Վարչապետ Սալամ Ընդունեց Զահլէի Երեսփոխանական Պլոքը

Սալամ` լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդի պատուիրակութեան հետ

Սալամ` լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդի պատուիրակութեան հետ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Զահլէի երեսփոխանական պլոքը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս երկրին ապահովական կայունութիւնը:

Հանդիպումէն ետք պլոքին անունով խօսք առաւ երեսփոխան Անթուան Ապու Խաթեր, որ յայտնեց, թէ վարչապետին հետ քննարկած են Լիբանանի արեւելեան լեռնաշղթային մերձակայ շրջաններուն մէջ տիրող կացութիւնն ու անոր սպառնացած վտանգները:

Ապու Խաթեր նշեց նաեւ, որ քննարկուած են առեւանգուած բանակայիններուն թղթածրարը, հիւսիսային Պեքաայի մէջ տակաւին արձանագրուող առեւանգումները, ինչպէս նաեւ Պեքաայի կարիքները:

Ապու Խաթեր ըսաւ, որ վարչապետ Սալամ իրենց մտահոգութիւնը փարատած է` ըսելով, որ Լիբանանի պաշտպանութիւնը ապահովող շրջանային եւ միջազգային հովանաւորութիւն մը գոյութիւն ունի, «սակայն մեր կարծիքով, լիբանանեան ազգային միասնականութեան ամրապնդումն ու լիբանանեան բանակին նեցուկ կանգնիլը աւելի կարեւոր են` երաշխաւորելու համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը», նշեց Ապու Խաթեր:

Ան շեշտեց նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի Լիբանանը դառնայ առողջ մարմին մը:

Վարչապետ Սալամի այցելեց նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի:

Վարչապետ Սալամ ընդունեց նաեւ Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին խորհուրդի պատասխանատու անդամ Սօսի Փօլատեան եւ իրաւաբան Ֆատի Քարամ, որոնք վարչապետին յանձնեցին կնոջ դէմ գործուած սեռային խտրութեան մասին տեղեկագիր մը:

Երեկոյեան վարչապետ Սալամ վարչապետարանին մէջ նախագահեց սուրիացի գաղթականներուն վերաբերող յատուկ նիստին` ներկայութեամբ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի, ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպասի եւ աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզիի:

Share this Article
CATEGORIES