«Լիբանանեան Բանակին Անհրաժեշտ Իրանեան Նուիրատուութիւնը Պէտք Չէ Մերժել» Շեշտեց Ալի Հասան Խալիլ
Ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ երէկ յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը հաւատադրժողական ահաբեկչութեան դէմ բաց պատերազմի մէջ է` աւելցնելով, որ այդ մէկը կ՛ենթադրէ լիբանանեան բանակին օժանդակել:
Հասան Խալիլ հաստատեց, որ լիբանանեան բանակին տրամադրուած առանց նախապայմանի օժանդակութիւնները ընդունելի են` ընդգծելով որ պէտք չէ մերժել լիբանանեան բանակին տրամադրուելիք իրանեան նուիրատուութիւնը:
Անդրադառնալով հարաւային Լիբանանի մէջ Դիմադրութեան կողմէ կատարուած ապահովական գործողութիւններուն մասին արձանագրուող դատապարտումներուն` Խալիլ յայտնեց, որ դատապարտողը պէտք է հարց տայ ինքնիրեն երկրին գերիշխանութեան դէմ գործուած ցամաքային, օդային թէ ծովային իսրայէլեան ոտնձգութիւններուն եւ տակաւին վերջերս թշնամիին փամփուշտով վիրաւորուած լիբանանցի զինուորին մասին:
«Իսկ հիմնական հարցումը կը մնայ այն, որ ինչպէ՞ս կ՛ուզենք դիմադրել Իսրայէլի», հարց տուաւ ան:
Հասան Խալիլ շեշտեց, որ իրենք տակաւին կառչած կը մնան երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու անհրաժեշտութեան` ընդգծելով, որ իրենք յանձնառու են խորհրդարանին մէջ քաղաքական բոլոր ուժերուն կողմէ տարուած աշխատանքին:
Ակնարկելով աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարին` Հասան Խալիլ ամբողջական պատրաստակամութիւն յայտնեց քննարկելու այդ հարցը եւ խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերուն հետ աշխատելու, որպէսզի այդ իմաստով կարելի ըլլայ վերջնական որոշումի մը յանգիլ:

