ՏԱՀԵՇ-ի Հարցով` Ամերիկեան Եւ Թրքական Բանակներուն Միջեւ Հանդիպում

Ալըն եւ Չաւուշօղլու
«Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ ամերիկեան եւ թրքական բանակներէն պատուիրակներ յառաջիկայ շաբաթ Անգարայի մէջ հանդիպում մը պիտի ունենան` քննարկելու համար ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարը:
Ամերիկացի երկու բարձրաստիճան պաշտօնատարներ հինգշաբթի օր Անգարայի մէջ հանդիպում ունեցած են թուրք պաշտօնատարներու հետ` ջանալով ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին Թուրքիոյ մասնակցութիւնը ապահովել:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճեն Փսաքի թէեւ Թուրքիոյ կողմէ ստանձնուած որեւէ յանձնառութեան մը չակնարկեց, սակայն ըսաւ, որ երկու երկիրները «մանրամասն եւ շինիչ բանակցութիւններ» ունեցան:
Փսաքի յայտնեց, որ հանգստեան կոչուած զօրավար Ճոն Ալըն եւ Իրաքի հարցով Միացեալ Նահանգներու յատուկ պատուիրակ Պրեթ ՄքԿըրք «ՏԱՀԵՇ-ի դէմ զինուորական ջանքերը յառաջ մղելու շարք մը քայլեր քննարկեցին»:
Ան ընդգծեց, որ զինուորական ծրագրաւորումի միացեալ խումբ մը յառաջիկայ շաբթուան սկիզբը պիտի այցելէ Անգարա` երկու բանակներուն միջեւ քննարկումները շարունակելու համար:
Փսաքի ըսաւ, որ երկու կողմերը նաեւ համաձայնած են շարունակելու ՏԱՀԵՇ-ի դէմ ջանքերու ծիրին մէջ երկկողմանի խորհրդակցութեանց «աշխուժ եւ խորացող հոլովոյթը»:
Երկու պաշտօնատարները շեշտած են, որ ՏԱՀԵՇ-ի զինուորական եւ շրջանին սպառնալու կարողութիւնը նուազեցնելու «անմիջական քայլերու կարիք կայ»:
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Չաք Հէյկ երէկ յայտարարեց. «Լաւագոյն օժանդակութիւնը, որ Թուրքիա ամերիկեան զինեալ ուժերուն կրնայ տրամադրել, արտօնելն է, որ Ինճիրլիքի ռազմակայանը օգտագործուի ՏԱՀԵՇ-ի դէմ գործողութիւններ կատարելու համար»:
Ան շեշտեց, որ հակառակ թռիչքներու արգիլեալ գօտի ստեղծելու հարցով ամերիկեան կողմին ներկայացուած թրքական յամառ պահանջներուն, Ուաշինկթըն ներկայիս այդ հարցը չի քննարկեր` աւելցնելով, որ ամերիկեան կողմը պատրաստ է այսպիսի առաջարկներ քննարկելու:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու յայտնեց, որ Թուրքիան հաւասարապէս ՏԱՀԵՇ-ի եւ սուրիական վարչակարգին դէմ է:

