Եւրոպայի 19 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Հայաստան 3-0 Արդիւնքով Պարտուեցաւ Իտալիայէն
Սերպիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար 2015-ի ախոյեանութեան Թ. խմբակի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ իր կատարած առաջին մրցումին, երէկ Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականը 3-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Իտալիայէն:
Մրցումին երեք կոլերն ալ նշանակուեցան Բ. կիսախաղին:
Վաղը հայրենի կազմը կը մրցի դաշտին տիրոջ դէմ, որ երէկ յաղթեց Սան Մարինոյին (4-0):
CATEGORIES Մարզական

