«ՏԱՀԵՇ Կ՛ուզէ Ծով Հասնիլ» Շեշտեց Զօր. Քահուաժի

Զօր. Ժան Քահուաժի

Զօր. Ժան Քահուաժի

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի «Լը Ֆիկարօ»-ի հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին ՏԱՀԵՇ-ը ամբաստանեց սիւննի-շիի սադրանքներ նախապատրաստելու եւ քաղաքացիական պատերազմ մը հրահրելու յանցանքով` ընդգծելով, որ ձերբակալեալ Իմատ Ժումաա խոստովանած է այդ մասին:

Զօր. Քահուաժի շեշտեց, որ Ժումաա հաստատած է, որ ՏԱՀԵՇ ծրագրած է լիբանանեան բանակին դէմ յարձակումը:

Ան աւելցուց, որ ՏԱՀԵՇ հիմնականին մէջ վստահած է Թրիփոլիի եւ Աքքարի մէջ պահուած ահաբեկչական «լուռ» բջիջներուն` աւելցնելով, որ ՏԱՀԵՇ կ՛ուզէ ծով հասնիլ:

«ՏԱՀԵՇ կ՛աշխատի Քալամունի բարձունքները կապել Արսալի, ապա` Աքքարի եւ հիւսիսային Լիբանանի հետ: Մենք դարձեալ յաջողած են զիրենք մղել դէպի լեռները, իսկ եթէ ՏԱՀԵՇ յաջողէր իր կատարած փորձին մէջ, ապա ան քաղաքացիական նոր պատերազմ մը բռնկեցուցած կ՛ըլլար», ըսաւ զօր. Քահուաժի:

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ երէկ առաւօտեան Թրիփոլիի Սայտէ շրջանին մէջ անծանօթներ ձեռնառումբ մը նետած են բանակի կեդրոններէն մէկուն վրայ, ինչ որ պատճառ դարձած է բանակայիններուն եւ զինեալներուն միջեւ կրակոցի` առանց մարդկային վնասներ պատճառելու:

Աւելի ուշ բանակը շրջուն ջոկատներով խստացուց Թրիփոլիի մէջ իր հսկողութիւնը:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ բանակի շրջուն ջոկատ մը նախանցեալ կէս գիշերին ենթարկուած է կրակոցի, իսկ Մանքուպինի մէջ սրճարանի մը վրայ նետուած է ձեռնառումբ մը:

Միւս կողմէ, Ժապհաթ Նուսրա երէկ  առաւօտեան յայտարարեց լիբանանցի զինուորի մը անջատումը լիբանանեան բանակէն: Ապահովական աղբիւրներ հաստատեցին, որ Նուսրայի կողմէ կատարուած յայտարարութիւնը կը վերաբերի Մ. Օ. անունով զինուորի մը, որ շաբաթներէ ի վեր փախստական է եւ անոր դէմ բերման գիր արձակուած է:

 

Share this Article
CATEGORIES