«Պէտք Չէ Արհեստականօրէն Ուռճացնել Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Հայաստանի Անդամակցութեան Մասին Համաձայնագիրի Նշանակութիւնը» Կ՛ըսէ Արտակ Բեգլարեան

Արտակ Բեգլարեան

Արտակ Բեգլարեան

Արցախի վարչապետի մամլոյ բանբեր Արտակ Բեգլարեան «Երկիր»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին չմեկնաբանեց Եւրասիական տնտեսական միութեան  Հայաստանի Հանրապետութեան անդամակցութեան վերաբերեալ համաձայնագիրին բովանդակութիւնը,  բայց յղում կատարեց Հայաստանի վարչապետին խօսքին, որ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջեւ մաքսատան հաստատումը անկարելի է: Պատասխանելով «Երկիր»-ի այն հարցումին, թէ կարելի՞ է Ղազախստան յամառի մաքսակէտ տեղակայելու  իր պահանջին վրայ` նկատի առնելով Նազարպայեւի` նախապէս  ըրած ազրպէյճանամէտ յայտարարութիւնները, Արտակ Բեգլարեան ըսաւ, որ չի կրնար ըսել, թէ ի՛նչ արդիւնք կ՛ունենան բանակցութիւնները, մասնաւորապէս` ի՛նչ դիրքորոշումներ կ՛ընտրեն Ռուսիա, Ղազախստան եւ Պիելոռուսիա: «Անձամբ ես կը վստահիմ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնատարներու  խօսքին, որովհետեւ եթէ անոնք նման յայտարարութիւններ կ՛ընեն, կը նշանակէ, որ որոշ բան մը կայ, որուն պէտք է վստահիլ, իսկ համաձայնագիրին բովանդակութիւնը  ուղղակի բովանդակութիւն է, ուր Արցախի մասին ոչինչ գրուած է, ուրեմն պէտք չէ արհեստականօրէն ուռճացնել այդ բովանդակութեան նշանակութիւնը», ըսաւ ան: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի  վերջոյ, 10 հոկտեմբերին կը ստորագրուի՞ Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի Հանրապետութեան անդամակցութեան մասին համաձայնագիրը, թէ՞ կրկին կը ձգձգուի, Արտակ Բեգլարեան ըսաւ, որ կրնայ հիմնուիլ միայն պաշտօնական տեսակէտներու վրայ, ըստ այնմ` այդ համաձայնագիրը կարծես պէտք է ստորագրուի:

Share this Article
CATEGORIES