Լիբանանեան Ֆութպոլ. Վաղը` Իսլահ Պըրժ Շիմալի – ՀՄԸՄ

1010_fansԼիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 12 հոկտեմբերին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը հիւրը պիտի ըլլայ Իսլահ Պըրժ Շիմալիի:

Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Սուրի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 15:30-ին:

Այս մրցումին համար ֆետերասիոնին կողմէ հսկող նշանակուած է Աֆիֆ Սըքլաուի:

Ինչպէս նախորդ մրցումներուն, այս մրցումին եւս ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ Սուրի քաղաքապետարանի դաշտ, քաջալերել ՀՄԸՄ-ի մարզիկները եւ անշուշտ ըլլալ խումբին 12-րդ մարզիկը:

Նշենք, որ այս հանգրուանին ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցան 2 մրցումներ: Շեպիպեթ Մազրաա 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Ռիատա Ուալ Ատապի հետ, մինչ Ահլի Սայտա 1-0 արդիւնքով յաղթեց Խըյուլին:

լ նշանակուեցան Բ. կիսախաղին:

Վաղը հայրենի կազմը կը մրցի դաշտին տիրոջ դէմ, որ երէկ յաղթեց Սան Մարինոյին (4-0):

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES