Եուրօ-2016. Այսօր` Հայաստան – Սերպիա
Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 11 հոկտեմբերին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Սերպիան: Մրցումը պիտի սկսի ժամը 19:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Երէկ յստակ դարձաւ, որ այս մրցումին ներկայ պիտի գտնուի նաեւ Սերպիոյ նախագահ Տոմիսլաւ Նիքոլիչ, որ երէկ ժամանեց Հայաստան:
Հայրենի կազմին այս մրցումը Հայաստանի մէջ պիտի ցուցադրուի հանրային պատկերասփիւռի կայանի ուղիղ եթերէն միայն եւ ոչ թէ անոր արբանեակային կայանէն:
Կը կարծուի, որ այս մրցումը պիտի ցուցադրուի «Ապու Տապի-6» մարզական կայանէն:
Թէեւ հայրենի կազմը այս մրցաշարքը սկսաւ պարտութեամբ, սակայն կ՛ակնկալուի, որ Հայաստան ամէն գնով յաղթանակ մը արձանագրէ Երեւանի մէջ, հակառակ անոր որ մարզիչ Պեռնար Շալանտ իր կազմէն ունի շարք մը բացականեր:
Սակայն հայրենի մարզիկները բարձր տրամադրուած են այս մրցումին եւ կը յուսան լաւ արդիւնք արձանագրել, մանաւանդ որ երէկ բաւական լաւ փորձեր կատարեցին:

