Պըրրի Համոզուած Է, Որ Ներքին Լիբանանեան Համախոհութեամբ Կարելի Է Հանրապետութեան Նախագահ Մը Ընտրել

Նեպիհ Պըրրի

Նեպիհ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան շրջագիծին մէջ ոչ մէկ նորութիւն արձանագրուած է, որովհետեւ անիկա բարդ հարց մըն է, որ ունի երկու ճիւղաւորում` ներքին, որուն խոչընդոտները յստակ են, իսկ արտաքին, որ ուղղակի կապուած է ամերիկեան-իրանեան կամ սէուտական-իրանեան երկխօսութեան:

Պըրրի նշեց, որ այս երկու ճիւղաւորումները իրարմէ անջատ են, «սակայն եթէ կարելի ըլլայ միայն ներքին առումով համաձայնութիւն գոյացնել, ապա ես կը խոստանամ, որ մենք կրնանք հանրապետութեան նախագահ մը ընտրել», ըսաւ ան` յոյս յայտնելով, որ նախագահական ընտրութիւն կարելի է կատարել, եւ այդ պատճառով ալ ինք խորհրդարանը նախագահական ընտրութեան նիստի մը հրաւիրած է 29 հոկտեմբեր 2014-ին:

Անդրադառնալով աշխատավարձերու յաւելումներու թղթածրարին, որ վերադարձուած էր խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերուն, Պըրրի յայտնեց, որ պետական պաշտօնեաներուն վերաբերող յաւելումները արդէն իսկ որոշուած են, եւ գրեթէ վերջնական է այդ մէկը, սակայն անկարելի է այդ օրինագիծը խորհրդարանին մէջ վաւերացնել` առանց զինուորականներուն յաւելումներուն:

«Կը փափաքիմ բանակայիններուն վիճակը բարելաւել` բանակին անդամակցող կամաւորներուն թիւը բարելաւելու նպատակով: Կը հաւատամ, որ կարելի է այդ օրինագիծը վաւերացնել եւ համաձայն եմ բանակին բոլոր առաջարկներուն», եզրափակեց Պըրրի:

Share this Article
CATEGORIES