Ոչ Իշխանական Եռեակը Արձագանգեց 12 Պահանջներուն Կառավարութեան Պատասխանին

(Լուսանկարը` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի)
Ոչ իշխանական եռեակը երէկ արձագանգեց Ազգային ժողովի ոչ իշխանական ուժերու 12 պահանջներուն կառավարութեան պատասխանին` Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցած բազմամարդ հանրահաւաքով մը:
Բարգաւաճ Հայաստանը, Ժառանգութիւնը եւ Հայ ազգային քոնկրեսը յայտարարեցին, որ իշխանութիւնները, ըստ էութեան, գրեթէ ամբողջապէս անտեսած են այս տարուան յունիսին ոչ իշխանական քառեակի առաջադրած 12 կէտերու կատարումը, ինչպէս նաեւ «համարժէք չեն արձագանգած նոյնիսկ մօտ ապագային անոնց կատարման ուղղուած քայլերու իրականացման վերաբերեալ»:
«Իշխանութիւններու այսպիսի արձագանգը կը վկայէ, որ իշխող քաղաքական ուժը պատրաստ չէ երկխօսութիւն կատարելու հանրութեան հետ եւ բաւարարելու ժողովուրդի պահանջները: Ներկայիս իշխանութիւնները ի վիճակի չեն յաղթահարելու համատարած, համակարգային փտածութիւնը եւ իրականացնելու երկրի մարտահրաւէրներուն համապատասխանող արդիւնաւէտ կառավարում: Իշխող վարչակարգը, այսպիսով, սպառած է, եւ հասարակութիւնը անոր հետ չի կրնար կապել երկրի զարգացման որեւէ հեռանկար», ըսուած է երեք ուժերու հաղորդագրութեան մէջ:

