Եւրոպական Պատուիրակութիւնը` Հայաստանի Մէջ

10406390_956908520993100_6724995391988764119_n9 հոկտեմբերին Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Եւրոպական Միութիւն – Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախագահ, եւրոպացի երեսփոխան դոկտոր Էլենի Թէոխարուս այցելեց Հայաստան: Անոր կ՛ընկերակցէին իր խորհրդատուն` դոկտոր Իոաննիս Խարալամպիտիս, Պելճիքայի Լէօվենի կաթողիկէ համալսարանի դասախօս Պեռնար Քուլի եւ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան:

Երեւանի մէջ պատուիրակութիւնը այցելեց Հայոց ցեղասպանութեան յուշակոթող` Ծիծեռնակաբերդ, ապա հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանի եւ Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութեանց մնայուն յանձնախումբի նախագահ Արտակ Զաքարեանի հետ:

Երեսփոխան Էլենի Թէոխարուս Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովին կողմէ արժանացաւ պատուոյ մետալի:

Պատուիրակութիւնը զրուցեց Եւրոպական Միութիւն – Հայաստան վերջին զարգացումներուն մասին, Միջին Արեւելքի ճգնաժամին ու յատկապէս Իրաքի եւ Սուրիոյ փոքրամասնութեանց հալածանքներուն շուրջ, ինչպէս Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հիմնահարցի լուծման եւ հակահայ թուրք-ազրպէյճանական յարձակողապաշտութեան մասին:

Նշենք, որ շաբաթ օր պատուիրակութիւնը պիտի ուղղուի Արցախ, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ երկրին ղեկավարութեան հետ. պիտի արծարծուին Եւրոպայի մէջ Արցախի ճանաչման հարցը, զբօսաշրջիկութեան յաւելեալ խթանումը եւ այլ կարեւոր հարցեր: Նաեւ համաձայնագիր մը պիտի ստորագրուի Արցախի պետական համալսարանի եւ Լէօվենի կաթողիկէ համալսարանին միջեւ:

«Հայաստանի եւ Արցախի ղեկավարութեանց հետ նման բարձր մակարդակի հանդիպումները մեզի համար կարեւոր են: Հայաստանը Եւրոպայի մէջ ունի անկեղծ բարեկամներ, որոնք Հայաստանի դիրքերը կ՛ամրացնեն Եւրոպական Միութեան մէջ. յառաջիկայ տարիներուն ա՛լ աւելի պիտի խթանուի ակադեմական եւ կրթութեան մարզերուն մէջ համագործակցութիւնը», ըսաւ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան: Կարապետեան նաեւ բարձր գնահատեց հայ ժողովուրդի եւ Արցախի երկար տարիներու բարեկամ Թէոխարուսին յանձնուած պատուոյ շքանշանը:

Յառաջիկայ շաբաթ երկու տարբեր ձեռնարկներ տեղի պիտի ունենան Եւրոպական խորհրդարանին մէջ: Պիտի ներկայացուի Աննա Աստուածատրեան – Թարքոթի «Ոչ մէկ տեղ. աքսորի պատմութիւն» գիրքը, որ հալածուած հարիւր հազարաւոր ազրպէյճանահայութեան ձայն կու տայ, նաեւ Արցախի անկախութեան 23-ամեակին առիթով տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն: Հոկտեմբերին, Եւրոպայի զանազան երկիրներու մէջ պիտի ցուցադրուի Ջիւան Աւետիսեանի «Թեւանիկ» ժապաւէնը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES