Ապպաս Իպրահիմ Ընդունեց Առեւանգուած Բանակայիններուն Ընտանիքները
Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ վարչապետարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները ներկայացնող պատուիրակութեան մը հետ:
Հանդիպումէն ետք ընտանիքները յայտնեցին, որ բանակայինները ազատ արձակելու առումով բանակցութիւնները հեզասահ կ՛ընթանան եւ այդ հոլովոյթին մէջ պակասաւոր օղակներ չկան:
Անոնք հաստատեցին, որ լիբանանեան պետութիւնը լրջութեամբ կը հետեւի իրենց զաւակները ազատ արձակելու թղթածրարին` աւելցնելով, որ կան երաշխիքներ, թէ անոնք պիտի չգլխատուին, այլ` ազատ պիտի արձակուին:
CATEGORIES Լիբանանեան

