«Եթէ Հըզպալլան Չըլլար, ՏԱՀԵՇ-ը Ժունիէի, Պէյրութի Եւ Ամբողջ Լիբանանի Մէջ Անցարգելներ Զետեղած Պիտի Ըլլար» Ըսաւ Շէյխ Քասեմ
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ Լիբանան Սուրիոյ տագնապին վտանգները իմաստուն կերպով հեռացուցած է իրմէ:
Ան ըսաւ, որ առանց Հըզպալլայի ՏԱՀԵՇ իր սահմանները պիտի հասցընէր մինչեւ արեւելեան Լիբանան: «Իսկ եթէ Հըզպալլան չըլլար, ՏԱՀԵՇ-ը Ժունիէի, Պէյրութի եւ ամբողջ Լիբանանի մէջ անցարգելներ զետեղած պիտի ըլլար», ըսաւ ան:
Շէյխ Քասեմ յայտնեց, որ Սուրիայէն հեռանալու Դիմադրութեան պահանջը համազօր է Իսրայէլի դէմ Դիմադրութեան պայքարին վերջ տալու պահանջին:
Ան հաստատեց, որ իրենք Լիբանանը բաց պիտի չձգեն ՏԱՀԵՇ-ի, Ժապհաթ Նուսրայի, Իսրայէլի կամ որեւէ այլ կազմակերպութեան դիմաց:
Շէյխ Քասեմ շեշտեց, որ հաւատադրժողական շարժումները բոլորին վտանգ կը սպառնան եւ անոնց վրայ գրաւ դնելը ճիշդ չէ, որովհետեւ անոնք իրենք զիրենք չեն կրնար հանդուրժել եւ իրենք զիրենք չեն կրնար ընդունիլ:

