Սուրիոյ Սահմանին Վրայ Թրքական Բանակին Դէմ Երկու Յարձակումներ
Թրքական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Սուրիոյ հետ սահմանին մօտ թրքական բանակի դիրքերուն դէմ երկու զինեալ յարձակումներ կատարուած են: Ըստ «Տողան» լրատու գործակալութեան, մարդ մը սպաննուած է, երբ բողոքի ցոյցերու ընթացքին սպաննուած երկու անձերու յուղարկաւորութենէն ետք խմբակի մը եւ ապահովական ուժերու միջեւ բախում մը տեղի ունեցած է: Դէպքը արձանագրուած է Մարտին նահանգի Տարկեչիթ գաւառին մէջ: Նշեալ խումբը տեղւոյն կիսազինուորական ոստիկանութեան կեդրոնատեղիին դէմ ձեռակերտ ռումբեր նետած է եւ կեդրոնատեղին քարկոծած: Ըստ Մարտինի նահանգապետութեան հրապարակած հաղորդագրութեան, զինուորները զգուշացման համար օդը կրակած են, սակայն աւելի ուշ կրակ բացած են, երբ մօտակայ շէնքերէն կրակոցի ենթարկուած են: 27-ամեայ մարդ մը սպաննուած է, իսկ 10 ուրիշներ, ներառեալ` Տարկեչիթի փոխքաղաքապետ Սինան Աքան, վիրաւորուած են:
Ըստ «Սի.Էն.Էն.Թիւրք»-ի, երկրորդ յարձակում մըն ալ տեղի ունեցած է: Սուրիոյ հետ սահմանին մօտ թրքական բանակին մէկ դիրքը սահմանին երկու կողմերէն կրակոցի ենթարկուած է: Առնուազն հինգ անձեր վնասուած են: Դէպքը պատահած է Մարտին նահանգի Մծբին գաւառին մէջ:
RIA.ru կը հաղորդէ, որ Պինկէօլ նահանգին մէջ անծանօթներ յարձակում գործած են նահանգի ոստիկանապետին դէմ եւ ծանր վնասուածքներ հասցուցած անոր, ինչպէս նաեւ սպաննած անոր ուղեկցող երեք սպաները:
Յարձակումը տեղի ունեցած է հինգշաբթի երեկոյեան` նահանգի վարչական կեդրոնին մէջ, ուր տեղւոյն ոստիկանապետ Աթալայ Ուրքեր կը ստուգէր վերջերս ՏԱՀԵՇ-ի դէմ զանգուածային ցոյցերու ընթացքին վնասուած հաստատութիւնները:
Թուրքիոյ մէջ երկուշաբթի օրուընէ ի վեր կը շարունակուին զանգուածային անկարգութիւնները, որոնք կազմակերպուած են քիւրտ բնակչութեան կողմէ` Սուրիոյ տագնապին չմիջամտելու թրքական կառավարութեան քաղաքականութեան դէմ:
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ Արաբունար քաղաքին դէմ ՏԱՀԵՇ-ի գործողութիւններուն դէմ բողոք արտայայտելու համար Թուրքիոյ մէջ սկսած անկարգութիւնները տեղափոխուած են նաեւ ուսումնական հաստատութիւններ:
Պոլսոյ համալսարանի խումբ մը ուսանողներ սկսած են բողոքել ՏԱՀԵՇ-ի գործողութիւններուն դէմ: Նոյն համալսարանի իսլամական հայեացքներու տէր ուսանողներու խումբ մը անոնց դէմ կանգնած եւ երկու խումբերուն միջեւ վիճաբանութիւն սկսած է:
Պոլսոյ համալսարանի ղեկավարութիւնը կռիւը լուծելու նպատակով դիմած է ոստիկանութեան: Վերջինս 28 ուսանող ձերբակալած է եւ համալսարանին առջեւ հսկողութիւն հաստատած:
Նոյնպիսի անջատ ցոյցեր տեղի ունեցած են նաեւ Թուրքիոյ մայրաքաղաքի Միջինարեւելեան թեքնիք եւ Անգարա համալսարաններուն մէջ: Ձերբակալուած են 25 անձեր: Կին մը վիրաւորուած է: Անգարայի համալսարանը երէկ փակեց իր դռները:
Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ ցոյցերու սկիզբէն ի վեր 31 զոհ եւ 360 վիրաւոր արձանագրուած է:

