քննարկում, որմէ ետք վերջնական տարբերակը կը քննարկուի կազմակերպութեան ընդհանուր համագումարին մէջ:

Share this Article
CATEGORIES