50 Տարի Առաջ (13 Հոկտեմբեր 1964)

Հայաստան

Հրազդանի Կիրճին Անձեռակերտ
Քանդակները

Քարերու անձեռակերտ քանդակներու, երկաթաքարէ բնական սիւներու ինքնատիպ թանգարան մըն է Հրազդանի կիրճը:

Հայ մարդուն ձեռքով շէնցած, ճոխացած բնութեան մէջ իրենց ինքնատիպ գեղեցկութիւնը ցոյց կու տան բնական քարերը` երբեմն իրենց կոշտութեամբ, երբեմն բնական նրբութեամբ:

Հրազդանի երկաթաքարի սլացիկ սիւները չորս, հինգ, վեց, նոյնիսկ եօթը կողմեր ունին եւ աչքի կը զարնեն իրենց բնական «ճարտարապետական» արտասովոր յղկուածութեամբ:

Այս սիւները մերթ ծակոտկէն են, մերթ` ապակեփայլ, կամ` կապոյտ երանգներով «զգեստաւորուած», երբեմն ալ այնքան յղկուած ու տաշուած են, որ կարծես քարտաշ վարպետներու գործն է:

Երկաթաքարէ սիւները անառիկ պարիսպներու, հոյակապ պալատներու, դէպի երկինք բարձրացող սանդուխներու կամ երբեմն ալ գեղեցիկ շքամուտքերու պատրանքը կը ստեղծեն այցելուներուն վրայ:

Հրազդանի կիրճին մէջ կան նաեւ «քարէ հովահարներ», «քարէ գորգեր» եւ մինչեւ իսկ` «քարէ ջրվէժներ»:

Հրաշագործ բնութեան գեղեցիկ երեւոյթներ են բոլորն ալ:

Հայաստանի Արօտավայրերը

Հայաստանի հարստութիւններէն մէկն ալ անոր լեռներն են, լեռնային արօտավայրերը: Ամբողջ աշխարհ մըն է ան, որ արօտավայր ըլլալէ զատ, կարեւոր դեր կատարած է մեր ժողովուրդին բնաւորութեան, կենցաղին ձեւաւորման գործին մէջ: Ապրելով լեռներու բնաշխարհի մը մէջ` հայը սորված է սիրել բնութիւնը, սքանչանալ անոր գեղեցկութիւններով: Բնութիւնը կոփած է հայուն աննկուն կամքը:

Ու զարմանալի չէ, որ մեր լեռները, խաշնարածներուն կեանքը, անոնց կենցաղն ու սիրավէպերը այնքան լայն տեղ գրաւած են մեր ժողովրդական ստեղծագործութիւններուն մէջ, մեր մեծ գրագէտներուն` Յովհաննէս Թումանեանի, Աւետիք Իսահակեանի, Րաֆֆիի, Վրթանէս Փափազեանի, Վահան Միրաքեանի եւ ուրիշներու ծանօթ գործերուն մէջ:

Ներկայիս Հայաստանի լեռնային արօտավայրերուն տարածութիւնն է 576,000 հեկտար եւ ծովու մակերեսէն բարձր են 1800-3500 մեթր: Այնտեղ տիրող կլիման այլազան է. անձրեւներով հարուստ է հիւսիսային շրջանը, իսկ չոր ու խիստ է` հարաւը:

Պարզ է ուրեմն, թէ ջուրը շատ կարեւոր է երկրին այդ չոր մասերուն համար:

Վերջին շրջանի ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուին, որ Հայաստանի լեռնային արօտատեղիներուն վրայ արածող վեց հարիւր հազար եղջերաւոր անասուններուն եւ մօտ երկու միլիոն ոչխարներուն համար մայիս 20-էն մինչեւ հոկտեմբեր մէկ պէտք եղած է քսան միլիոն խորանարդ մեթր ջուր (խմելու եւ արօտավայրերը ջրելու):

 

Տոմսեր

Գործնական Չէզոքութիւն

Գահիրէի մէջ անցած երկուշաբթի կատարուեցաւ բացումը չէզոք կամ ոչ յանձնառու երկիրներու խորհրդաժողովին, որուն կը մասնակցին յիսունհինգ (55) երկիրներու ղեկավարներ:

Չէզոք կամ ոչ յանձնառու կը կոչուին այն երկիրները, որոնք մեծ երկիրներէ նիւթական եւ այլ ամէն կարգի օժանդակութիւն ստանալու համար չէզոք չեն, սակայն…

Ափրիկէի նորաստեղծ երկրի մը վարչապետը հետեւեալ կերպով բանաձեւած է լրագրողի մը` չէզոքութեան քաղաքականութիւնը:

– Մենք մանուկ հանրապետութիւններ ենք: Մանուկի մը համար անհրաժեշտ է ծնողքը, հօր եւ մօր օժանդակութիւնը, մեծնալու, զօրանալու, դաստիարակուելու, հարստանալու համար: Մեր հայրը կը նկատենք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, որ կ՛աշխատի, դրամ կը վաստկի եւ մեզ կ՛ապրեցնէ: Ինչո՞ւ չունենանք նաեւ մայր մը, ըսենք` Խ. Միութիւնը, որ երբեմն կ՛օժանդակէ մեզի, սա կամ նա ձեւով:

– Սակայն դուք հարկ չէ՞ք տեսներ բարոյական յանձնառութիւն մը ստանձնելու` ձեր հօր կամ մօր հանդէպ…

– Դժբախտաբար կարելի չէ: Եթէ մեր հօր կողմը բռնենք, մայրը կը վշտանայ. մօր կողմը բռնենք, հայրը կը վշտանայ: Յետոյ տեսա՞ծ էք մանուկ մը, որ իր ծնած օրէն խոստանայ օժանդակել իր ծնողքին…

– Իսկ ո՞ւր պիտի յանգի այս չէզոքութեան յարձակողականը:

– Մեր քաղաքականութիւնը խաղաղութեան կը ձգտի: Կը փափաքինք ՄԱԿ-ի անդամ 111 երկիրներէն 109-ին չէզոքութիւնը ապահովել, այդ պարագային, դուրսը պիտի մնան, իբրեւ ոչ չէզոք, այլ` յանձնառու երկիրներ, Ամերիկան եւ Խ. Միութիւնը միայն: Անոնք ալ, տեսնելով, որ իրենց «զաւակներէն» օգուտ չկայ, ի զուր դպրոց ղրկեր, մեծցուցեր են, մին, անոնք հետզհետէ կ՛ուծանան, չէզոքութեան ճամբան բռնած են, պիտի ջանան հաշտուիլ իրարու հետ եւ իրենց հարստութիւնը ազգային նպատակներու պիտի յատկացնեն…

ԳԻՍԱՒՈՐ

 

Share this Article
CATEGORIES