Ըստ Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Եւրոպական Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովին Որոշումը Քաղաքական Ոչ Մէկ Ազդեցութիւն Կրնայ Ունենալ

1009_LRH-AGNԼեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան  արտաքին գործոց նախարարութիւնը բացասական գնահատեց «Բռնութեան սրացումը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի այլ բռնագրաւուած տարածքներու մէջ» անուանումով զեկուցում պատրաստելու մասին Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ վերջերս ընդունուած որոշումը: Այս մասին Tert.am-ին յայտնած են Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան  արտաքին գործոց նախարարութենէն:

«Այդ, ինչպէս նաեւ Վեհաժողովին մէջ ընդունուած 2005 թուականի թիւ 1416 բանաձեւը, որ նոյնպէս կը բովանդակէր անընդունելի ձեւակերպումներ, կրելով զուտ քարոզչական բնոյթ, ամբողջովին կը տեղաւորուին Ազրպէյճանի կողմէ որդեգրուած քաղաքականութեան մէջ` ուղղուած ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի գործունէութեան խափանման:

Ակնյայտ է, որ նշուած զեկուցումը եւ անոր հիման վրայ  պատրաստուելիք բանաձեւը քաղաքական ոչ մէկ ազդեցութիւն կրնան ունենալ, որովհետեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը միջազգայնօրէն, որուն շարքին նաեւ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին կողմէ ընդունուած միակ ձեւաչափն է, որ կը զբաղի ազրպէյճանական – ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծմամբ», ըսուած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան պատասխանին մէջ:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ կարելի՞ է արդեօք Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի զեկուցողին այցելութիւնը Արցախ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան  արտաքին գործոց նախարարութենէն ըսած են. «Եթէ զեկուցողը կը պնդէ իր մտադրութեան մասին` պատրաստելու անկողմնակալ զեկուցում, տրամաբանական է, որ ան պէտք է այցելէ Արցախ: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան  իշխանութիւնները անոր այցելութեան կապուած որոշում կու տան համապատասխան դիմումի գոյութեան պարագային»:

Բաբայեան. «Ազրպէյճան Լուրջ Վտանգ
Կը Ներկայացնէ Քաղաքակիրթ Աշխարհին Համար»

Ազրպէյճան կը կաշառէ այսպէս կոչուած «ազատ աշխարհի» ներկայացուցիչները: Այս մասին NEWS.am-ի թղթակիցին հետ հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարեց Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբեր Դաւիթ Բաբայեան, անդրադառնալով «Բռնութեան սրումը Լեռնային Ղարաբաղի եւ գրաւեալ այլ տարածքներու մէջ» անուանումով զեկուցում պատրաստելու մասին Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի որոշման:

Վեհաժողովին զեկուցումը, ըստ անոր, փաստօրէն կը դառնայ ազրպէյճանական լոպիինկին կողմէ գնուած փաստաթուղթ: «Նախ` անուանումը ընդհանրապէս չի համապատասխաներ իրականութեան: Ազրպէյճանի մէջ ամէն ինչ այնքան ժողովրդավար, այնքան լաւ է, որ ամէն ինչ ձգած, սկսած էք զբաղիլ Լեռնային Ղարաբաղո՞վ: Ատիկա տակաւին քիչ է, Լեռնային Ղարաբաղը նաեւ գրաւեալ տարածք կը ներկայացնեն», ըսած է Դաւիթ Բաբայեան:

Ան նաեւ աւելցուցած է, որ Հայաստանի պատուիրակութիւնը ճիշդ վարուած է այդ հարցին  շուրջ կարծր դիրրքորոշում ցուցաբերելու առնչութեամբ: «Կը խորհիմ, որ ատիկա անգամ մը եւս ցոյց կու տայ, որ Ազրպէյճան պետութիւն մըն է, որ լուրջ վտանգ կը ներկայացնէ քաղաքակիրթ աշխարհին համար, որովհետեւ կաշառելով կարգ մը մարդիկ կամ ուժեր` վտանգի կ՛ենթարկէ ժողովրդավարական աշխարհը: Ասիկա պէտք է լուրջ ազդանշան դառնայ քաղաքակիրթ աշխարհին համար», ընդգծած է Արցախի նախագահի մամլոյ բանբերը:

 

Share this Article
CATEGORIES