Անփոխարինելի Երկու Ակունքներ. (Կրթական Վերամուտի Եւ Թարգմանչաց Տօնին Առիթով)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Տարօրինակ երեւոյթ եւ ճշմարտութիւն մը ինքզինք կը պարտադրէ ըստ ամենայնի: Այն, որ աւելի քան հազար վեց հարիւր տարիէ Հայաստանի յարատեւութեան  եւ հայութեան գոյութենական պայքարին վերաբերող ամէնէն ազդու եւ անփոխարինելի պատուանդան են եղած հայ վարժարանն ու հայ մտքի հզօրութիւնը:

Երկու զիրար ամբողջացնող եւ իրարմով սնուցանուող արժեհամակարգեր, որոնց իւրաքանչիւրին դերն ու իմաստը ցարդ կը մնան եզակի եւ առանձնայատուկ:

Պարզ ասած, հայոց լեզուի ուսուցման, հայ ոգիի բացայայտման եւ ինքնաճանաչման միակ կռուանը կը մնայ հայ վարժարանը, որով կրցեր ենք մենք մեզ պաշտպանել ստոյգ ուծացումէ եւ այլասերումէ, եւ այլապէս ալ, տուեալ կառոյցի բացակայութեան, հայ հանճարն ու իմացական կարողականութիւնը, եւ շատ անգամ առանց լեզուի տիրապետումին իսկ հայը կրցեր է իմացապէս ճառագայթել եւ ինքզինք պարտադրել` ի խնդիր ազգերու եւ քաղաքակրթութիւններու զարգացման:

Երկուստեք պատմութեամբ թաթաւուն եւ պատուաբեր յաջողութիւններով լի օրինակներու յաճախ կը հանդիպինք: Այսինքն` մէկ կողմէ հայկական վարժարան յաճախած սերունդներու յաջողութիւններուն եւ միւս կողմէ` տուեալ միջավայրէ զրկուած հայորդիներու համաշխարհային նուաճումներուն, այո՛, հայ բազմադարեան հանճարի ու պայծառ մտքի դրսեւորումներու արտասովոր  պատկերներու:

Ընդունիք նաեւ, թէ դժխեմ եւ տառապալից պատմութեամբ յագեցած դարերու ամբողջ պաստառը, թէեւ ծանր է կշռած հայ ժողովուրդի կենսունակութեան պահպանման թէ ստեղծագործ հոգեմտաւոր աշխարհի շարունակութեան վրայ, այդուամենայնիւ, անկասելի եւ նպատակասլաց երկու մղիչ ուժեր են հանդիսացեր հայ կրթական հաստատութիւնն ու հայոց հանճարի ակունքը հանդիսացող ազգային ժառանգականութիւնը:

Արդ, պէտք է մտածել այս ուղղութեամբ. միթէ ժամանակը չէ՞ հասեր ըստ էութեան քննութեան առարկայ դարձնելու եւ գիտական հիմնաւորումներու առկայութեան լուծումներ առաջադրելու բոլոր այն կրթական հարցերուն եւ ազգային մտահոգութիւններուն, որոնք ճնշող ներկայութիւն են այլեւս եւ կը կարօտին համազգային արտակարգ ճիգի ու կամքի դրսեւորումներու:

Այլ խօսքով, միթէ նպատակայարմար չէ՞ ստեղծել միջավայր մը փրկելու համար ստուար թիւով օտար վարժարաններու կախարդանքին յանձնուած հայ ծնողներու եւ աշակերտներու ճակատագիրը, ինչպէս կ՛ընեն մեզ շրջապատող այլ ժողովուրդներ:

Հաւանաբար երեւութապէս հակասական թուին ներկայացուած մտքերը. մէկ կողմէ ջատագովանքը կատարելու հայ վարժարանին, եւ միւս կողմէ` փրկութեան կանչեր բարձրաձայնելու օտար վարժարաններու գրասեղաններու ետին օրըստօրէ հայութենէ հեռացող մեծ թիւով աշակերտներու:

Պատճա՞ռը, այն մեծ հարցադրումն ու կոտտացող ցաւն է, որ տակաւ կը խեղդէ սփիւռքահայ իրականութիւնը` ի տես օտարամոլութեան եւ հայաթափումի ահաւոր պատկերին:

Կրկին կրթական վերամուտ է:

Մեզի համար անիկա խորհրդանիշն է հայաշունչ կառոյցի մը ամէնամեայ վերածնունդին, հայաբորբ զգացումներու վերայայտնաբերումին, անցեալի հրաշք մեծութիւններու հետ հաղորդակցելու գիտակցութեան, Արարատի վեհութիւնն ու պատգամը վերաջրդեղելու պատրաստակամութեան, այո՛, ազգային ուխտի եւ համոզումի վերաթարմացման:

Միւս կողմէ, հայ վարժարանը` հաւատարիմ իր կոչումին, իր դռները կը բանայ նորովի երազներով յագեցած եւ ազգանուէր կամքով շիկացած շարունակելու իր մարդկային ու հայեցի առաքելութիւնը:

Հայրենազուրկ ազգի մը համար նման ամէնամեայ սխրանք արդէն իսկ վիթխարի աշխատանքի մը ցուցանիշ է, հաւաքական նուաճումի անմիջական եւ կայտառ արտայայտութիւն:

Ընդգծենք, որ Թարգմանչաց տօնը իր ազգային¬գաղափարական, ընկերային¬ քաղաքական արժէքով նաեւ միասնաբար խորհրդածելու առիթ մըն է, այդ հսկայական խորհուրդին հետ ըլլալու եւ ապրելու հրաւէր մը, հաստատ մտածումով վկայակոչելու պատեհութիւն` էապէս թափանցելու անոր պատմափիլիսոփայական իմաստին մէջ:

Որովհետեւ` Թարգմանչաց տօնը, որ խորքին մէջ հայոց ամէնէն պանծալի եւ պատուաբեր տօներէն մէկն է, որով մենք աւելի հայացանք, ազգային դիմագիծ ստացանք, մշակոյթ կերտեցինք եւ դարերու մաշումին եւ դժուարութիւններուն դէմ դնելու կարողութիւնը, հաւաքական ուժն ու գիտակցութիւնը վաստկեցանք:

Աւելցնենք, որ առանց Մեսրոպ Մաշտոցի գիւտարար մտքին, յարատեւող ճիգին եւ ամրակուռ համոզումին` սեփական գիրեր ունենալու, ոչ մէկ նշանակութիւն պիտի ունենային Թարգմանչացը թէ այլ տօներ:

Այլ խօսքով` եթէ երբեք Գրիգոր Լուսաւորիչ հայութեան հոգիները լուսաւորեց, կուռքերու պաշտամունքէ եւ խաւարամտութենէ մեզ փրկեց, ապա Մեսրոպ Մաշտոց հայոց միտքերը պայծառացուց, մարդկային յառաջդիմութեան եւ ազգային զարգացման ճանապարհը հունաւորեց, եւ իր տեսլականով ազգի մը ապագան կողմնորոշեց:

Աւելի՛ն. եթէ երբեք քրիստոնէութիւնը մեզ` ազգովին հոգեփոխեց եւ դէպի յաւիտենականութիւն առաջնորդեց, ապա մեծն Մեսրոպ Մաշտոց` շնորհիւ իր գիտնականի կազմաւորումին, բացառիկ հայրենասէրութեան եւ  եզակի հանճարին, հայութեան նուիրեց այնպիսի հրաշք մտածում մը, գիւտարար աշխատանք մը, ինքնութեան եւ պատկանելիութեան հզօր պատուանդան մը, գոյատեւման զէնք մը` հայոց լեզուն, որով գոյատեւեցինք դարեր ու դեռ կ՛ապրինք ու կը ստեղծագործենք աւելի քան 1600 տարիէ:

Անվարան պէտք է հաստատենք, որ հայոց քրիստոնէութեան պետական կրօնի հռչակումէն ետք Մեսրոպ Մաշտոցի աստուածահաճոյ գիրերու գիւտը հզօրագոյն զէնքն է եղած հայութեան: Պատմականօրէն գիտենք, որ 4¬րդ եւ 5¬րդ դարերուն, մէկ կողմէ Սասանեան Պարսկաստանը, եւ միւս կողմէ Բիւզանդական կայսրութիւնը ինչպիսի ճնշումներու տակ էին պահած Հայաստանը:

Անոնց ազդեցութիւնը հետզհետէ կը սաստկանար: Հայութիւնը պէտք է մտածէր ելքի մը մասին. ապահովել ազգային միասնականութիւն, իւրայատկութիւն եւ ներշնչումի կարելիութիւններ, պահպանելու համար դարաւոր մշակոյթն ու ժառանգութիւնը, թէկուզ հեթանոսական ժամանակէ մնացած:

Այսինքն, հայոց լեզուն եղաւ այն միակ պատուանդանն ու ամուր հիմքը, որուն վրայ կառուցուեցաւ հայոց պատմութիւնը իր երգով, պարով, հեքիաթներով, առասպելներով, ժողովրդագրական պատկերով եւ հոգեմտաւոր բազում պաշարով:

Եւ այսպէս` թարգմանչական աշխատանքը ունեցաւ թէ՛ ազգային, թէ՛ ընկերային, եւ թէ քաղաքական իմաստ: Անով մենք կրցանք կապի մէջ մտնել դրացի ժողովուրդներուն հետ, կամրջել քաղաքակրթական հարստութիւնները, փոխանակել մշակութային արժէքներ եւ կանգնիլ յառաջադէմ ազգերու շարքին:

Այսինքն, ինքնուրոյն ազգ մը ըլլալու ճիշդ ճամբան գտանք եւ մեր շրջապատին մէջ մենք մեզ պահեցինք իբրեւ իւրայատուկ շունչ ու ոգի ունեցող ազգային հաւաքականութիւն:

Սակայն, ինչպէս մօտիկ անցեալին, նաեւ այսօր հայ վարժարանն ու հայոց լեզուն կը դիմագրաւեն բազմաթիւ դժուարութիւններ: Յաճախ կը շեշտենք հայոց լեզուի մեծութիւնը, հզօր զէնք եւ ուժ ըլլալու իրականութիւնը, անոր կարողութիւնը` նորահաս սերունդները հայ պահելու:

Հարց կու տանք, եթէ երբեք մեր մեծ հայրերն ու մայրերը թուրքին եաթաղանին ու բարբարոսութիւններուն դէմ կրցան դնել` կառչած մնալով այս սրբազան արժէքին` մայրենիին, ապա ինչո՛ւ մենք այսօր կռնակ ենք դարձուցեր եւ կը փախչինք անկէ:

Հայ վարժարանը, որ դարեր շարունակ ամէնէն ապահով եւ ապաւէն տուող միջավայրն է հանդիսացեր, ինչո՛ւ կը լքուի նոյնինքն հայ ծնողներու կողմէ, անիմաստ բացատրութիւններով եւ անտեղի չքմեղանքներով:

Միթէ հայ վարժարանը չէ՞, որ հայոց լեզուի ուժն ու կարողութիւնը, մայրենիին գեղեցկութիւնն ու գրաւչութիւնը, շունչն ու ոգին պիտի փոխանցէ` որպէս ամէնէն մնայուն եւ արժէքաւոր հարստութիւն:

Այսօր հայ մարդը, ուսուցիչը, գրողը, պետական այրեր թէ ամբողջ հայութիւնը ի Հայաստան եւ սփիւռս աշխարհի մտահոգ են մայրենիին ճակատագիրով: Ինչո՛ւ, որովհետեւ սկսած ենք գիտակցաբար թէ ոչ դաւաճանել անոր, ուրանալ անոր ներկայութիւնը, օտարամոլ դառնալ, չսիրել եւ կամ հաճոյք չառնել անոր վայելչութենէն, եւ մասամբ նորին:

Այո՛, կայ տագնապ եւ խուճապ ամէնուրեք:

Սակայն կայ նաեւ կամք` շարունակելու մեր նախնեաց սրբազան ժառանգի գիտակցութիւնը: Որովհետեւ առանց լեզուի ինչպէ՛ս պիտի կարենանք ճանչնալ եւ հաղորդուիլ նախնեաց հետ, վաղեմի դարերուն հետ, հասկնալ եւ հպարտանալ անոնց ստեղծագործ ուժով:

Այլապէս ի՛նչ կը նշանակէ Թարգմանչաց եթէ ոչ մօտիկ զգալ հեռաւոր անցեալի ամէն մէկ հանճարին, արժէքին եւ ստեղծագործ մտքին:

Օրինակ` Լուսաւորիչ, Մաշտոց, Սահակ Պարթեւ, Վռամշապուհ թագաւոր, Եղիշէ, Խորենացի, Մամիկոնեան, միջնադարեան մանրանկարչութիւն, Շնորհալի, Նարեկացի, Իսրայէլ օրի, Դաւիթ բէկ, Խրիմեան Հայրիկ, Աբովեան, Րաֆֆի, ազատագրական պայքարի ռահվիրաներ, Պարոնեան, Օտեան, Դուրեան, Մեծարենց, Չօպանեան, Դանիէլ Վարուժան, Սիամանթօ, Չարենց, Տէրեան, Գոհար Գասպարեան, Վիքթոր Համբարձումեան, Հրաչեայ Աճառեան, Արշիլ Կորքի, Յ. Օշական, Սարոյեան, Ազնաւուր, հասնելով աշխարհահռչակ օփերայի երգչուհի Յասմիկ Պապեանի:

Առանց տարակուսելու կրկին անգամ հաստատենք, որ միայն լեզուով ու գրականութեամբ մարդ կրնայ զգալ, ապրիլ ե՛ւ անհատական ե՛ւ հաւաքական տառապանքներն ու յոյզերը, երազներն ու ձգտումները:

Կ՛ըսուի, որ ոգին է կարեւոր եւ ոչ թէ լեզուն: Ուստի ինչպէ՞ս պիտի կարենանք հասկնալ ոգին, որ գոյութիւն ունի բանաստեղծի հոգիի մէջ, քաջ հերոսին բազուկներուն կապուած, այն ոգին, որ դարերու պատմութիւն ունի, ինչպէ՞ս պիտի ժառանգենք, գիտակցինք եւ տէր ըլլանք անոր, եթէ ոչ մայրենի լեզուին հետ հաշտ ըլլալով, զայն լաւ ճանչնալով, սիրելով եւ ապրեցնելով, ամէն օր գործածելով, ճոխացնելով եւ յառաջդիմելով:

Լեզուն բառերու կապակցութիւն է, քերականական թէ շարահիւսական ճշգրիտ դասաւորում: Բառը խոր իմաստ ունի, պատմութիւն ունի, գեղեցկութիւն ունի, արուեստ է, հայրենիք է:

Լեզուն գիտութիւն է, բարձրագոյն արժէք` հասկնալու շրջապատն ու իրերը: Ակադեմիա է ան, գիտական նուաճումներու հետ հաղորդ ըլլալու միջոց: Ի զուր չէ, որ աշխարհահռչակ աստղագէտ Վիքթոր Համբարձումեան ուզած է աստղերուն հետ հայերէն խօսիլ:

Ահաւասիկ հանճար մարդուն մեծութիւնն ու յարգանքը իր մայրենիին հանդէպ:

Այսօր ներկայ սերունդը բազմաթիւ լեզուներու կը տիրապետէ: Հարցը այն չէ, թէ քանի լեզու գիտես, այլեւ` անոնց կողքին մայրենին որքա՛ն կը սիրես ու կը յարգես:

Ճիշդ է, որ լեզուներու իմացութիւնը ներքին ուժ, ինքնավստահութիւն, մակարդակ, որակ, շունչ, գիտական պատրաստուածութիւն կը փոխանցէ, ճիշդ է նաեւ այն, որ այդ լեզուներու կողքին, մայրենիի իմացումը, քեզ պիտի հոգեզինէ եւ աւելի մօտ պիտի պահէ դարաւոր անցեալին եւ ազգային արժէքներուն:

Հայրենապաշտ, ազգասէր, աշխարհահռչակ ու անզուգական  սոփրանօ Յասմիկ Պապեանի գերմանացի ամուսինը հայերէն գրել ու կարդալ կը սորվի, որպէսզի կարենայ աւելի սիրելի ու պաշտել  իր կողակիցը: Ան շատ լաւ հայերէն գիտէ եւ կը կարդայ Չարենց, Տէրեան ու Սեւակ:

Դժբախտաբար, դէպի օտար վարժարաններ հայ աշակերտներու հոսքը հայ վարժարանը կը զրկէ նիւթական հսկայական կարելիութենէ: Ինչո՛ւ խտրութիւն դնել հայ եւ օտար վարժարաններու միջեւ, ինչո՛ւ մէկը միւսէն ստորագնահատել:

Մեծապէս հաւատացողն ենք, որ հայ վարժարանը պէտք է զարգանայ, բարգաւաճի, յառաջդիմէ, բարեզարդուի, կապի մէջ մտնէ արդի արհեստագիտութեան եւ բազում կրթական նուաճումներու հետ, որպէսզի փրկուի լճացումէ եւ ինքնաքանդումէ:

Մանկավարժօրէն փաստուած է, որ երեխան իր առաջին բառերն ու նախադասութիւնները մայրենի լեզուով պէտք է կատարէ, որպէսզի կարենայ ճիշդ ձեւով հասկցուիլ եւ արտայայտել իր աշխարհը: Ան աւելի պիտի զարգանայ եւ ինքնավստահ մեծնայ:

Հայ վարժարանը հայաբոյր օճախ է, ջերմ ընտանիք է, ուր Արարատի շունչն ու պատկերը կը սաւառնին, հոգի կը սնուցանեն: Իսկ օտար վարժարանի գրասեղանները ոչ մէկ ատեն ջերմ ու հարազատ են եղած, ապրումներով լեցուն եւ յոռի երեւոյթներէ ձերբազատ: Հայ վարժարանը դէմ է ամէն նուաստացումի, ուրացումի, օտարի լուծին ենթարկուելու, թրքասիրութեան, ինքնութեան պարպումի եւ պատկանելիութեան փոշիացումի:

Ան մեզի կը սորվեցնէ տէր ըլլալ ամէնէն նուիրական արժէքներու: Կը փոխանցէ   ինքնաճանաչողութիւն եւ հեռանկար, ինչ որ կ՛ենթադրէ աւելի հասունութիւն եւ յանձնառութիւն:

Թարգմանչաց սերունդը մեզի սորվեցուց հարցադրող ըլլալ, քննական միտք զարգացնել, գիտական նուաճումներու հաղորդ ըլլալ, շատ անգամ մեր «ո՛չ»-ը ըսել, երբ իրաւացի ենք եղած մեր դատումներուն մէջ, հայրենապաշտի կերպարին ճիշդ գնահատում դրսեւորել, ազգային հաւաքական գործելակերպին նորաշունչ եւ արդի հասկացողութիւններու կշռոյթ եւ գիտակցութիւն ագուցել:

Նախ մենք մեզ լաւ ճանչնալու եւ ապա կարենալ սիրելու հայրենիքը, ազգը եւ փառաւոր մշակոյթը:

Հայոց դասագիրքերու առաւել արդիականացումը, ճոխացումն ու աւելի մատչելի եւ հետաքրքրական դարձնելը  աւելի քան հրամայական պահանջ է ներկայի համաշխարհային կրթական նուաճումներու հետ կապ հաստատելու եւ զարգանալու:

Չմոռնալ աշխարհի տարածքին հայ մեծանուն, վաստակաւոր ու հռչակի տիրացած հայ անհատներու իրագործումները տարբեր մարզերու մէջ: Ներշնչուիլ եւ հպարտանալ անոնցմով, եւ ի հարկին անոնց հետ հաղորդակցիլ` յանուն մայրենի լեզուի տարածման եւ սեփական պատմութեան ճանաչման:

Մտահան պէտք չէ ընել, որ Արցախի ազատագրական պայքարը ամէն բանէ առաջ հայոց գոյութենական պայքարն էր` պահպանելու սրբազան հողը, հայկականութիւնն ու ազգային արժանապատուութիւնը, լեզուն ու կրօնքը:

Անոնք` արցախահայութիւնը թշնամիին դէմ կռուելու ոգի ցոյց տուին, Արցախի Մամիկն ու պապիկը պաշտպանելու համար արիւն թափեցին, ազգը յարատեւելու գիտակից եւ վճռական քայլեր առին, չվախցան, հայօրէն մտածեցին, կռուեցան, տոկացին եւ յաղթեցին:

Այո՛, հայ վարժարանն ու հայ դաստիարակը պիտի շարունակեն անդադար յիշեցնել այս բոլորը, որովհետեւ անիկա իրաւն է, ճշմարիտը: Հարց տանք, թէ հայ վարժարան յաճախած, հայեցի կրթութիւն ստացած ծնողներ, ինչպէ՞ս կրնան իրենց զաւակները օտար վարժարան ղրկել` իրենց իսկ խորթ խափուսիկ պատճառաբանութիւն եւ կեղծ համոզումներ ունենալով:

Արդարեւ, Թարգմանչացը ուխտի վերանորոգման օր է, հաւատարիմ մնալու մայրենիին, նախահայրերու նուաճումներուն եւ ազգային արժանապատուութեան:

Share this Article
CATEGORIES