Ինքնահռչակ Տոնեցքի Հանրապետութեան Մէջ Ազգային Դրամատուն Ստեղծուած Է
Ինքնահռչակ Տոնեցքի հանրապետութեան իշխանութիւնները յայտնած են ազգային դրամատան ստեղծման մասին: ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ այդ մասին ըսուած է հանրապետութեան նախարարներու խորհուրդի նիստի աւարտին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ:
Նիստի ընթացքին «հանրապետութեան կենսագործունէութեան համար անհրաժեշտ» շարք մը այլ որոշումներ որդեգրուած են:
Նախապէս Տոնեցքի հանրապետութեան իշխանութիւնները յայտարարած էին, որ պիտի ապահովեն ռուսական ռուբլիի շրջանառութիւնը` ուքրանական քրիւնայի հաւասար:
Սեփական դրամանիշ պիտի չորդեգրուի:
CATEGORIES Միջազգային

