Նոր Ժամանակներու Մէջ. Դպրոցի Կանուխ Ժամերը Կը Ջղագրգռեն Պատանիները

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

985sleep1ԳԻՏՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՁԱՅՆ, ՊԱՏԱՆԻՆԵՐ ՋՂԱԳՐԳԻՌ ԿԸ ԴԱՌՆԱՆ, ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ԴՊՐՈՑԻ ԿԱՆՈՒԽ ԺԱՄԵՐԸ ԿԸ ԽԱՆԳԱՐԵՆ ԱՆՈՆՑ ԿԵՆՍԱԲԱՆԱԿԱՆ ԺԱՄԱՑՈՅՑԸ: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ՆՈՐԱԳՈՅՆ ԿԱՐԾԻՔԸ. ՈՐԵՒԷ ՓԱՍՏ ՉԿԱՅ, ԹԷ ԴՊՐՈՑԸ ԿԱՆՈՒԽ ԺԱՄՈՒ ՄԸ ՍԿՍԻԼԸ ՕԳՏԱԿԱՐ Է:

Թերեւս պատանիներ ջղագրգիռ կը դառնան, ոչ թէ որովհետեւ կեցուածքի հարց ունին, այլ որովհետեւ դպրոցի կանուխ ժամերը կը խանգարեն անոնց կենսաբանական ժամացոյցը:

Գիտնականներու կողմէ կատարուած նոր ուսումնասիրութիւն մը ցոյց կու տայ, թէ կանուխ ժամերուն դպրոց սկսիլը կրնայ իր ներգործութիւնը ունենալ պատանիի մը տրամադրութեան վրայ, եւ թէ` դպրոցը սկսելու ժամը փոխելով` կարելի է բարելաւել պատանիի մը տրամադրութիւնը, նպաստել անոր առողջութեան եւ խթանել սորվելու կարողութիւնը:

«Լըռնինկ, Միտիա էնտ Թեքնոլոճի» թերթին մէջ լոյս տեսած ուսումնասիրութեան հեղինակները կը գրեն. «Լաւագոյն ձեւով գործելու եւ սորվելու մեր կարողութիւնը կը տարբերի մեր կենսաբանական ժամացոյցին համաձայն, եւ ոչ թէ` ընկերային աւանդական ժամացոյցին»:

Քնանալու-արթննալու 24 ժամուան պարբերաշրջանը կամ կշռոյթը արդիւնք է արթնութեան եւ քնատութեան միջեւ բարդ հաւասարակշռութեան մը, որ կը կարգաւորուի ուղեղին որոշ մէկ մասին կողմէ:

Երբ մանուկի մը կենսաբանական ժամացոյցին եւ դպրոցին ժամերը իրարու մօտ են, օրինակ, երբ ան նոր կը սկսի դպրոց յաճախել, անոր իմացական կարողութիւնները որեւէ ժխտական ազդեցութիւն չեն կրեր:

Սակայն անդրադարձները կը սկսին ակներեւ դառնալ պատանեկութեան տարիներուն, երբ «ընկերային եւ կենսաբանական ժամացոյցներուն միջեւ բախումը կը սաստկանայ մեր կեանքին մէջ որեւէ ժամանակէ աւելի», ինչպէս կը գրեն ուսումնասիրողները:

Պատճառը այն է, որ արբունքի շրջանին պատանիի մը մարմնին ժամացոյցը կը կրէ փոփոխութիւններ, որոնք քնանալու ժամը կ՛երկարաձգեն մինչեւ ուշ գիշեր եւ կը դժուարացնեն ժամը 11:00-էն առաջ քնանալը:

Երբ դպրոցի ժամերը կանուխ են եւ պատանիի մը կենսաբանական ժամացոյցը փոփոխութիւններ կը կրէ, ան կը սկսի տառապիլ քունի տեւական պակասէ, ցած նիշեր կ՛արձանագրէ եւ կը դիմագրաւէ առողջական հարցեր:

Գիտնականները կը շեշտեն, թէ գոյութիւն ունին շարք մը ապացոյցներ, որոնք կը նշեն դպրոցի ժամերը պատանիներուն մարմնի ժամացոյցին հետ ներդաշնակելու բարիքները: Անոնք կ՛եզրակացնեն, որ մինչ ուսումնասիրութիւններ «տեւաբար» ցոյց կու տան, թէ առաւօտուն աւելի ուշ արթննալը կ՛օգնէ պատանիներուն, անդին` ոչ մէկ ապացոյց կայ, թէ դպրոցը կանուխ սկսիլը դրական ներգործութիւն կրնայ ունենալ աշակերտի մը առողջութեան վրայ կամ կրթական յաջողութեան մէջ:

Ուսումնասիրութիւնը կը նշէ Միացեալ Նահանգներու օդուժի ակադեմիային օրինակը, ուր դպրոցը ուշ ժամու սկսելու նոր քաղաքականութիւն մը կիրարկելէ ետք 18-19 տարեկան աշակերտներու նիշերը բարձրացած են:

 

 

Share this Article
CATEGORIES