Ըստ «Պիլտ»-ի. Մխիթարեանի Մասնակցութիւնը Քէօլնի Դէմ` 80 Առ Հարիւրով Է
Պորուսիա Տորթմունտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան ըստ երեւոյթին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ «Պունտըսլիկա»-ի 8-րդ հանգրուանին Քէօլնի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին, կը յայտնէ «Պիլտ»:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի 25 տարեկան ֆութպոլիստը իր առողջութիւնը վերականգնած է 90 առ հարիւրով եւ անոր մասնակցութիւնը Քէօլնի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին 80 առ հարիւրով է:
Նշենք, որ վնասուածքի պատճառով Մխիթարեան իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել Հայաստանի հաւաքականին կատարելիք յաջորդ մրցումներուն, կ՛եզրափակէ ArmSport.am:
CATEGORIES Մարզական

