Նոր Ժամանակներու Մէջ. Ուղեղը «Կրնայ Բառերը Դասաւորել Քնանալու Ժամանակ»

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

985sleepՈՒՂԵՂԻՆ ՎՐԱՅ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՑՈՅՑ ԿՈՒ ՏԱՆ, ԹԷ ԱՆԻԿԱ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԱՇԽԱՏԻԼ ՔՆԱՆԱԼՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿ: «ՊԻ.ՊԻ.ՍԻ.» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ, ԹԷ ԻՆՉՊԷ՛Ս:

Քէյմպրիճէն եւ Փարիզէն ուսումնասիրողներ բառերու քննութիւն մը կատարած են արթուն կամաւորներու վրայ, ապա ի յայտ բերած են, թէ անոնք կը շարունակեն ճիշդ պատասխաններ տալ քնանալու ժամանակ:

Քնացող ուղեղը կրնայ կատարել բարդ աշխատանքներ, մասնաւորաբար` մեքենական աշխատանքներ, կ՛ըսէ ուսումնասիրութիւնը:

Այժմ յաւելեալ ուսումնասիրութիւններ կեդրոնացած են քնանալու ժամերէն օգտուելու միջոցներ քննելու վրայ:

«Քարընթ Պայոլոճի» թերթին մէջ լոյս տեսած ուսումնասիրութիւնը կը նկարագրէ, թէ գիտնականներ ինչպէ՛ս քննած են ուղեղին վարուելակերպը` արթնութեան եւ քնանալու պահերուն:

Ուղեղին գործունէութիւնը արձանագրող եւ զայն գիծերով վերարտադրող ելեկտրական գործիքի մը (Էլեկտրոինսեֆալոկրամ- Ի.Ի. Ճ.) միջոցով անոնք արձանագրած են կամաւորներուն ուղեղին կատարած աշխատանքը, մինչ անոնց թելադրած են կոճակ մը սեղմելով` իրենց լսած բառերը դասաւորել իբրեւ անասուններ կամ իրեր:

Անգիտակից Վարուելակերպ

Կամաւորներուն թելադրուած է աջ ձեռքով կոճակ մը սեղմել անասուններու անուններ նշելու համար եւ ձախ ձեռքով` իրերու:

Ասիկա առիթ տուած է ուսումնասիրողներուն, որ հետեւին կամաւորներուն հակազդեցութիւններուն եւ բառերու իւրաքանչիւր դասաւորում առնչեն ուղեղին մէջ յատուկ շարժումի մը հետ:

Ապա կամաւորները առաջնորդուած են մութ սենեակ մը, ուր անոնց թելադրուած է քնանալ եւ մինչեւ քունի անցնիլը` շարունակել բառերը դասաւորելու աշխատանքը:

Քնանալէ ետք բառերու նոր ցանկ մը փորձարկուած է, որպէսզի ուղեղը նախ սկսի ճանչնալ բառերուն իմաստը, ապա զանոնք դասաւորէ` կոճակները սեղմելով:

Կամաւորներուն ուղեղին գործունէութիւնը ցոյց տուած է, թէ անոնք շարունակած են ճիշդ ձեւով հակազդել, թէեւ` աւելի դանդաղ:

Հակազդեցութիւնը տեղի ունեցած է, երբ կամաւորները ամբողջութեամբ անշարժ էին եւ անգիտակից:

Կոճակը Սեղմելու «Գինը»

Փարիզի «Էքոլ նորմալ սիւփերիէօր» հիմնարկէն Սիտ Քուիտեր, որ գլխաւորած է ուսումնասիրութիւնը, կ՛ըսէ. «Մենք կ՛ապացուցենք, թէ քնացող ուղեղը շատ աւելի «աշխուժ» է քնանալու ժամանակ, քան ինչ որ կը կարծէինք»:

«Ասիկա կը բացատրէ առօրեայ կեանքի կարգ մը փորձառութիւններ, ինչպէս` քնանալու ժամանակ մեր անունը լսելու կամ զարթուցիչ ժամացոյցին ձայնին նկատմամբ մեր զգայնութիւնը, բաղդատած` նոյնքան բարձր հնչող, սակայն նուազ մեզի առնչուող ձայներու», կ՛ըսէ Քուիտեր:

Ան նաեւ կը նշէ, թէ մարդիկ կրնան պարզ հաշիւներ կատարել քնանալու ժամանակ, ապա` մրափելու պահուն գիտնալ, թէ անոնք ճի՞շդ են, թէ՞ սխալ:

Որեւէ մեքենական աշխատանք կարելի է կատարել քնանալու ժամանակ, կ՛աւելցնէ ան: Սակայն այն աշխատանքները, որոնք կարելի չէ մեքենականացնել, կանգ կ՛առնեն, երբ կը քնանանք:

Ուսումնասիրողները կը նախատեսեն, որ իրենց յայտնաբերումները պիտի առաջնորդեն աւելի լաւ ճանչնալու քնացող ուղեղին գործընթացներ իրականացնելու կարողութիւնները:

«Քնանալու պահէն օգտուելու միջոցները պեղող ուսումնասիրութիւնները նկատի պիտի առնեն, թէ արդեօք ի՞նչ գին պիտի վճարուի օգուտը քաղելու համար (եթէ երբեք գին մը պիտի վճարուի), եւ թէ` արդեօք կ՛արժէ՞ վճարել զայն», կ՛ըսէ Քուիտեր:

 

Share this Article
CATEGORIES