Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Այսօր կրնաք իրագործել ձեր որոշած աշխատանքը, որով պիտի կարենաք իրագործել շատոնց սկսած, բայց յետաձգուած աշխատանք մը:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Նորութիւններ կան ձեր կեանքին մէջ: Նոր հանդիպումներ եւ նոր պարտաւորութիւններ` ձեր ասպարէզին վերաբերեալ: Պիտի յաջողիք, ուրախ եղէք:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Հրաւէր մը պիտի ստանաք նոր հասցէէ մը: Կը վարանիք պատասխանելու, բայց պիտի յաղթէ իմաստութիւնը եւ պիտի պատասխանէք հրաւէրին: Օրը յաջող է:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ընկերովի աշխատանք մը յաջողութեամբ պիտի աւարտէք: Ունիք նոր ծրագիր, զոր պիտի կատարէք ամենայն յաջողութեամբ: Ձեր միտքը մի՛ փոխէք: Օրը լաւ է:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Պիտի կարենաք օրը օրին աւարտել այն աշխատանքը, որ յանձն առած էիք: Պիտի ունենաք հանդիպումներ գործի մարդոց հետ: Օրը ունի հետաքրքրական պատահարներ եւ անակնկալներ:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Շուկայի յատուկ առեւտուր մը պիտի իրագործէք այսօր: Այսուհանդերձ, ցուցափեղկերու դիմաց երկար մի՛ ճեմէք: Ծախսեցէք չափաւորութեամբ:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Երանելի է օրը, պիտի կարենաք իրագործել այն, որ որոշած էիք: Աշխատանքի վերաբերեալ նոր առաջարկ մը պիտի ստանաք: Պատասխանեցէք:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր աշխատանքը պիտի գնահատուի ձեր մեծաւորներուն կողմէ: Գործի բարձրացում մը հաւանական է, պատրաստ եղէք ընդունելու: Օրը բարերար է:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Կ՛երազէք ճամբորդել, նոր դէմքերու ծանօթանալ եւ լսել նորութիւններ: Ձեր փափաքները մասամբ պիտի իրականանան, բայց մի՛ պարծենաք:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Համբերութիւնը ձեր լաւագոյն բարեկամը պիտի ըլլայ: Դիւրութեամբ ընկալեցէք ձեզի վիճակուած բախտը եւ զօրութեամբ դիմակալեցէք հարցերը:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ունիք յաջողելու առաւելութիւններ: Արտայայտեցէք ձեր շնորհները եւ ինքնավստահութեամբ միացէք ընկերային շրջանակներու ծրագիրներուն:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Մանուկներու հետ գործ պիտի ունենաք, եղէք համբերատար, սիրով ընդառաջեցէք անոնց հարցումներուն: Զանոնք տարէք պտոյտի` բնութեան ծոցին մէջ:

Share this Article
CATEGORIES