Զասիփքին Այցելեց Մարոնիներու Լիկայի Կեդրոնը Եւ Զօր. Քահուաժիի

Զասիփքին` Մարոնիներու լիկայի խորհուրդին հետ

Զասիփքին` Մարոնիներու լիկայի խորհուրդին հետ

Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին երէկ այցելեց Մարոնիներու լիկայի կեդրոնը, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Մարոնիներու լիկայի գործադիր խորհուրդին հետ` ներկայութեամբ խորհուրդի նախագահ Սամիր Ապի Լամահի:

Հանդիպումին ընթացքին Զասիփքին շեշտեց Լիբանանի կայունութեան Մոսկուայի զօրակցութիւնը, ինչպէս նաեւ ընդգծեց ջանքերը` Լիբանանը զերծ կացուցելու շրջանային տագնապներուն հետեւանքներէն:

Զասիփքին բացատրեց Ռուսիոյ կառավարութեան տեսակէտը` տիրող կացութեան առնչութեամբ, ինչպէս նաեւ ընդգծեց անոր մշակած քաղաքականութեան սկզբունքները, որոնք հիմնուած են պետութիւններու գերիշխանութիւնները յարգելու, անոր ներքին հարցերուն միջամուխ չըլլալու եւ ահաբեկչութիւնը մերժելու վրայ:

Զասիփքին այցելեց նաեւ Եարզէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ: Քննարկուեցան Լիբանանի եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան եւ ռուսական բանակներուն միջեւ համագործակցութեան ամրապնդումը:

Share this Article
CATEGORIES