Եւրոպական Խորհրդարանի Անդամ Էլենի Թէոխարուսի Այցելութիւնը ՀՅԴ Կեդրոնատեղի

Եւրոերեսփոխան դոկտ. Էլէնի Թէոխարուս եւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան
Եւրոպական Միութեան խորհրդարանի անդամ (Եւրոպայի ժողովրդական կուսակցութիւն, Կիպրոս), Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Եւրոպական Միութիւն – Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախագահ դոկտ. Էլենի Թէոխարուս, 10 հոկտեմբեր 2014-ին այցելեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան «Քրիստափոր Միքայէլեան» կեդրոն եւ հանդիպում մը ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի հետ:
Դոկտ. Թէոխարուսին կ՛ընկերակցէին իր օգնականը` Իոաննիս Խարալամպիտիս եւ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան:
Երեսփոխան Թէոխարուս եւ Հրանդ Մարգարեան զրուցեցին ղարաբաղեան հիմնահարցի, Հայաստանի եւ շրջանային զարգացումներուն շուրջ: Թէոխարուս բարձր գնահատեց ՀՅԴ-ի գործունէութիւնը եւ նշեց իր երկարամեայ ծանօթութիւնը կուսակցութեան հետ` Կիպրոսի կոմիտէութեան հետ գործակցութեան ճամբով: Հրանդ Մարգարեան Թէոխարուսին յանձնեց ՀՅԴ հրատարակութեամբ գիրք եւ պատմական ալպոմ:
Հանդիպումէն ետք անոնք այցելեցին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պատմութեան թանգարանը:

