Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անժելինա Էխհորեսթ անհաւանական նկատեց Լիբանանի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի տիրապետութեան ընդարձակումը եւ կոչ ուղղեց կանխարգիլելու յաւելեալ զինումի վտանգը:
«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, քաթարցի բանագնացը վերադարձած է իր աշխատանքին եւ բանակայինները առեւանգող կողմերուն հետ վերսկսած բանակցութիւններուն:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Քապաս» օրաթերթին համաձայն, բանակայինները առեւանգող կողմերը կը պահանջեն Արսալի մէջ գտնուող սուրիացի գաղթականներուն ապաստարանները պետութեան իշխանութենէն դուրս վայրերու վերածել:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ժան Օպէյտ շեշտեց, որ բոլոր ջանքերը ի գործ պէտք է դրուին կանխարգիլելու համար վտանգները եւ վերջ տալու համար նախագահական աթոռի թափուր մնալուն:
ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Աքրամ Շեհայէպ յայտնեց, որ առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու առումով առաջարկներ կան, սակայն տակաւին յստակ չէ, թէ ի՛նչ առաջարկի հիման վրայ կը կատարուին բանակցութիւնները:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան
Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ Թրիփոլին ապահով քաղաք է` աւելցնելով, որ ապահովութեան ուժերը պէտք է խիստ ըլլան իրենց առաքելութեան մէջ:
ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի քաղաքական խորհուրդի անդամ Վերա Եամմին շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը զինելու առումով կայ միջազգային յստակ որոշում:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնեցին, որ Քալամունի մէջ զինեալ ուժերուն բաժանումը կը մնայ նոյնը, միակ տարբերութեամբ, որ Հըզպալլա յաւելեալ դիրքեր գրաւած է:
ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնած են, որ լիբանանեան բանակին իսկական եւ շօշափելի օժանդակութիւնը Միացեալ Նահանգներու կողմէ կը տրամադրուի:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ բանակայինները առեւանգող կողմերը կրցած են շահագործել անոնց ընտանիքներուն ցաւը եւ լիբանանեան պետութեան վրայ ճնշում բանեցնել:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ լիբանանեան բանակին զինումը առաջնահերթութիւն է:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերէն, շեշտեց, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը 4 տարիով երկարաձգելու քննարկումները արդէն իսկ սկսած են:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, քաթարցի պատուիրակը բողոքով արտայայտուած է բանակայինները առեւանգող զինեալներուն հանդէպ` նշելով, որ անոնք մնայուն կերպով փոփոխութեան կ՛ենթարկեն իրենց պահանջները:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ արձանագրուած իրադարձութիւնները կ՛ենթադրեն խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգել:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ նշեց, որ Թրիփոլիի բնակիչները մտահոգ են Շատի Մաուլաուիի գլխաւորած զինեալ խմբաւորումի հարցին լուծման զինուորական բնոյթէն:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Անթուան Սաատ շեշտեց, որ Հըզպալլա եւ Իրան չեն փափաքիր, որ Լիբանան հանրապետութեան նախագահ մը ունենայ, այնքան ատեն որ Սուրիա պատերազմի մէջ է:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կոչ ուղղեց վերջ տալու նախագահական ընտրութեան ձգձգումին:

