Նոր Ժամանակներու Մէջ. Ճամբու «Պարող» Լոյսեր
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
«ՏԸ ՔԸԼՈՍԸԼ» ԿԱՅՔԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ՀԱՆԴԻՊԻՆՔ ՃԱՄԲԱՆ ԿՏՐԵԼԷ ԱՌԱՋ ԿԱՐՄԻՐ ԼՈՅՍԸ ՅԱՐԳԵԼՈՒ ՄՂՈՂ ՀԱՃԵԼԻ ՄԻՋՈՑԻ ՄԸ:
Իր չափազանց փոքր ինքնաշարժներով հռչակաւոր «Սմարթ» ընկերութիւնը կը փորձէ իւրայատուկ այլ հնարք մը իրականացնել փողոցներուն մէջ եւ վերաձեւաւորել ճամբու «համեստ» լոյսերը` զանոնք քիչ մը աւելի փոխգործօն (ինթըրաքթիւ) դարձնելու նպատակով:
Այսպէս` ընկերութեան ձեւագծողներու խումբ մը կառուցած է պարի խցիկ մը, որ ամէն կողմէն շրջապատուած է նկարահանող գործիքներով, որոնք անցորդի մը պարի շարժումները կը վերարտադրեն բոլորիս ծանօթ ճամբու լոյսերու թուային պատկերով:
Նկարահանող գործիքներուն հաշուարկումին համաձայն, այս խցիկին զետեղումէն ետք անցորդներուն 81 առ հարիւրը կանգ առած է կարմիր լոյսին առջեւ եւ հրաժարած է օրէնքը խախտելով ճամբան կտրելէ:
Նոր ձեւագծումը պատրաստուած է «Սմարթ»-ի մէկ ծանուցումին համար, որուն մէջ կը մէկտեղուին ճամբաները ապահով դարձնելու արշաւի մը եւ ընկերութիւնը գովաբանելու նպատակները:
Ճամբու լոյսերու «պարը» կարելի է դիտել` այցելելով հետեւեալ կայքէջը. http://www.thisiscolossal.com/2014/09/interactive-dancing-traffic-light-by-smart/



