Իրան Կը Փորձէ Թուրքիան Արաբունարը Փրկելու Համոզել Եւ Զայն Կը Զգուշացնէ Սուրիա Ներխուժելէ

Հիւսէյն Ամիր Ապտելլահեան
ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրան Թուրքիոյ հետ կը վարէ բանակցութիւններ, որոնց նպատակը Թուրքիան համոզելն է, որպէսզի ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ Արաբունարի գրաւման արգելք հանդիսանայ:
Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտելլահեան յայտնած է. «Իրան ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու համար սուրիական կառավարութեան իր տրամադրած աջակցութեան ծիրին մէջ Արաբունարի քիւրտ ժողովուրդին օժանդակելու համար որեւէ քայլի պիտի դիմէ»:
Ան նշեց, որ Թեհրան Անգարայի հետ կը բանակցի` աւելցնելով. «Թուրքիոյ հետ մեր նախնական բանակցութիւններուն ընթացքին մենք գտանք, որ այդ երկիրը շրջանին մէջ ճգնաժամի վատթարացման չի զօրակցիր, եւ կը յուսանք, որ դրական դեր մը պիտի ստանձնէ»:
Ան նաեւ ըսաւ, որ Անգարա կրնայ «սուրիացի գաղթականներուն տուն վերադառնալու օժանդակութեան գործին մէջ ամէնէն կարեւոր դերը ստանձնել»:
«Միացեալ Նահանգներ ՏԱՀԵՇ¬ի դէմ յարձակումներու սկսելէն առաջ տեղեակ պահած էին, որ Ասատի կառավարութեան կեդրոններուն դէմ յարձակումներ չեն ծրագրեր: Այդպիսի տեղեկութիւններ հաղորդած էին նաեւ Դամասկոսին, սակայն այդ հարցին մէջ անոնց չենք վստահիր: Միացեալ Նահանգներու կամ որեւէ այլ երկրի կողմէ Սուրիոյ պետական գերիշխանութեան դէմ որեւէ քայլ, թռիչքներու արգիլեալ գօտիի ստեղծում կամ զօրքերու ներխուժում Սուրիոյ տարածք վատ հետեւանքներ պիտի յառաջացնէ: Այդ հարցով նախազգուշացուցած ենք Թուրքիան», ըսած է Ապտելլահեան:

